Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նաթալինի Այցելեց Ծիծեռնակաբերդ. «Յուզուած Եմ Ձեր Ուժէն»

January 10, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան կը գտնուի Պրազիլի Կանաչներու կուսակցութիւնը ներկայացնող, Երեւանի քոյր-քաղաք Սան Փաուլոյի աւագանիի անդամ Ճիլպերթօ Թոնոս Նաթալինին: Անոր կ՛ընկերակցի Պրազիլի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գէորգ Զատիկեանը:

Տեղեկացնենք, որ Նաթալինի աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ Հայ դատի աշխատանքներուն ուղղութեամբ: Ան կը պաշտպանէ նաեւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը:

Նաթալինի 7 յունուարէն Հայաստան կը գտնուի ՀՅԴ-ի հրաւէրով: Նշենք նաեւ, որ ան այս տարի պիտի մասնակցի Պրազիլի  խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Նաթալինի հանդիպում ունեցած է Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հետ: «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ան յայտնեց, թէ քանի որ Երեւանն ու Սան Փաուլոն քոյր-քաղաքներ են, շարք մը  համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հետ: «Քաղաքապետին հետ խօսուած է երկու քաղաքներու փոխադարձ աշխատանքներուն մասին: Նոյնիսկ  պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ Սան Փաուլոյի քաղաքապետը այցելէ Երեւան` քաղաքի 2800-ամեակին մասնակցելու», ըսաւ Նաթալինի:

Ան նշեց, որ քաղաքապետին հետ հանդիպումին ընթացքին թէեւ խօսուած է տարբեր նիւթերու մասին, բայց ամէնէն կարեւորը այն է, որ աւելի մօտեցնեն Սան Փաուլոն Երեւանի, ինչու ոչ` նաեւ Արցախի հետ, ընդ որում` ո՛չ միայն մշակութային իմաստով, այլ նաեւ` քաղաքական:

Երէկ Նաթալինի այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած անմեղ զոհերու յիշատակին, այցելած է  նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարան: «Շատ յուզուած եմ: Ես ծանօթ եմ ձեր պատմութեան եւ հիմա շատ յուզուած եմ, որ կրցայ անմեղ զոհերու  յիշատակի դամբարանին մօտ ծաղիկներ դնել», ըսաւ ան:

Ըստ Նաթալինիի, իրեն ամէնէն շատը յուզած է այն, որ հայերը շատ կարեւորութիւն կու տան իրենց արմատներուն, անցեալին եւ ներկային: «Դուք կարեւորութիւն կու տաք անցեալին` պաշտպանելով երկու կողմերը` արդիականը եւ արմատները: Այդ ձեւով կրնաք պատմութիւն  պաշտպանել, եւ ես յուզուած եմ ձեր այդ ուժէն», շեշտեց ան:

Նաթալինի նշեց, որ այն, ինչ որ տեսած է Սան Փաուլոյի հայ գաղութին մէջ, կրնայ փաստել, որ այստեղ ալ հայերը նոյն մաքուր ազգն են: «Նոյն մաքուր, աշխատասէր ազգն էք. ինչ որ կը կարծէի, որ էք, այստեղ կրցայ  աւելի պարզօրէն նկատել եւ հաստատել», ըսաւ ան:

Նաթալինի նաեւ տեղեկացուց, որ 5-էն 7 յունուարին եռօրեայ այցելութեամբ եղած է Արցախ: «Շատ տպաւորուած եմ Արցախով: Այնտեղ հայերուն հետ միասին նշեցի Ս. Ծնունդը, եղայ Շուշի եւ  Գանձասար: Ուրախ եւ ոգեւորուած եմ Արցախ այցելելէ ետք», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Մուրատ Փափազեան. «Բնական Չէր, Որ Մաքրոն – Էրտողան Հանդիպումին Չքննարկուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը, Մենք Կը Դատապարտենք Ատիկա»

Յաջորդը

Նալբանդեան-Մամետեարով Հանդիպում` Յունուարի Կիսուն

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.