«Արցախեան մշակոյթի պահպանման կենտրոն»-ը կը տեղեկացնէ, որ նոյեմբերին Վիեննայի մէջ նախատեսուած միջազգային փառատօնի կազմակերպութեան անդամակցող Արցախի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբի եւ «Մենք ենք մեր սարերը» երգի-պարի պետական համոյթի մասնակցութիւնը ջնջուած է: Կեդրոնին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի:
«Պաշտօնական հրաւէրի հիման վրայ համոյթները շուրջ երեք ամիս պատրաստուած են փառատօնին` մշակելով յատուկ ծրագիր:
21 հոկտեմբերին կազմակերպիչները յայտնած են մասնակցութեան ջնջման մասին: Ատոր յաջորդած նամակագրութեան ընթացքին Համաշխարհային փառատօներու միութեան (WOFA) նախագահ Զորան Ստրեզովսկի տեղեկացուցած է, որ դեսպանատունէն ստացուած գրութեան մէջ մեր մշակութային խումբերը ներկայացուած են իբրեւ «վտանգաւոր», եւ առաջարկուած է ջնջել անոնց մասնակցութեան հրաւէրը:
23 հոկտեմբերին ան լրացուցիչ պարզաբանած է, որ, իր փոխանցումով, քանի մը դեսպանատուներ միջամտած են` մեր համոյթներուն վերագրելով մեր երկրին մէջ «անջատողական գործունէութիւն» իրականացնելու մեղադրանք, եւ առաջարկած են զանոնք չհրաւիրել փառատօնին:
Մենք կտրականապէս կը մերժենք մեր արուեստագէտներուն վերագրուող այս մեղադրանքներն ու բնորոշումները:
2023-ին արցախահայութեան բռնի տեղահանումէն ետք մեր կազմակերպութեան առաքելութիւններէն դարձած է Արցախի մշակութային համոյթներու պահպանումը եւ անոնց մասնագիտական գործունէութեան շարունակականութեան ապահովումը: Այս համոյթները Արցախի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան կենդանի կրողներն են: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի` 2003-ի Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան համաձայնութիւնը կատարողական արուեստները կը ճանչնայ իբրեւ այդ ժառանգութեան հիմնական բնագաւառներէն մէկը:
2025-ին մեր արուեստագէտները յաջողութեամբ մասնակցած են Իտալիոյ մէջ CIOFF-ի միջազգային փառատօնային ծրագիրներուն` արժանանալով բարձր գնահատականի եւ պատուոյ գիրերու: CIOFF-ը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ պաշտօնական գործընկերութիւն ունեցող եւ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ոլորտին մէջ խորհրդատուական գործունէութիւն իրականացնելու համար հաւատարմագրուած կազմակերպութիւն է:
Արցախէն բռնի տեղահանուած արուեստագէտները արդէն զրկուած են իրենց բնական մշակութային միջավայրին մէջ ստեղծագործելու կարելիութենէն: Անոնց միջազգային մշակութային ձեռնարկներուն մասնակցութեան սահմանափակումը` քաղաքական բնոյթի մեղադրանքներու հիմքով, լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ մշակութային իրաւունքներու հաւանական խախտման առումով:
Արդեօ՞ք մշակութային ժառանգութեան պահպանումը կրնայ նկատուիլ անջատողական գործունէութիւն, իսկ այդ ժառանգութիւնը ներկայացնող արուեստագէտները` վտանգաւոր:
WOFA-ի նախագահէն պահանջած ենք յայտնել միջամտած դեսպանատուներու անուններն ու ներկայացուած մեղադրանքներու փաստական հիմքերը: Ան խոստացած է տրամադրել համապատասխան մանրամասնութիւններ, զորս տակաւին չենք ստացած:
Տեղի ունեցածին հանգամանքները պարզաբանելու եւ արցախցի արուեստագէտներու մշակութային իրաւունքներու պաշտպանութեան նպաստելու նպատակով արդէն դիմած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն: Հետեւողական պիտի ըլլանք այս հարցին մէջ` պահանջելով միջամտութեան հանգամանքներու ամբողջական բացայայտում եւ ներկայացուած մեղադրանքներու վերաբերեալ հիմնաւորուած պարզաբանում:


