Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Յանձնախումբը Նեցուկ Կը Կանգնի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Ընտրութեան Մասնակցող Քեւըն Տէ Լէոնին

Յունուար 12, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը որոշած է նեցուկ կանգնիլ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի նախագահի պաշտօնակատար Քեւըն տէ Լէոնին, որ 18 հոկտեմբերին պաշտօնապէս յայտարարած էր, թէ պիտի մասնակցի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ընտրապայքարին` դէմ գալով 1992-էն ի վեր նահանգը Ծերակոյտին մէջ ներկայացնող Տայէն Ֆայնսթայնին:

«Իր քաղաքական ասպարէզին ընթացքին, Քեւըն տէ Լէոն փաստած է, թէ հայ համայնքին իսկական բարեկամ մըն է` զօրակցելով մեր շարք մը նախաձեռնութիւններուն եւ լրջօրէն անսալով մեր մտահոգութիւններուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան` միաժամանակ յիշեցնելով, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը իր 2014-ի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին «Տարուան օրէնսդիրը» մրցանակը շնորհած էր տէ Լէոնին:

Օրէնսդիրը իրեն համար մեծ պատիւ որակած է Հայ դատի յանձնախումբին ցուցաբերած զօրակցութիւնը` նշելով, որ երկար տարիներէ ի վեր Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմիններուն մօտ ներկայացուցած է հազարաւոր հայեր, որոնք կ՛ապրին իր ընտրաշրջաններուն մէջ, որոնց մէջ կ՛իյնայ նաեւ Փոքրիկ Հայաստան շրջանը. ան յիշեցուցած է, որ անդամ է նաեւ Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիրներու հայկական համախմբումին:

Ծերակոյտի ընտրութեանց մասնակցելու որոշումը բացատրելով` Քեւըն տէ Լէոն օրին յայտնած էր, թէ յատկապէս քաղաքական ներկայ մթնոլորտին մէջ, երբ երկիրը կը դիմագրաւէ աննախընթաց դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ, անհրաժեշտ են նոր գաղափարներ եւ առոյգ ղեկավարներ:

Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի եւ ապա Ծերակոյտի անդամակցութեան տարիներուն, տէ Լէոն ամէն տարի, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերը ջատագովելու կողքին` կենսական դերակատարութիւն ունեցած է Ամերիկահայութեան թանգարանին համար 3 միլիոն տոլարի աջակցութիւն ապահովելուն մէջ, ինչպէս նաեւ նահանգային վարժարաններուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրի ընդարձակման պայմանը պարունակող կրթական 10 միլիոն տոլարի բանաձեւի վաւերացման ջանքերուն մէջ:

Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցած բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու ջանքերուն կողքին, ան նաեւ օժանդակութիւններ ապահոված է ՀՕՄ-ի Ընկերային ծառայութեան Հոլիվուտի գրասենեակին, իրականացուցած է թիւ 101 ազատուղիին վրայ Փոքրիկ Հայաստանի ելքերը ծանուցող ցուցանակներու տեղադրումը, իսկ Հոլիվուտի «Համբաւի ճեմուղի»-ին վրայ աշխարհահռչակ երգիչ, դերասան եւ բարերար Շարլ Ազնաւուրի նուիրուած աստղի մը զետեղումը կարելի դարձուցած է:

Ան Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ ընտրուած էր 2010-ին:

 

Նախորդը

Շարմազանով. «Նախագահի Պաշտօնին ՀՀԿ-ն Պիտի Ներկայացնէ Լուրջ Կենսագրութիւն Եւ Հեղինակութիւն Ունեցող Թեկնածու»

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Պէտք Է Կիրարկել Ոչ Թէ «Ցեղասպան Գործողութիւններ, Այլ «Ցեղասպանութիւն» Եզրը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?