Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իսրայէլացիներուն դարձեալ կոչ ուղղեց այսօր տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն ընթացքին Իսրայէլի գործող վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին քուէարկելու:
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի Իրանի դէմ մղած պատերազմը «միասնաբար յաղթանակ արձանագրելու» օրինակ է:
Թրամփ խօսքը իսրայէլացիներուն ուղղելով յայտնեց. «Երբ քուէատուփ ուղղուիք, կը խնդրեմ յիշէք, թէ Պիպին (Պենիամին Նեթանիահուն, «Ա.») իւրայատուկ մարտունակ վարչապետ մըն էր»:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են, որ Նեթանիահուն վերջին օրերուն աւելի յաճախ դիմած է Միացեալ Նահանգներու նախագահին` խնդրելով աւելի մեծ հրապարակային աջակցութիւն ցուցաբերել իր նախընտրական արշաւին:
Ամերիկեան աղբիւրը կայքին յայտնած է, որ Նեթանիահուն վերջին երեք օրերուն ընթացքին երկու անգամ խօսած է Թրամփի հետ եւ անկէ խնդրած կրկնապատկել «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ իրեն աջակցութիւն արտայայտող հրապարակումներու թիւը:
Ամերիկեան կայքի զրուցակիցին համաձայն, Նեթանիահու նոյնիսկ առաջարկած է աջակցող լրացուցիչ յայտարարութիւններու ձեւակերպումներ:
Աղբիւրները աւելցուցած են, որ Սպիտակ տունը Նեթանիահուի յարձակողական լոպիինկը կը դիտարկէ իբրեւ «յուսահատութեան նշան» եւ իբրեւ ցուցանիշ, թէ Իսրայէլի գործող վարչապետը, իր իսկ գնահատումով, նախընտրական պայքարին մէջ ետ կը մնայ:
Իսրայէլեան աղբիւր մը «Աքսիոս»-ին յայտնած է, որ Իսրայէլի վարչապետը Սպիտակ տան ղեկավարին առաջարկած է իսրայէլացի լրագրողներու հետ հեռաձայնային զրոյցներ կատարել` իր նկատմամբ հետագայ աջակցութիւն արտայայտելու համար:
Նեթանիահուի «Լիքուտ» կուսակցութեան մամլոյ քարտուղար Նեթա Մոլխոն հերքած է այն տեղեկութիւնը, թէ վարչապետը Թրամփէն խնդրած է իր նախընտրական արշաւին աջակցիլ «վերջին օրերուն կամ մինչեւ անոր հաւանութեան մասին յայտարարութիւնը»:
Թրամփ նախապէս յայտարարած էր, որ կ՛ուզէր խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ Նեթանիահուի յաղթանակը տեսնել:
«Ան ճիշդ այն գործընկերն է, որ Միացեալ Նահանգներուն անհաժեշտ է Իսրայէլի մէջ, երկրի մը մէջ, որուն համար մենք շատ բան ըրած ենք», ան գրած է «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ:
Թրամփ յիշեցուցած է, որ Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներու հետ Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւն կատարած է, եւ իր կարծիքով` եթէ Նեթանիահուի տեղ մէկ այլ ղեկավար յայտնուէր, նման քայլերու չէր համաձայներ:
Նշենք, որ այսօր Իսրայէլի մէջ տեղի պիտի ունենան Քնեսեթի ընտրութիւնները, որոնց հիմամբ պիտի ճշդուի երկրի յաջորդ վարչապետը:


