Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Նախաձեռնութիւն, Միջավայր Եւ Գաղափարախօսական Առանցքներ (Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Համաժողով, Անթիլիաս)

Մարտ 21, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ այսօր բացումը կը կատարուի Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած համահայկական համաժողովին: Ըստ էութեան, այս համաժողովը այս տարուան 100-ամեակի նշումներուն, ոգեկոչումներուն եւ յատկապէս այս շարքին մէջ առաջինն է, որ համահայկական տարողութեամբ կը մեկնարկուի այսօր:

Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ սփիւռքեան տարբեր շրջաններէն պետական պաշտօնատարներ, պատմագէտներ, արխիւագէտներ եւ հասարակական գործիչներ կը համախմբուին լոյսին բերելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման պատմագիտական, իրաւապայմանագրային, քաղաքական, հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային ոլորտները:

Ճշդուած առանցքային ուղղութիւններն ու անոնց համապատասխան զեկուցումներու նիւթերը կը նախանշեն, որ համաժողովի օրակարգային ներկայացումները չեն վերաբերիր միայն 1918-1920 ժամանակամիջոցին վերաբերող իրադարձութիւններուն, այլեւ հիմնականին մէջ  խորհուրդը կ՛առնչեն ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային ժամանակակից երեւոյթներուն: Այլ խօսքով` ընդհանուր թեման կ՛ընկալուի իբրեւ այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը:

Սփիւռքի մէջ այս բոլորին վրայ համաժողովական կեդրոնացումը գաղափարախօսական կարեւոր առանցքներ կ՛ընդգծէ: Ընդհանրապէս ընկալուած միտք է, որ սփիւռքը իր կազմակերպ կեանքի հէնքը կառուցած է Ցեղասպանութեան երեւոյթին վրայ` վերապրողներ, ինքնակազմակերպում, քաղաքականացում, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պահանջատիրութիւն: Այս ընդհանրացումը կ՛անտեսէ կարեւորագոյն զուգահեռ առանցք մը:

Իրերայաջորդ սերունդներ դաստիարակուեցան Մայիս 28-ի խորհուրդով: Սփիւռքի քաղաքական միտքի ձեւաւորման մէջ հայրենիքը վերանկախացնելու առաջադրանքը մնաց անշարժելի տեսլական: Մայիս 28-ի խորհրդանիշները վերածուեցան սփիւռքահայութեան ստուար հատուածին ազգային-քաղաքական գոյութեան եւ տեսլականի իրականացման համար դաւանանքային խորհուրդներու:

Եւ եթէ մէկ կողմէ Ցեղասպանութեան եւ հատուցման պահանջատիրութիւնը դարձաւ սփիւռքահայու ազգային-քաղաքական երթի առաջնային բաղադրիչը, միւս կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումը շարունակեց կազմել սփիւռքահայութեան քաղաքական առաջնային նպատակը:

Պահն է սփիւռքահայութեան գոյութեան եւ կազմակերպման գաղափարախօսութեան  նկատմամբ կիրարկուած միայն Ցեղասպանութեան նիւթին շուրջ հիւսուած ընդհանրացումի տանող կարծրատիպը շրջելու եւ համաժողովներով նաեւ ընդգծելու, որ սփիւռքահայութեան քաղաքական պայքարի առաջնային նպատակը Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային ընտանիքին մէջ անկախ միաւորի իրաւակարգ ապահովելն էր:

Սփիւռքի մէջ այս գաղափարախօսութեան ուղղութեամբ տարուած բազմաբնոյթ աշխատանքները այս առիթով լոյսին կու գան անպայման: Բնականաբար վերանկախացման գաղափարախօսութիւնը խոր արմատներ ունեցած է նաեւ խորհրդային կարգերով ղեկավարուած հայրենիքին մէջ: Նոյնիսկ այդ պայմաններուն մէջ հայրենիք-սփիւռք կապերը լուռ, հասկնալիօրէն առանց բարձրաձայնումներու առանցքային  այդ նիւթը շօշափած են:

Անթիլիասը իբրեւ սփիւռքահայութեան ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային կարեւորագոյն կեդրոն կը համախմբէ այս նիւթերու մասնագիտական համահայկական մարդուժը: Արցախի Հանրապետութեան նախագահին եւ Արցախի պետական ու մտաւորական ներկայացուցչութիւնը այս համաժողովին, կը շեշտէ հայոց պետականութեան վերականգնման ակունքներուն արցախահայութեան մղած ազատամարտին էական, անշրջանցելի խորհուրդն ու նշանակութիւնը: Եւ ատով իսկ հիմնական երաշխիք կ՛ապահովէ իրադարձութիւններու ներկայացման այժմէական իմաստին:

Իսկ Անթիլիասն ու Լիբանանը ընդհանրապէս անդրադառնալ կու տան ո՛չ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Ա. կաթողիկոսին մայիսեան հերոսամարտերուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման մէջ  ունեցած ուղղակի մասնակցութեան ու դերակատարութեան, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք հանրապետութեան կերտիչներու մէկ կարեւոր փաղանգին Լիբանան անցումին ու կեցութեան: Անոնք էին, որոնք լծուելով կրթական, մշակութային եւ հասարակական գործին հիմնովին նպաստեցին սփիւռքահայ քաղաքական միտքի զարգացման` Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջին առընթեր Հայաստանի վերանկախացումը, ազատագրումն ու ամբողջականացումը արմատաւորելով սփիւռքահայ մարդու ազգային-քաղաքական տեսլականին եւ առաջադրանքներուն մէջ:

Այս բոլորն են, որոնք կ՛օրինաչափեն ու կը հիմնաւորեն Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի համահայկական համաժողովը նախաձեռնող կողմի, անոր միջավայրի եւ ապահովուած ընդգրկուածութեան հանգամանքները:

Նախորդը

Հարցազրոյց Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Հետ. Հայ Թեկնածուն Պէտք Է Հայկական Միջավայրը Ներկայացնէ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Լեպրոն Ճէյմս Եւ Պեն Սայմընզ` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?