Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Մոհսեն Ռիտայի յայտարարեց, թէ Մեքքայի համաձայնագիրին մաս կազմող կողմերուն հետ «շատ լաւ բանակցութիւններ» տեղի ունեցած են:
Յիշեցնենք, թէ Մեքքայի միացեալ պաշտպանութեան համաձայնագիրի անդամ երեք պետութիւններու ներկայացուցիչները` Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարար Խալետ Պըն Սալմանը, փաքիստանեան բանակի հրամանատար Ասեմ Մունիրն ու թրքական հետախուզութեան պետ Իպրահիմ Քալընը երկուշաբթի օր Թեհրանի մէջ գումարեցին ժողով մը, որ Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին համաձայն, շրջանային անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը ամրապնդելու իրանեան նախաձեռնութեան մը ծիրին մէջ էր:
Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը ժողովէն ետք հաղորդեց, թէ ժողովին մասնակիցները համաձայնած են «քննարկումները շարունակելու` ամրապնդելու համար գործակցութիւնը, ներառեալ շրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ»:
Ժողովին մասնակից Ռիտայի Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մեր միջեւ շատ լաւ բանակցութիւններ տեղի ունեցան, եւ կը զգամ, թէ շրջանին մէջ նոր մթնոլորտ սկսաւ ձեւաւորուիլ: Պաշտօնատարներուն միջեւ քննարկումներուն ընթացքին շատ դրական մթնոլորտ նկատեցի»:
Ան յայտարարեց, որ Իրանը Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Փաքիստանի հետ համաձայնած է, որ շրջանի երկիրները իրենք ստանձնեն շրջանային ապահովութեան երաշխաւորումը, եւ ոչ թէ` արտաքին կողմեր:
«Յանգեցանք համաձայնութեան, թէ մեր ապրած շրջանի անվտանգութիւնը պէտք է իր մէջէն բխի, այսինքն` զայն ինքնին շրջանի պետութիւնները հաստատեն, եւ պէտք է այս շրջանին մէջ որեւէ տեսակի օտար միջամտութիւն արգիլենք», աւելցուց Ռիտայի:


