Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ռիատի «Չափաւորականութեան» Թրքական Մեկնաբանումը

Նոյեմբեր 14, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներսէուտական իրադարձութիւնները, Լիբանանի վարչապետին Ռիատ կանչուիլն ու այնտեղէն հնչած յանկարծակի հրաժարականով Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը ստացած են ո՛չ միայն շրջանային, այլ նաեւ միջազգային հնչեղութիւն: Բացի այն իրողութենէն, որ այս նիւթերու մասին մեկնաբանական լրատուութիւնները արդէն քանի օրէ ի վեր կը զբաղեցնեն համաշխարհային լրատուամիջոցներու լուրերու առաջին հորիզոնականները, մէկ առ մէկ գերտէրութիւններու ներկայացուցիչները ստեղծուած ճգնաժամի շուտափոյթ լուծումի առաջադրանքը կը շեշտեն, հիմնականին մէջ գոնէ յայտարարողական մակարդակի վրայ զօրակցութիւն յայտնելով Լիբանանի պետութեան: Յայտարարութիւններու այս արշաւէն անմասն պիտի չմնար նաեւ Թուրքիոյ նախագահը, որ բառերու զգուշաւոր օգտագործումով նմանատիպ համահունչ յայտարարութիւն կատարեց` հեռաձայնային կապ հաստատելով Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին հետ:

Ընդամէնը օր մը առաջ սակայն, երբ տակաւին միջազգային արձագանգումներուն ալիքը չէր բարձրացած, Թուրքիոյ նախագահը ընկղմող խուսանաւում կատարեց` հարցի կիզակէտէն հեռացնելով ուշադրութիւնը Ռիատը քննադատութեան թիրախ դարձնելու աժան քարոզչական գործողութեամբ մը:

Այսպէս: Ան երկու օր առաջ  քննադատեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալմանի վերջերս ուղղած` Սէուտական Արաբիան «չափաւորական իսլամութեան» օրրան դարձնելու կոչը` զայն նկատելով Արեւմուտքի արտադրութիւնը: Այս յղացքի առարկայացման համար իբրեւ օրինակ Էրտողան կեդրոնացած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ  կիներու ինքնաշարժ վարելու արտօնութեան երեւոյթին վրայ:

Այժմ մտաբերել, թէ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած ներսէուտական իրադարձութիւններու ամէնէն թէժ պահուն, Թուրքիոյ նախագահը իբրեւ թէ պաշտօնական Ռիատը կը քննադատէ,  կտրուկ շեղումնային անցում կատարելով այլ հարցի, որ տեսքով կենցաղային-ընկերային խնդիր է. յամենայն դէպս չափաւորականութեան հասկացողութեան արծարծումին իւրովի մեկնաբանութիւն տալով, խորքին մէջ Էրտողանը թէ՛ քննադատած կ՛ըլլայ Ռիատը, թէ՛ շրջանցած կ՛ըլլայ հիմնական հարցը:

Այս խուսանաւումը  նաւարկելու շատ տեղ չունի եւ խորքին մէջ սուզուելու կամ աւելի ճիշդ շատ արագ ընկղմելու մատնուած է:

Տակաւին. կրկնակի իմաստ ունի չափաւորականութիւն հասկացողութեան իւրովի մեկնաբանումը այս պարագային: Չափաւորական իսլամութիւն եզրաբանութիւնը Արեւմուտքին վերագրելով` Էրտողան այս որակումի օգտագործումին դէմ կ՛արտայայտուի: Աւելի ճիշդը, անուղղակիօրէն կ՛ուրուագծէ նախաբան մը, որ ի վերջոյ կ՛ուզէ փոխանցել, թէ ներսէուտական փոփոխութիւնները ներշնչուած են Արեւմուտքէն: Այս յայտարարութիւնը կը թուի հաշուի առած ըլլալ Թեհրանի մօտեցումը:

Բայց ահա անմիջապէս շեղումը. չափաւորականութիւնը, որ այս պարագային քաղաքական նոր գործընթացներու զսպանակող մեկնարկի դեր ստանձնող ըլլալու նախադրեալները կը փոխանցէ, իր բացատրութեամբ կը կապուի ինքնաշարժ վարելու արտօնութեան:

Թափանցիկութիւն, ժողովրդավարացում, հակափտածութեան արշաւ, մարդկային իրաւունքներ, հակաահաբեկչական պայքար եւ նմանօրինակ անառարկելի կարգախօսներ այսօր հիմնովին կը ծառայեն աշխարհաքաղաքական ծրագիրներու կիրարկման համար հարթիչ գլանի բանեցման շղարշներ ապահովելու: Կը թուի, որ չափաւորական իսլամութիւնը նոր կարգախօսով տարածաշրջանին մէջ կացութիւններ ստեղծելու պիտի ծառայէ: Ասիկա իր հերթին:

Մանրադիտակի տակ այս պարագային պէտք է տեղադրել Մոսկուա-Թեհրան առանցքին հաշիւը կատարող Ռիատն ու Արեւմուտքը քննադատող բայց հիմնական իրադարձութիւններուն մասին գնահատական տալէ խուսափելու Անգարայի վարիչին ձախող խուսանաւումը: Այս գործընթացները կը թուին երկարատեւ ըլլալ, եւ Թուրքիոյ նախագահը Ռիատի չափաւորականութիւնը քննադատելու կենցաղային այլ օրինակներ պէտք է որոնէ:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղեց Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիին

Յաջորդը

Ատվոքաաթ Պիտի Լքէ Հոլանտայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?