Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք 7 հոկտեմբեր 2023-էն ետք առաջինն են եւ որակուած են երկրի պատմութեան մէջ կարեւորագոյնը, ինչպէս նաեւ կը նկատուին Իսրայէլի գործող վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի իշխանութեան շուրջ հանրաքուէ մը:

Ըստ ոչ պաշտօնական աղբիւրներու, քուէարկողներուն մասնակցութեան համեմատութիւնը երեկոյեան ժամը 9:00-ի տուեալներով անցած էր 75 առ հարիւրը:

77 տարեկան Նեթանիահուն 19 տարուան տեւողութեամբ (ընդմիջումներով) ղեկավարած է Իսրայէլը:

Բազմաթիւ քուէարկողներու համար ընտրութիւնը առիթ մըն էր որոշելու, թէ երկիրը ո՛վ պիտի ղեկավարէ, ինչպէս նաեւ 7 հոկտեմբեր 2023-ին արձանագրուած ապահովական եւ հետախուզական ձախողութեան համար հաշուետուութիւն պահանջելու:

Նեթանիահուի գլխաւոր մրցակիցն էր նոր կազմուած «Եաշար» կուսակցութեան պետ, իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի նախկին պետ, 66-ամեայ Կատի Այզենքոթը, որ քաղաքականութեան մէջ նորելուկ մըն է, եւ հիմնական առաւելութիւնը` Նեթանիահուն չըլլալն է: Անոր զաւակը սպաննուեցաւ Կազայի մէջ բախումներուն ընթացքին:

Վարչապետի պաշտօնին համար այլ թեկնածուներ էին աջակողմեան Նաֆթալի Պենեթն ու Իսրայէլը մեր տունն է կուսակցութեան ղեկավար Աւիկտոր Լիպըրմանը, ինչպէս նաեւ ձախակողմեան Եայիր Կոլանը:

Մրցակիցները մեծամասնական կառավարութեան մը կազմութեան համար կարիքը ունին 120 աթոռներէ բաղկացած Քնեսեթին մէջ 61 աթոռներ ապահովելու:

Աննախադէպ կերպով, Իսրայէլի 70 քաղաքացիներ վերադարձած են քուէարկութեան մասնակցելու համար:

Երկրի ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը նշեց, որ երէկ առաւօտեան քանի մը ժամերուն ընթացքին մասնակցութեան համեմատութիւնը 45 տարիներու ընթացքին բարձրագոյնն էր:

Մինչ Այզենքոթ իսրայէլացիներուն կոչ ուղղեց` Իսրայէլի պատմութեան մէջ «յոռեգոյն կառավարութիւն»-ը տապալելու, Նեթանիահու յայտնեց. «Ձախի ճամբարի համակիրները մեծ թիւով քուէատուփեր կ՛ուղղուին, մինչ աջակողմեան ճամբարին մէջ անտարբերութիւն կը տիրէ»:

Իսրայէլի գործող ելեւմուտքի նախարար, ծայրայեղ աջակողմեան Պեցալել Սմոթրիչ իր կարգին իսրայէլացիներուն կոչ ուղղեց քուէարկելու եւ ձախակողմեան կառավարութեան մը իշխանութեան գալէն զգուշացուց:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ դանակով զինուած անձ մը մօտեցած է Ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, վարչապետի պաշտօնի ձախակողմեան թեկնածու Եայիր Կոլանի, սակայն անոր թիկնապահները յաջողած են կասկածելին զսպել:

Նախորդը

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

RelatedPosts

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
Ռիտայի. «Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ  Պետութիւններուն Հետ Համաձայնեցանք,  Թէ Շրջանի Անվտանգութիւնը  Իր Երկիրներուն Ճամբով Կը Հաստատուի»
Գլխաւոր լուրեր

Ռիտայի. «Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ Պետութիւններուն Հետ Համաձայնեցանք, Թէ Շրջանի Անվտանգութիւնը Իր Երկիրներուն Ճամբով Կը Հաստատուի»

October 28, 2026
Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.