Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փունթա Տել Էսթէն Ալ Ունեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» Հրապարակը

January 10, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ՀԵՔԻՄԵԱՆ

Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյէն եւ Փիրեափոլիս ամարանոցէն ետք, Հարաւային Ամերիկայի ամենայայտնի ամարանոց-քաղաք Փունթա Տել Էսթէի մէջ կիրակի, 7 յունուար 2018-ին պաշտօնական արարողութեամբ մը բացումը կատարուեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» հրապարակին:

Մասնակցեցան` զբօսաշրջութեան հայազգի նախարար Լիլիան Քէշիշեանը, Մալտոնատոյի նահանգապետ Էնրիքէ Անթիան, Փունթա Տել Էսթէի քաղաքապետ Անտրես Խաֆիֆը, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Էսթեր Մկրտումեանը, Ուրուկուէյի հայոց առաջնորդ Յակոբ արք. Գըլընճեանը, հիւրաբար Ուրուկուէյ գտնուող Աւետարանական եկեղեցւոյ պատասխանատու Ռընէ Լեւոնեանը եւ բազմաթիւ հայ եւ ոչ հայ ներկաներու բազմութիւն մը:

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ Ուրուկուէյի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգներով, որմէ ետք քաքաքապետը իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց: Նոյնը կատարեցին նախարարը, դեսպանը, ինչպէս նաեւ Մալտոնատօ Նահանգային խորհուրդի մշակութային բաժնի տնօրէն Խորխէ Սեսփետեսը,  որ շեշտը դրաւ հայ կնոջ ունեցած դերակատարութեան վրայ. հայրենի Իջեւանը եւ Փունթա Տել Էսթէն քոյր քաղաքներ են, իջեւանցի երիտասարդ քանդակագործ Գոռ Դաւթեանի` հայ կնոջ կերպարին նուիրած քանդակը, որ բերուած էր Իջեւանէն որպէս նուէր, տեղ գտաւ հրապարակի կեդրոնը. Խորխէ Սեսփետես ըսաւ. «Ընտանիքի մը կեանքի կարեւորագոյն օղակը կինն է, եւ յատկապէս հայ կնոջ դերը, այս հասկացողութեամբ, դարերու ընթացքին առաջնային հանգամանք կրած է ընտանիքը զօրացնելու գործին մէջ: Ճիշդ այս մէկը նկատի ունենալով է, որ այսօր այս հրապարակին վրայ բարձրացող հայ կնոջ տիպարին նուիրուած այս քանդակը ձեւով մը յարգանքի տուրք է հայ կնոջ դերին, որ շատ անգամ իր լռութեան մէջ կորած` սերունդներ հասցուցած է: Այստեղ կ՛արժէ դադար մը տալ եւ խորհրդածել, որ մենք մեր մէջ արժէքներ ունինք, սակայն չենք գնահատեր այն եռանդը, ճիգը, այն նուիրուածութիւնը, որ կինը յառաջ տարած է բոլոր համայնքներու կեանքին մէջ: Կրկին մեծապէս շնորհակալութիւն մը յայտնենք անոնց, քանի որ կիները համբերութեամբ եւ սիրով ընտանիքի հզօրացման մեծ դերը վերցուցած են»:

Բացման ժապաւէնը կտրելէ ետք սրբազան հօր օրհնութեան աղօթքով աւարտեցաւ ձեռնարկը:

Յիշեցնենք, որ 2015-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին պատուոյ հիւպատոս Ռուբէն Աբրահամեանն էր, որ նախաձեռնեց այս կարեւոր գործը եւ յաջողցուց, որպէսզի Մալտոնատօ նահանգի խորհուրդը միաձայնութեամբ որոշում կայացնէ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակի համար տարածք յատկացնէ ամարանոցի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն վրայ, ինչ որ իրականութիւն է այսօր:

Մեր կարծիքով, երբ արդէն մուտք գործած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 100-ամեակի տարուան մէջ, Փունթա Տել Էսթէի «Հայաստանի Հանրապետութիւն» հրապարակի բացումը մեծագոյն նուէր մըն է համայն հայութեան:

 

 

Նախորդը

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզը Թրքութեան Գաղափարախօս, Ցեղապաշտութեան Եւ Ազգայնամոլութեան Մարմնացում

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 15, 2026
Կառավարութիւնը Պիտի Գումարէ Իրերայաջորդ  Նիստեր, Իսկ Տոհայի Ժողովը Եղած Է Լուրջ Եւ Դրական
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի Երկրորդ Փուլ. Առկախումներ, Ուղերձներ

January 15, 2026
Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան  Եւ Վերադարձան Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան Եւ Վերադարձան Հայաստան

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.