Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ծննդեան Տօնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ. «Արդարութիւնն Ու Փոխադարձ Յարգանքը Հիմքն Են Խաղաղութեան» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յունուար 9, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 6 յունուար 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի զանգերու ղօղանջներուն ներքեւ Արամ Ա. կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, հայրապետական թափօրը վեհարանէն ուղղուեցաւ մայր տաճար` Ս. եւ անմահ պատարագով նշելու Աստուածայայտնութեան տօնը: Պատարագին ներկայ էին մեծ թիւով հաւատացեալներ, որոնց շարքին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան լրիւ կազմը` գլխաւորութեամբ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ պետական ու համայնքային անձնաւորութիւններ:

Հաւատացեալներուն յղելով իր Ս. Ծննդեան պատգամը, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը նշեց. «Բեթղեհէմի մէջ մարդեղացած Աստուծոյ Որդւոյն պատգամը կը շարունակէ հնչել անարդարութեամբ, պատերազմներով, բեւեռացումներով ու տագնապներով լեցուն աշխարհին մէջ: Արդարեւ, արդարութիւնն ու փոխադարձ յարգանքն է մնայուն, ամբողջական ու ճշմարիտ խաղաղութեան հիմքը»: Յիշեցնելէ ետք Բեթղեհէմի պատգամը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ «ներկայ աշխարհը հեռու է Քրիստոսի աշխարհ բերած արժէքներէն ու սկզբունքներէն: Ներկայ աշխարհին մէջ տիրապետողը, դժբախտաբար, շահն է, ոչ` իրաւունքը, երկրաւոր արժէքներն են, եւ ոչ` երկնային ճշմարտութիւնները»:

Ապա շարունակեց. «Նոր տարուան առիթով աշխարհի պետերը մաղթանքներ կատարեցին ու պատգամներ ուղղեցին: Մենք իրենց կ՛ըսենք, որ ամէն բանէ առաջ արդարութի՛ւն կատարեցէք, փոխադարձ յարգա՛նք պատգամեցէք, աղքատներուն իրաւունքը մի՛ խլէք, փտածութենէ հեռո՛ւ մնացէք, ձեր անձերու շահը ժողովուրդի շահէն գերիվեր մի՛ դասէք»:

Խօսելով փոխադարձ յարգանքի կենսական կարեւորութեան մասին` վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, թէ` «արդարութիւնը կ՛ենթադրէ արդար ըլլալ ուրիշներու իրաւունքներուն նկատմամբ, ճանչնալ ու յարգել ուրիշը այնպէս, ինչպէս որ է: Աստուածային ճշմարտութեան գծով տարբեր մօտեցումներ կան. իրաւունք չունինք մեր ըմբռնումները ուրիշներուն պարտադրել, այլ` անհրաժեշտ է փոխադարձ յարգանքով ամրապնդել ազգերու, մշակոյթներու եւ կրօններու համակեցութիւնն ու գործակցութիւնը: Այսպէս կ՛ըսեն միաստուածեան երեք կրօններուն ուսուցումները»:

Իր պատգամի վերջին բաժինին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Երուսաղէմի հարցին: «Երուսաղէմի պատմութիւնը ծանօթ է բոլորին: Երուսաղէմի ինքնութիւնն ու կարեւորութիւնը եւս ծանօթ են բոլորին: Հետեւաբար Երուսաղէմի գծով միակողմանի մօտեցում ցուցաբերել ընդունելի չէ: Ի հեճուկս տեղւոյն ժողովուրդին իրաւունքներուն, զէնքին ուժով կատարուած բռնագրաւումը օրինականացնելը միջազգային օրէնքին դէմ է: Երուսաղէմի գծով չենք կրնար անտեսել միջազգային օրէնքի տուեալները. միաստուածեան կրօններու իրաւունքները, աւանդութիւններն ու սրբութիւնները: Չմոռնանք նաեւ, որ Երուսաղէմի մէջ հայ եկեղեցին իր իրաւունքները ունի: 638 թուականէն սկսեալ Երուսաղէմի մէջ հայոց պատրիարքութիւն հիմնուած է, ուր 97 պատրիարքներ ունեցած ենք. հայկական եկեղեցիներ, ուխտավայրեր, ինչպէս նաեւ հայկական համայնք գոյութիւն ունին հոն, եւ մեր եկեղեցւոյ իրաւունքները պատմական ու իրաւական ճանաչում ունին: Չենք կրնար միակողմանի մօտեցումով, Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքը հռչակելով անտեսել այս բոլորը: Նման մօտեցումներ փաստօրէն անարդարութիւնը կը խորացնեն, կրօններու ու ժողովուրդներու միջեւ նոր տագնապներ կը յառաջացնեն ու Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ընթացքը կը խանգարեն», ըսաւ վեհափառ հայրապետը եւ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով կոչ ուղղեց քաղաքական ու կրօնական պատասխանատուներուն, որ պաղեստինեան հարցին, ինչպէս նաեւ անարդարութեան զոհ գացող բոլոր ժողովուրդներուն դիմագրաւած տագնապներուն մօտենան արդարութեան, ինքնորոշման ու մարդկային իրաւանց սկզբունքներէն մեկնելով:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին սկիզբը ողջունեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Ա. կաթողիկոսը, Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեանը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ իր հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցեց թեմակալ առաջնորդներուն, Ազգային իշխանութեանց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:

 

Նախորդը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 136. «Ցեղասպանագիտութեան Նոր Ուղղութիւնները Արխիւներէն Դէպի Իրաւական Դաշտ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Յաջորդը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ Նուիրատուութիւն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?