Գլխաւոր լուրեր

Ֆրանսայի Նախագահը Կ՛այցելէ Ռիատ

Ֆրանսայի Նախագահը Կ՛այցելէ Ռիատ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն անակնկալ այցելութիւն կու տայ Ռիատ` քննարկելու համար Լիբանանի եւ Եմէնի հարցերը: Մաքրոն հինգշաբթի օր կը գտնուէր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր յայտարարեց, որ երկու ժամուան համար պիտի մեկնի Ռիատ հանդիպում ունենալու Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալմանի հետ եւ «շեշտելու Լիբանանի կայունութեան եւ միութեան կարեւորութիւնը»: «Մաղթանքս է, որ լիբանանցի բոլոր քաղաքական պաշտօնատարները ազատօրէն ապրին Լիբանանի մէջ...ինչ որ...

Մոլտովայի Նախագահը Պաշտօնական  Այցելութեամբ Երեւան Կը Գտնուի

Մոլտովայի Նախագահը Պաշտօնական Այցելութեամբ Երեւան Կը Գտնուի

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով պաշտօնական այցելութեամբ երէկ իր կնոջ հետ Հայաստանի Հանրապետութիւն հասած է Մոլտովայի Հանրապետութեան նախագահ Իկոր Տոտոն: Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու տիկին Ռիթա Սարգսեանը դիմաւորած են նախագահ Իկոր Տոտոնը եւ տիկին Կալինա Տոտոնը: Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի ունեցած է նախագահներու  առանձնազրոյցը: Ողջունելով գործընկերը Հայաստանի մէջ` Սարգսեան նշած է, որ Մոլտովայի նախագահը ցանկալի հիւր...

Զինուորական Ծառայութեան Նոր Օրինագիծին Դէմ  Բողոքող Ուսանողները Վարչապետին Հետ  Չհամաձայնեցան. Դասադուլը Պիտի Շարունակուի

Զինուորական Ծառայութեան Նոր Օրինագիծին Դէմ Բողոքող Ուսանողները Վարչապետին Հետ Չհամաձայնեցան. Դասադուլը Պիտի Շարունակուի

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ ընդունած է կառավարութեան շէնքին առջեւ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինուորի կարգավիճակի մասին» օրինագիծին դէմ բողոքի ցոյց իրականացնող ուսանողներու  ներկայացուցիչները: Հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան: Ուսանողներէն Դաւիթ Պետրոսեան հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ իրենք նախապէս այդպէս չէին պայմանաւորուած  հանդիպումի ձեւաչափին մասին. նախապէս պայմանաւորուածութիւնը եղած է...

Հայաստանն Ու Դանիան Կը Դիւրացնեն  Մուտքի Արտօնագիրի Տրամադրումը

Հայաստանն Ու Դանիան Կը Դիւրացնեն Մուտքի Արտօնագիրի Տրամադրումը

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Դանիոյ միջեւ մուտքի արտօնագիրի տրամադրումը դիւրացնելու մասին» համաձայնագիրի կնքման առաջարկին: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան նշեց, որ համաձայնագիրով էապէս կը դիւրանայ Հայաստանի քաղաքացիներուն  համար Դանիա մուտքի արտօնագիրի ստացումը: «Հայաստանի քաղաքացիները պիտի կարենան 180 օրուան ընթացքին մինչեւ 90 օր մնալ Դանիոյ մէջ եւ շենկենեան գօտիի այլ երկիրներու տարածքին: Դիւրացումը կը...

ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէ.  Ընթրիք-Հանդիպում` Հայաշէնի Ժողովրդային Տան Մէջ

ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէ. Ընթրիք-Հանդիպում` Հայաշէնի Ժողովրդային Տան Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէին, երէկ` հինգշաբթի, 9 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Հայաշէնի ակումբին «Սեդրակ Աճեմեան»  սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք-հանդիպում մը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Համբիկ Միսաքեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ ըսաւ, որ հաւաքին նպատակը նախապատրաստութիւնն է յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որոնք պիտի...

Նախագահ Սարգսեան. «Մինչեւ 2040 Հայաստանի  Հանրապետութեան Բնակչութիւնը 4 Միլիոնի  Հասցնելու Համազգային Նպատակը  Դժուար, Բայց Իրականանալի Խնդիր Է»

Նախագահ Սարգսեան. «Մինչեւ 2040 Հայաստանի Հանրապետութեան Բնակչութիւնը 4 Միլիոնի Հասցնելու Համազգային Նպատակը Դժուար, Բայց Իրականանալի Խնդիր Է»

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ կազմակերպած էր հանրապետութեան ժողովրդագրական խնդիրներուն նուիրուած խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցած են վարչապետը, փոխվարչապետը, նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը, Ազգային ժողովի  առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահը, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, առողջապահութեան, տարածքային կառավարման եւ զարգացման, գիւղատնտեսութեան, ելեւմտական, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու, սփիւռքի նախարարները, արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը, նախագահի աշխատակազմի պաշտօնեաներ: Խորհրդակցութեան ընթացքին ըստ բնագաւառներու ներկայացուած եւ քննարկուած են...

Լոս Անճելըսի Քաղաքապետը  Կը Ծրագրէ Արցախ Եւ Հայաստան Այցելել

Լոս Անճելըսի Քաղաքապետը Կը Ծրագրէ Արցախ Եւ Հայաստան Այցելել

Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի կը ծրագրէ այցելել Հայաստան եւ Արցախ: Այցելութեան ընթացքին ան մտադիր է քննարկել Հայաստանի եւ Լոս Անճելըսի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան եւ մշակութային փոխանակման կարելիութիւնները: Ան այս մասին խօսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան թեւի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին: Քաղաքապետն ու Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները քննարկած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր, ինչպէս նաեւ հայկական...

Վարչապետին Ներկայացուած Է Մեղրիի  Ազատ Տնտեսական Գօտիի Ստեղծման Աշխատանքներուն Ընթացքը

Վարչապետին Ներկայացուած Է Մեղրիի Ազատ Տնտեսական Գօտիի Ստեղծման Աշխատանքներուն Ընթացքը

Երէկ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են Մեղրիի մէջ Ազատ տնտեսական գօտիի ստեղծման աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր: Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան վարչապետին զեկուցած է աշխատանքներու կատարման ընթացքին մասին, ներկայացուցած է  իրականացուող միջոցառումները: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան, ընդգծելով ծրագիրին կարեւորութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան զարգացման համար, յանձնարարած է շարունակել ուշադրութեան կեդրոն պահել Ազատ...

Թուրքիա Տեսադիտարկման Սարքեր Տեղադրած Է  Հայաստանի Հետ Սահմանին Վրայ

Թուրքիա Տեսադիտարկման Սարքեր Տեղադրած Է Հայաստանի Հետ Սահմանին Վրայ

Թուրքիա տեսադիտարկման սարքեր տեղադրած է Հայաստանի հետ սահմանին վրայ: Տեսախցիկները տեղադրած է Թուրքիոյ Կարսի շրջանի տեղական ինքնակառավարման մարմինը` սահմանին միշտ հսկելու նպատակով, կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»-ը` վկայակոչելով «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Սահմանագիծի երկայնքին տեսախցիկներու տեղադրման եւ ամրակայման աշխատանքները աւարտած են: Տեսախցիկներու փորձարկումները կը շարունակուին: 2.800 միլիոն թրքական լիրա արժողութեամբ տեսախցիկներու տեղադրման նախագիծը, որ ուղղուած է Կարսի մէջ սահմանագիծին հսկելուն, պիտի կասեցնէ որոշ...

Ակնարկ. Տարածաշրջանյին Նորագոյն Զարգացումներ. Հայկական Դիտակէտեր

Ներսէուտական մագլցողականութեամբ յատկանշուող իրադարձութիւնները, եմէնական դիրքերէ դէպի Ռիատ կատարուած հրթիռակոծումը, Լիբանանի վարչապետին յանկարծակի հրաժարականի յայտարարութեան մէջ աննախադէպ հակաիրանական հռետորաբանութեան օգտագործումը տարածաշրջանին մակարդակով նոր օրակարգի հասունացման մասին ընդգծումներ տեսանելի կը դարձնեն: Եթէ նաեւ անմիջապէս մտաբերենք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմի վերջին փուլի անցումին առընթեր Միացեալ Նահանգներու կատարած վերյիշեցումը` Հըզպալլայի երեւոյթին նկատմամբ վերաբերում ճշդելու անհրաժեշտութեան հրապարակումը, կը սկսինք տեսանելի նկատել սիւննի-շիի լարուածութեան նոր հարթութեան...

Նախագահ Սարգսեան. «Եւրոպական Խորհուրդը  Հայաստանի Մէջ Բարեփոխումներու Իրականացման  Հարցով Կարեւոր Գործընկեր Է»

Նախագահ Սարգսեան. «Եւրոպական Խորհուրդը Հայաստանի Մէջ Բարեփոխումներու Իրականացման Հարցով Կարեւոր Գործընկեր Է»

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) դիտարկումի  յանձնախումբի Հայաստանի վերաբերեալ համազեկուցողներ Ալան Միլը եւ Ճուզեփփէ Կալաթինը: Ողջունելով հիւրերը` հանրապետութեան նախագահը Հայաստանի մէջ  ժողովրդավարութեան ամրապնդման տեսանկիւնէն կարեւոր նկատած է ԵԽԽՎ դիտարկումի հոլովոյթը եւ ընդգծած, որ Եւրոպական խորհուրդին հետ համագործակցութիւնը, որուն շնորհիւ վերջին տարիներուն բաւական յառաջընթաց արձանագրուած է մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան մարզերուն մէջ, կը...

Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը  Կը Դատապարտէ Օսման Քաւալայի Ձերբակալութիւնը

Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը Կը Դատապարտէ Օսման Քաւալայի Ձերբակալութիւնը

Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը խորապէս մտահոգուած է Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու պաշտպան, մտաւորական Օսման Քաւալայի հարցով, որ 18 հոկտեմբերի առաւօտեան Պոլսոյ օդակայանին մէջ ձերբակալուած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ: Քաւալա Թուրքիոյ մէջ գործող մտաւորականութեան տիրական դէմքերէն մէկն է, որ Թուրքիոյ մէջ խաղաղութեան, այնտեղ ապրող ազգերու միջեւ մշակութային յարաբերութիւններու զարգացման, երկխօսութեան ջատագով է: Ան 24 ապրիլ 2016-ին այցելած է Հայաստան` յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց...

Նախագահին Հետ Հանդիպումէն Ետք.  Բագրատունի. «Տագնապը Երկարատեւ Պիտի Չըլլայ»

Նախագահին Հետ Հանդիպումէն Ետք. Բագրատունի. «Տագնապը Երկարատեւ Պիտի Չըլլայ»

Լիբանանեան քաղաքական ղեկավարներու հետ հանրապետութեան նախագահի նախաձեռնած հանդիպումներու ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ յետմիջօրէին այցելեց նախագահական պալատ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ հանդիպելէ ետք Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ներկայիս համբերատար զգուշաւորութիւնը տիրական է, որովհետեւ նման հարցեր ժամանակի կը կարօտին: «Տագնապը քաղաքական է, եւ մենք կարիքը ունինք իմանալու վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին իսկական պատճառները»,...

Հաղորդագրութիւն Թիւ 19

Հաղորդագրութիւն Թիւ 19

Ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպ քաղաքին  ապահովական պայմաններուն բարելաւուելէն ետք, Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը որոշեց գործադրութեան դնել պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով վնասուած կարիքաւոր հալէպահայերու գործարաններուն նորոգութեան ծրագիրը: Այս ծրագիրին գործադրութեան մեծապէս նպաստեցին Լոս Անճելըսի մէջ գործող Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինը (SARF) եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղը: Արդ, նշեալ կողմերուն կը յայտնենք մեր երախտագիտական ու շնորհակալական զգացումները եւ կը մաղթենք,...

Խմբագրական.  Լիբանանահայ Ցանցային Աշխարհը`  20 Նոյեմբերին Ընդառաջ

Խմբագրական. Լիբանանահայ Ցանցային Աշխարհը` 20 Նոյեմբերին Ընդառաջ

Վարչապետ Հարիրիի հրաժարականը յանկարծակիութեան գործօնով անակնկալի բերաւ ո՛չ միայն լիբանանեան պետական-քաղաքական-հասարակական դաշտը, այլ նաեւ շրջանային թէ միջազգային մակարդակի վրայ տարատեսակ վերլուծումներու առաջնորդող մեկնաբանութիւններու դուռ բացաւ: Յառաջիկայ օրերը աւելի լոյս կը սփռեն առնուած քայլին բուն դրդապատճառներուն վրայ եւ այդ առումով աճապարանքով բացարձակ հաստատումներու, ուղղակի վերագրումներու եւ ամրագրուող եզրայանգումներու պէտք չէ տեղի տալ: Լիբանանեան մակարդակի վրայ կան նախադրեալներ` չխախտելու համալիբանանեան ընդհանուր համաձայնական...

Միացեալ Նահանգներու Ինտիանա  Նահանգը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Ինտիանա Նահանգը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Ինտիանա նահանգի նահանգապետ Էրիք Հոլքոմպը կատարած է յատուկ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը յիշէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ յոյներու եւ ասորիներու համակարգուած ոչնչացումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր Մետիա»-ն: Նահանգապետ Հոլքոմպ կոչ ուղղած է Ինտիանայի քաղաքացիներուն յիշատակելու այդ իրադարձութիւնը, իսկ 6-էն 12 նոյեմբերը յայտարարած է հայկական հարցերու շուրջ տեղեկացուածութեան շաբաթ: Նահանգապետին յայտարարութիւնը ողջունած...

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւնները Եւ ՀՅԴ-ի Յաղթած Թեկնածուները

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւնները Եւ ՀՅԴ-ի Յաղթած Թեկնածուները

5 նոյեմբերին Հայաստանի 69 համայնքներու մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ տեղի ունեցած են: Համայնքի ղեկավարի 135 թեկնածուներէն 56-ը անկուսակցական են, 67-ը` Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան, 6-ը` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, 4-ը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, 1-ը` Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան եւ 1-ը Համերաշխութիւն կուսակցութեան անդամներ էին: Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, հանրապետութեան 69 համայնքներուն մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու քուէարկութեան մասնակիցներուն...

Ասիական Զարգացման Դրամատունը Պիտի Աւելցնէ Հայաստանին Տրամադրած  Նիւթական Միջոցները

Ասիական Զարգացման Դրամատունը Պիտի Աւելցնէ Հայաստանին Տրամադրած Նիւթական Միջոցները

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 6 նոյեմբերին ընդունած է Ասիական զարգացման դրամատան փոխնախագահ Վենքայի Ժենքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Նշելով, որ դրամատունը Հայաստանի կառավարութեան կարեւորագոյն գործընկերներէն է` վարչապետը ընդգծած է, որ նախորդ տարիներուն անիկա Հայաստանի մէջ գործադրած է 25 մեծ ծրագիրներ, որոնց մէջ ներառուած է նաեւ սեփական մարզը: Կարէն Կարապետեան կարեւոր նկատած է ենթակառոյցներու բնագաւառին մէջ ծրագիրներու իրականացումը, մասնաւորաբար` Հիւսիս-հարաւ միջանցքի, Վանաձոր-Ալավերդի-Վրաստանի սահման...

Պըրրի Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Աունի Կեցուածքին`  Չընդունելու Հարիրիի Հրաժարականը

Պըրրի Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Աունի Կեցուածքին` Չընդունելու Հարիրիի Հրաժարականը

Սապհան. «Լիբանանի Կառավարութիւնը Պիտի Նկատենք Պատերազմի Յայտարարութեան Կառավարութիւն` Հըզպալլայի Պատճառով» Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձին շուրջ անորոշութիւնը կը յամենայ, եւ քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերը կը պահեն իրենց զսպուածութիւնը` առանց իրարու հասցէին ցեխարձակումներ կատարելու ու մթնոլորտը ելեկտրականացնելու: Ռիատի մէջ Հարիրիի պատանդ դառնալու կասկածները իրենց կարգին կը մնան գերակշիռ, հաւանաբար նաեւ այդ պատճառով, երէկ կէսօրին Հարիրի, որուն մտերիմները հաստատեցին, որ հեռաձայնային...

Ֆրանսայի Նախագահին Նամակը Ուղղուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Ֆրանսայի Նախագահին Նամակը Ուղղուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նամակ մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն։ Պրն. Նախագահը առաջին հերթին կը վստահեցնէ, որ Ֆրանսան «միջազգային իր դաշնակիցներուն հետ պիտի շարունակէ աշխատիլ ի խնդիր խաղաղութեան եւ ապահովութեան, յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս, պահպանելով ցեղային ու կրօնական զանազանութիւնը եւ ինքնութիւնը, որ շրջանի իւրայատուկ յատկանիշներէն մէկը կը հանդիսանայ։ Ֆրանսան նաեւ պիտի շարունակէ պայքարիլ ծայրայեղութեան դէմ՝ պաշտպանելով ցեղային...

Page 596 of 796 1 … 595 596 597 … 796

Արխիւներ