Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուրատ Փափազեան. «Բնական Չէր, Որ Մաքրոն – Էրտողան Հանդիպումին Չքննարկուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը, Մենք Կը Դատապարտենք Ատիկա»

January 10, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի Հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումէն առաջ եւ յետոյ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին ուղղուած յայտարարութիւններով հանդէս եկած էր: «Թերթ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Ֆրանսայի Հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեանը յայտնեց, որ իրենց յայտարարութեան մէջ նշած  էին, թէ դէմ չեն, որ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ հանդիպումներ ըլլան, բայց երբ Ֆրանսայի պէս երկիր մը կ՛ընդունի Թուրքիոյ` այդ ալ Էրտողանի պէս նախագահ մը, Ֆրանսան պէտք է իր խօսքը յստակօրէն ըսէ:

«Ֆրանսան ու Թուրքիան դաշնակից երկիրներ են, կան քանի մը հարցեր` անվտանգութեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ այլն, եւ բնական է, որ Ֆրանսան այս ուղղութիւններով համագործակցի Թուրքիոյ հետ: Ասիկա յստակ է, եւ հակառակը ոեւէ մէկը չի կրնար ըսել: Ֆրանսայի նախագահը Էրտողանի հետ հանդիպումին բարձրաձայնեց մաքսային իրաւական հարցերու, բանտարկուած լրագրողներու, Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու անկարելիութեան հարցերը: Բայց ան չանդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան, Կիպրոսի եւ քիւրտերու հարցերուն: Մենք դատապարտեցինք եւ կը դատապարտենք ատիկա, որովհետեւ ատիկա բնական չէր: Իր պարտականութիւնն էր ատիկա, որովհետեւ Ֆրանսան, որպէս ժողովրդավարական երկիր, որպէս օրինակ, Եւրոպայի մէջ առաջնորդ պետութիւն` պէտք է միշտ իր խօսքը ըսէ այդպիսի երկիրներու ղեկավարներուն», ըսաւ ան:

Մուրատ Փափազեանը համաձայն գտնուեցաւ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի համար կարեւոր են այլ երկիրներու հետ տնտեսական յարաբերութիւնները: Ան մատնանշեց, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կարեւոր շուկայ են Ֆրանսայի համար: «Մենք նաեւ մեր` Մաքրոնին ուղղուած յայտարարութեան մէջ դատապարտեցինք, որ պէտք չէր հանդիպումի առաջին իսկ պահին ստորագրէին ռազմական համագործակցութեան պայմանագրեր: Մենք վտանգուած ենք, որովհետեւ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը թշնամական քաղաքականութիւն կը վարեն: Օլանտի նախագահութեան օրերուն նման խնդիրներ չկային: Մենք աշխատանք տարած ենք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, Հայ դատի, Արցախի ճանաչման հարցերու ուղղութեամբ: Հիմա ալ մենք պէտք է աշխատինք, դժուար ըլլալու է, բայց պէտք է աշխատինք», ըսաւ ան:

Ըստ ֆրանսահայ գործիչին, դժուար ըլլալու է ներկայիս նախագահ Ֆրանսուա Մաքրոնի հետ աշխատիլը, բայց պէտք է, որ Հայաստանն ալ Ֆրանսայի համար կարեւոր երկիր ըլլայ: «Հայաստանը փոքր երկիր է, բայց կրնայ հանգրուան ըլլալ այլ երկիրներու ընկերութիւններու համար», ըսաւ ան:

Մուրատ Փափազեանը, որպէս Ֆրանսան հետաքրքրող բան, մատնանշեց Հայաստանի մէջ այս տարի սպասուող իրադարձութիւնները: «Այս տարի առաջին հանրապետութեան 100-ամեակն  է: Այստեղ ներկայ ըլլալու է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը: Պատմական նախաձեռնութիւն է, եւ պէտք է, որ յաջողինք», ըսաւ ան:

Երկրորդ, Ֆրանսան հետաքրքրող ձեռնարկը, ըստ Մուրատ Փափազեանի, հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ Ֆրանսախօսութեան նուիրուած ձեռնարկներն են, որոնց մասնակցելու է անձամբ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը:

«Այս տարի նախաձեռնութիւններ պէտք է ըլլան, որպէսզի Հայաստանը արժեւորուի: Ատիկա շատ կարեւոր, պատմական  ըլլալու է, եթէ յաջողութիւն արձանագրենք: Բայց կրկին հարց կայ, եւ բոլորս պէտք է գիտակցինք, թէ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կը տեսնեն, որ հայկական սփիւռքը յաջողած է Ֆրանսայի մէջ ունենալ ամենաբարձր մակարդակներու վրայ իր կապերը, եւ գուցէ ատոր դէմ քայլեր ձեռնարկեն: Չկայ ուրիշ երկիր մը, որուն նախագահը կու գայ մասնակցելու հայութեան կազմակերպած ձեռնարկին: Մենք մեր ուժերը պէտք է ուղղենք, միացնենք, աշխատինք այդ ուղղութեամբ: Յստակ է, որ մեզի համար դժուար ըլլալու է հիմա, քանի որ Մաքրոնին խնդիրը երկիրը տնտեսապէս բարելաւելն է», ըսաւ ան:

Ֆրանսայի նախագահը, ըստ Մուրատ Փափազեանին, ստացած է Հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդի յայտարարութիւնը, բացի այդ` անոնք կը պատրաստուին իրենց դիտարկումները ներկայացնել խորհուրդի այս տարուան ընթրիքին, որուն հաւանաբար ներկայ  ըլլայ նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնը:

 

Նախորդը

«Միջազգային Կառոյցներու Կողմէ Նկատելի Է Ազրպէյճանի Անընդհատ Խուսափիլը Եւ Ձեռք Բերուած Պայմանաւորուածութիւնները Չկատարելու Փաստը» Կ՛ըսէ Դաւիթ Իշխանեան

Յաջորդը

Նաթալինի Այցելեց Ծիծեռնակաբերդ. «Յուզուած Եմ Ձեր Ուժէն»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.