Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Լսարան Թիւ 136. «Ցեղասպանագիտութեան Նոր Ուղղութիւնները Արխիւներէն Դէպի Իրաւական Դաշտ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Յունուար 9, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` երկուշաբթի, 8 յունուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  մամլոյ 136-րդ լսարանը` «Ցեղասպանագիտութեան նոր ուղղութիւնները արխիւներէն դէպի իրաւական դաշտ» նիւթով: Զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Քոլոմպիա համալսարանի դասախօս դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Ան ըսաւ, որ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան յայտարարութիւններուն եւ հեղինակաւոր պատմագէտներու աշխատանքին շնորհիւ ակադեմական մարզին մէջ արձանագրուած են մեծ յառաջընթացներ: Այսօր, եթէ զանց առնենք կարգ մը զարտուղի, լուսանցքային եւ թրքական պետութեան պատուէրը կատարող ձայները, ցեղասպանութեան հարցի քննարկումը ընդհանրապէս անոր պատմական փաստին շուրջ չէ, որ կ՛ընթանայ, այլ յաւելեալ մանրամասնութիւններու բացայայտման եւ յաւելեալ լուսաբանման: Հայոց ցեղասպանութեան հարցը ամբողջութեամբ սկսած է ճանաչումէն ուղղուիլ դէպի իրաւական դաշտ:

Ելոյթ ունեցաւ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան, որ իր խօսքի ընթացքին հիմնական ընդհանուր պատկեր մը ներկայացուց ցեղասպանագիտութեան վերջին տարիներու զարգացման վերաբերեալ: Ան ներկայացուց, թէ «ցեղասպանագիտութիւն» եզրը, ինչպէս նաեւ գիտական եւ իրաւական բնագաւառներուն մէջ ընդհանրապէս ցեղասպանութեան նկատմամբ մօտեցումները ի՞նչ զարգացում եւ հոլովոյթ ստացած են անցնող տասնամեակին եւ այս զարգացումը ի՞նչ ձեւով իր անդրադարձը ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան վրայ:

Ան ըսաւ, որ ցեղասպանութիւն եզրի ստեղծումէն միայն տարի մը ետք հայ լրագրողներ, հրապարակագիրներ արդէն կ՛օգտագործէին զայն եւ ծանօթ էին Ռաֆայէլ Լեմքինի աշխատանքին. ասոնց շարքին ամէնէն յատկանշական անունը պէտք է նկատել Շաւարշ Միսաքեանը: Ցեղասպանութիւն եզրի օգտագործումէն անդին հայ գործիչներ եւ մտաւորականներ նաեւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են նոյնինքն այս եզրի իրաւական կշիռ ստանալու աշխատանքին մէջ: Նոյնինքն  Ցեղասպանութիւն եզրի ստեղծման հոլովոյթին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը կարեւոր դեր ունեցած է:

Ան նշեց, որ այսօր ցեղասպանագիտութեան բնագաւառին մէջ եւ անկէ դուրս տարբեր  գիտական շրջանակներուն մէջ ցեղասպանութիւն եզրը մասամբ կորսնցուցած է նախապէս վայելած իր կարեւորութիւնը, որովհետեւ կարգ մը պատմաբաններ եւ իրաւաբաններ սահմանափակ կը նկատեն ցեղասպանութիւն եզրը, երբեմն կը նկատեն նաեւ, որ եզրը օգտակար չէ քննարկումներու համար:

Ան ըսաւ, որ ջարդեր եւ ցեղասպանութիւն գործադրողներու դատական իրաւական հետապնդումի հարցը ցեղասպանութեան օրէնքի վերածուելէն տասնամեակներ ետք է միայն, որ սկսած է արդիւնք տալ: Դատավարութեան ընթացքին յստակ կը դառնայ, որ այնքան ալ դիւրին չէ ցեղասպանութիւն գործելու ամբաստանութեամբ դատել, բնաջնջելու միտում ունենալը դժուար է փաստել: Այս պատճառով բազմաթիւ իրաւաբաններ, որոնք ցեղասպանութեան շուրջ քննարկումներ կը ծաւալեն, կը նախընտրեն երթալ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրներու յանցանքի ճանապարհով:

Խաչիկ Մուրատեան նշեց, որ իրաւական խնդիրները, բարդութիւնները, քննարկումները կը շահագործուին տարբեր կողմերէ, որոնք ջուր կ՛ուզեն խառնել ցեղասպանութեան եզրին եւ ընդհանրապէս ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրութեան վերաբերող հարցերուն մէջ: Անցնող տասնամեակներուն Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ պատմագիտութեան բնագաւառին մէջ եղած զարգացումներուն առումով անխուսափելիօրէն իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են այլ դաշտերուն վրայ` մամուլ, հրապարակումներ, քաղաքական դաշտ կամ իրաւական դաշտ:

Ան ըսաւ, թէ պէտք է զգուշ ըլլալ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը հաստատելու ճիգին մէջ անզգալաբար այլ ցեղասպանութիւն մը ուրանալու դաշտին մէջ չգտնուինք: Ան նշեց, որ անցնող տասնամեակներուն Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան մէջ յատկանշական երեւոյթներէն մէկը, որ ուղղակիօրէն առնչուած է ցեղասպանագէտներու կողմէ ցեղասպանութիւնը ընդունելի եւ անվիճելի փաստի վերածելու հոլովոյթին հետ այն է, որ այսօր հայկական աղբիւրներուն նկատմամբ հետաքրքրութիւնը շատ աւելի մեծցած է թէ՛ հայ, թէ՛ օտար գիտաշխատողներուն կողմէ: Անցնող տասնամեակին ընթացքին լոյս տեսած են կարգ մը լուրջ ուսումնասիրութիւններ, որոնց մէջ հայկական աղբիւրները հիմնական առանցք կը կազմեն:

Խաչիկ Մուրատեան եզրափակեց խօսքը ըսելով, որ քաղաքական կամ իրաւական դաշտերուն մէջ կատարուելիք որեւէ իրագործում իր արմատները ունի եւ հաստատուած է հանրային կարծիքին վրայ: Իրաւական կամ քաղաքական որեւէ գործողութեան առանցքը կը կազմէ տեղեկահաւաքը, փաստաթուղթերու ապահովումը, միջազգային օրէնքը, մասնագէտները, բայց նախ եւ առաջ անոր առանցքը կը կազմեն հանրային կարծիքը եւ քաղաքական մթնոլորտը:

Խօսքի աւարտին Խաչիկ Մուրատեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ստացան «Ազդակ»-ի 2018-ի բացառիկին օրինակները, եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

 

Նախորդը

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնի Պատարագը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Ս. Ծննդեան Տօնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ. «Արդարութիւնն Ու Փոխադարձ Յարգանքը Հիմքն Են Խաղաղութեան» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?