Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շաբաթ առաւօտեան հասաւ Թրիփոլի, ուր տեղի սերային մէջ խօսք մը արտասանելով նշեց. «Քաղաք այցելութեանս նպատակը Թրիփոլիի զաւակներուն «պետութիւնը տեւաբար ձեր կողքին ներկայ է» ըսելու համար է»:

«Վստահութեան վերականգնման համար պէտք է քաղաքացիներուն ծառայութիւնները ապահովել, որովհետեւ մարդու արժանապատուութիւնը կը պահանջէ որ պետութիւնը անոր ծառայութիւններ մատուցէ, եւ բոլորին հասանելի ըլլայ: Վստահութիւնը այսպէս կը վերականգնենք», աւելցուց ան:

«Չկայ բարգաւաճում առանց անվտանգութեան, եւ այստեղ է ապահովական մարմիններուն քաղաքացիներուն անվտանգութեան ապահովման դերակատարութիւնը. մեր պարտականութիւնն է քաղաքացիին ծառայել», յայտնեց նախագահը:

«Թրիփոլին անտեսումէն շատ տառապեցաւ, եւ ժամանակն է ատոր վերջ տալու: Թրիփոլիի համար կան ծրագիրներ, որոնց բոլորին նպատակը շրջանի զաւակներուն գործի առիթներու ստեղծումն է», ըսաւ Աուն:

«Երբ ամուր կամքը ապահովուի, բոլոր խոչընդոտներն ու դժուարութինները կը չքանան: Կարեւորը քաղաքացիին շահը ամէն բանէ վեր դասելն է», շեշտեց հանրապետութեան նախագահը:

Նախագահը Թրիփոլիի մէջ այցելեց նաւահանգիստ եւ քաղաք իր այցելութեան աւարտին «Ռաշիտ Քարամէ» միջազգային ցուցասրահի կեդրոն, ուր խօսք մը արտասանեց «Թրիփոլիի հետ կը համախմբուինք» խորագիրին տակ:

«Լիբանան անցաւ դժուար տարիներէ, որոնց ընթացքին լիբանանցիները ապահովական, կայունութեան եւ տնտեսութեան բնագաւառներուն մէջ սուղ գին վճարեցին: Փորձառութիւնը ապացուցեց, թէ պառակտումը ոչ ոքի կը ծառայէ, եւ թէ պետութիւնը տկարացնելը որեւէ բաղադրիչի ուժ չի տրամադրեր, եւ հայրենիքը կրնայ ոտքի կանգնիլ միայն իր բոլոր զաւակներով», ըսաւ ան:

«Այսօր մեր պարտաւորութիւնն է սորվիլ անցեալի փորձառութիւններէն, Լիբանանը շատ դասել նեղ հաշիւներէն վեր եւ աշխատանք տանիլ մեր ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու, ոչ թէ նշանաբաններով միայն, այլ նաեւ գործունէութեամբ, արդարութեամբ եւ իրաւունքներու ու պարտաւորութիւններու մէջ հաւասարութեամբ», շեշտեց հանրապետութեան նախագահը:

«Չկայ բարգաւաճում առանց պետութեան, չկայ պետութիւն առանց գործօն հաստատութիւններու, եւ չկան հաստատութիւններ առանց օրէնքը յարգելու, թափանցիկութեան ու հաշուետուութեան», ըսաւ ան:

«Պետութիւնը իր զաւակներուն դէմ չէ, այլ անոնց երաշխաւորը: Անիկա չի պատկանիր որեւէ խումբի, համայնքի կամ խմբակցութեան, այլ կը պատկանի բոլոր լիբանանցիներուն եւ անոնց հասարակաց յենակէտն է», յայտնեց Աուն:

«Թրիփոլին հայրենիքի լուսանցքին վրայ գտնուող քաղաք մը չէ, այլ Լիբանանի պատմութեան, ներկային ու ապագային մէջ հիմնական քաղաք մը, եւ անոր զաւակները պետութեան կառուցման ու ազգային որոշումի մշակման մէջ ամբողջական գործընկերներ են: Ես Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի ժողովուրդին կ՛ըսեմ, թէ զարգացումը պետութեան կողմէ բարեհաճութիւն չէ, այլ քաղաքացիներու իրաւունք, եւ ոչ մէկ լիբանանցի պէտք է զգայ, որ զինք լքած են», աւելցուց ան:

«Թրիփոլին կրնայ մերձեցման, համագործակցութեան եւ ապագային նայելու բնորդ ըլլալ, եւ մաղթանքս է, որ մենք այս այցելութիւնը վերածենք պետութեան եւ քաղաքի բնակիչներուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման կարեւորագոյն փուլի», նշեց հանրապետութեան նախագահը:

«Այսօր ես Թրիփոլիի մէջ եմ` Թրիփոլիի նամակատուփին մէջ դնելու նամակ մը, թէ այս քաղաքը պատմութիւն է, գիտութիւն եւ հիւսիսի, ամբողջ հիւսիսի սիրտը», նշեց Աուն` աւելցնելով. «Ես հանրապետութեան նախագահն եմ, եւ իմ պարտականութիւնս է հաւասար հեռաւորութիւն պահպանել բոլոր լիբանանցիներէն եւ աշխատիլ այնպիսի Լիբանանի համար, որ բոլորը կը ներառէ»:

«Լիբանանը ո՛չ մէկ խումբով, ո՛չ մէկ շրջանով, ո՛չ ալ միայն մէկ համայնքով ոտքի կը կանգնի, այլ միայն երբ անոր ժողովուրդը միաւորուի պետութեան ծրագիրին շուրջ», յայտարարեց նախագահը:

«Բանակն ու ապահովական մարմինները ձեր որդիներն են, որոնք ձեզի համար զոհողութիւններ կը կատարեն դժուարագոյն պայմաններու մէջ», եզրափակեց Աուն` աւելցնելով. «Զրկանքներու, մեկուսացման եւ լուսանցքայնացման դարաշրջանը աւարտած է: Թրիփոլին մեր սրտին մէջ է»:

Նախորդը

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

RelatedPosts

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.