ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը 26 հոկտեմբերին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ տեղեկացուց, որ գրասենեակը հրատարակութեան կը պատրաստէ ապօրինաբար Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի գործով մեղադրական եզրակացութեան եւ դատավճիռի` Տարօն Սիմոնեանի 15 մասերէ բաղկացած վերլուծութեան ժողովածուն, որուն կը յաջորդեն Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի եզրայանգումները, դիտարկումներն ու քաղաքական առաջնահերթութիւնները` հայ գերիներու ազատ արձակման հարցով:
Ժողովածուն կը ներառէ «Փաստինֆօ» լրատուական կայքի` 5-23 հոկտեմբեր 2026-ին հրապարակած 15 մասերէ բաղկացած շարքը, որ պատրաստուած է միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Տարօն Սիմոնեանի կողմէ: Շարքը «Փաստինֆօ»-ն հրապարակած է նաեւ անգլերէն եւ ռուսերէն, իսկ Free Armenian Prisoners կայքը զայն ամբողջութեամբ վերահրատարակած է հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն լեզուներով:
Յօդուածները կը վերահրատարակուին «Փաստինֆօ»-ի եւ հեղինակին` Տարօն Սիմոնեանի թոյլտուութեամբ` կայքին վրայ հրապարակուած տարբերակներու հիման վրայ: Անոնց հեղինակային եւ խմբագրական ձեւակերպումները, ներառեալ գնահատողական արտայայտութիւնները, կը պատկանին սկզբնական հրապարակումներուն: Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակին կողմէ պատրաստուած ներածութիւնը, եզրակացութիւնը եւ այլ նիւթերը ներկայացուած են առանձին բաժիններով: Բացառութեամբ «Փաստինֆօ»-ի մէջ հրապարակուած Տարօն Սիմոնեանի յօդուածներուն` սոյն փաստաթուղթի բովանդակութեան համար պատասխանատուութիւնը կը կրէ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը, կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Ըստ յայտարարութեան, Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը միջազգային լսարանին համար պատրաստած է նաեւ անգլերէն յատուկ զեկուցում, որ կ՛ամփոփէ գործի փաստերը, մեղադրական եզրակացութեան եւ դատավճիռի էջային յղումներով կը ներկայացնէ դատավճիռի ներքին հակասութիւնները, ինչպէս նաեւ միջազգային կառոյցներու գնահատականներն ու Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակին առաջարկները: Սոյն հայերէն ժողովածուն ոչ թէ կը կրկնէ, այլ կը լրացնէ այդ զեկուցումը` գործի փաստերը հասանելի դարձնելով հայալեզու հանրութեան Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:


