Մեզի համար անսպասելի կամ զարմանալի չէ, որ նման առաջադրում ըլլայ, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով նախագահ Սերժ Սարգսեանի հարցազրոյցին, որուն մէջ ան չէր բացառած ընդունիլ վարչապետի թեկնածու առաջադրուելու առաջարկը:
«Օրերը կը մօտենան, մօտ ժամանակներս խնդիրը վերջնական լուծում պիտի ստանայ», նշեց Ռուստամեան:
Ան ընդգծեց, թէ Դաշնակցութիւնը երբեք չի բացառեր, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանը առաջադրուի վարչապետի պաշտօնին. «Մենք ատով չենք պայմանաւորած սահմանադրական փոփոխութիւնները: Մենք մեր «այո»-ն ըսած ենք անկախ անկէ, թէ հետագային Սերժ Սարգսեա՞նը պիտի դառնայ վարչապետ, թէ՞ ոչ», նշեց ան:
Ռուստամեան անհրաժեշտութիւն որակեց նախագահ Սերժ Սարգսեանի այն յայտարարութիւնը, որ վերջինս իր փորձառութեամբ պէտք է կրթէ երիտասարդ քաղաքական ղեկավարները:
«Նախագահ Սերժ Սարգսեան ունի հսկայական փորձառութիւն, ատիկա որեւէ մէկուն համար գաղտնիք չէ: Ասիկա մեծ փորձառութիւն կ՛ենթադրէ: Ես դրական կը տեսնեմ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանը նկատի առած է իր թիւ մէկ գործը` այդ փորձառութիւնը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելը: Եթէ որեւէ մէկուն կը թուի, որ նոր մէկը կու գայ` անկախ իր ունեցած գիտելիքներէն եւ ունակութիւններէն եւ լուրջ խնդիրներու առջեւ չի կանգնիր, ապա ան չարաչար կը սխալի: Փորձառութիւնը շատ մեծ նշանակութիւն ունի այս գործընթացներուն մէջ», նշեց ան:
Ռուստամեանը նաեւ ընդգծեց, որ հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները, յատկապէս տիրող միանձնեայ ղեկավարման համակարգի փոփոխութիւնը, առանց նախագահ Սերժ Սարգսեանի համաձայնութեան չէին կրնար տեղի ունենալ:
«Այդքանը մենք կը նկատենք բաւարար, որ յարգենք թէ՛ անոր անձը, թէ՛ անոր կայացուցած որոշումները», ըսաւ Ռուստամեան` ընդգծելով, որ վարչապետի թեկնածու առաջարկելու իրաւունքը Հանրապետական կուսակցութեանն է, եւ եթէ անոնք առաջարկեն Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը, ապա ՀՅԴ-ն յարգանքով պիտի մօտենայ այդ որոշումին:
Դաշնակցութիւնը բնական կը վերաբերի Հրայր Թովմասեանի` Սահմանադրական դատարանի նախագահ նշանակման որոշումին, ըսաւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:
Ա. Ռուստամեան կարեւոր նկատեց Հրայր Թովմասեանի գործօնը սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հարցին մէջ` նշելով, որ Սահմանադրական դատարանի նախագահի պաշտօնին ան պէտք է հետամուտ ըլլայ անոնց կեանքի կոչման:
«Ան այն ճարտարապետներէն մէկն է, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու հարցով մեծ դեր ունեցած է, եւ գտնուելով այդ պաշտօնին վրայ` պարտաւոր է պաշտպանել Սահմանադրութեան տառն ու ոգին», նկատեց ան:
Նշենք, որ Սահմանադրական դատարանի նախագահի ընտրութիւնները խորհրդարանին մէջ տեղի կ՛ունենան այսօր: