Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Աւանդականն Ու Նորարարը` Գերադասելով Հաւաքականը

Մարտ 22, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն մամլոյ ասուլիսով կը յայտարարէ իր առաջադրած թեկնածուները Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն` ատով իսկ ազդանշանը տալով նախընտրական արշաւի մեկնարկին:

Ընտրական նորարար մշակոյթի դրսեւորումները տիրականօրէն իրենք զիրենք զգալի  կը դարձնեն ամէն առիթի, տարբեր հարթակներու վրայ: Որմազդայինէն մինչեւ զանգուածային լրատուամիջոցներ, տեղեկատուականէն մինչեւ ընկերային ցանցեր, տեսանիւթեր, կոչեր, համակարգ փոխելու հրապարակային յանձնառութիւններ հետզհետէ կ՛ողողեն  հասարակական շրջապատը` քուէահաւաքի նոր մեթոտներ հրամցնելով լիբանանցի քաղաքացիին:

Ընտրական նոր օրինագիծով ճշդուած համամասնականին առընթեր վարկանշային ընտրակարգը առիթ կու տայ, կը մղէ, որ անհատը իր վրայ կեդրոնացնէ նախընտրական քարոզարշաւի ամբողջ կիզակէտը: Նախընտրական ընտրակարգը կը պարտադրէ քուէարկողին համամասնական ցանկին առընթեր իր նախընտրելի թեկնածուին քուէարկելու: Այս ընտրաչափութիւնը ինքնին անհատակեդրոն ընտրակարգի մասին կը վկայէ, ինչ որ կ՛առաջնորդէ տուեալ թեկնածուն, որ հաւաքականութեան մը գաղափարները, կազմակերպութեան մը կամ իր անդամակցած ցանկին ընտրական ծրագիրը յառաջ մղելէ աւելի կլանուի ինքնաքարոզչութեամբ, իր ցանկակիցներէն աւելի իր անձը ընդունելի եւ հետեւաբար այս պարագային քուէարկելի դարձնելու տենչով:

Այսօրուան բաց համակարգը եւս կը նպաստէ անհատակեդրոն ինքնաքարոզչութիւն ծաւալելու տրամադրութիւններու ծաւալման եւ առարկայացման: Լիբանանցին ականատես կ՛ըլլայ այս եղանակներու տարածման, բազմացման, անարգել հասանելիութեան, ուր երկրորդական կարգ կը մղուին յայտարարուած առաջադրանքին եւ տուեալ թեկնածուին տուած գործնական փաստերուն միջեւ անջրպետի գոյութիւնը, ընտրական նպատակներէ թելադրուած դաւանափոխութիւնը, իր համայնքին կեանքին հետ առնչուած չըլլալը, ծագումնային որոնումներով Ցեղասպանութեան հետ իրենց նախորդներուն առնչուած ըլլալու յանկարծակի յիշողութիւններու արթնացումը:

Այդ բոլորին համար պահը հիմա օգտագործելի է ընկերային ցանցի կերպարի վերածուելու, եւ այդ ճամբով մինչեւ հիմա տարուած աշխատանքները ոչինչով ներկայացնելու, առանց ծրագիր ներկայացնելու միայն յոռի երեւոյթները, քաղաքացին հարուածած տնօրինումները լուսարձակի տակ բերելու եւ «համակարգը պէտք է արմատականօրէն փոխել»-ու յոխորտանքները հրապարակայնացնելու:

Նախընտրական արշաւները ամբոխահաճոյութեան բաղադրիչ կ՛ունենան ընդհանրապէս: Սակայն անոր կ՛ուղեկցին նաեւ ընտրական ծրագիրներ` ընելիքին, բարեփոխութեան մեթոտները ցոյց տալու եւ մանաւանդ համոզելու ստանձնուած յանձնառութիւնը իրականութիւն դարձնելու: Այլապէս, առաջինը առանց երկրորդին կը վերածուի պղպջակային երեւոյթի, ամպագորգոր աղմկարարութեան, որ կրնայ  տպաւորել կարճաժամկէտ եւ նոյնքան արագ` յուսաբեկել:

Բնականաբար միայն քարոզարշաւի այս նոր դրսեւորումներուն չի վերաբերիր կիրարկուող մշակոյթը, որ ունի իր աւանդական երեսը: Տարբեր բնոյթի ընտրակաշառքներու ի գործ դրուիլը տեղ մը կրնայ անդրադառնալ տալ, որ անոնք, որոնք կը խօսին համակարգ փոխելու մասին, իրե՛նք է, որ կը կիրարկեն նաեւ ընտրակաշառքի գործող եղանակը, պարզ դարձնելով, որ հետապնդուածը ոչ թէ համակարգի փոփոխութիւնն է, այլ անբովանդակօրէն այդ մասին խօսելով  անձին ընտրութիւնը:

Այս բոլորը նկատի ունենալով է, որ Դաշնակցութիւնը կը մեկնարկէ իր ընտրական քարոզարշաւը: Այդ քարոզարշաւի մշակոյթը ո՛չ անհատակեդրոն է, ո՛չ ընկերային ցանցերու ճշդած խաղի կանոններով արուեստական կերպարներու ստեղծումով կը յատկանշուի, ո՛չ ընտրակաշառքի հիման վրայ կ՛ընթանայ, ո՛չ խաբէական խոստումներ կու տայ, ո՛չ ամպագորգոր ընդհանուր համակարգ փոխելու սին հաւաստիացումներու մասին կը խօսի, ո՛չ ալ ներցանկային մրցակցութիւններով անհատական ինքնագովերգանքներով կը զբաղի:

Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուները ինչպէս անցեալին, նաեւ վաղը խորհրդարանին մէջ կուռ-կազմակերպ, կը դիրքորոշուին համալիբանանեան շահերու հիման վրայ  հայ համայնքի իրաւունքները պահպանելու եւ լիբանանահայ քաղաքական ընտրանքներու անկախութեան տէր կանգնելու անխախտելի առաջադրանքներով:

Դաշնակցութեան պաշտօնական լրատուամիջոցներու, ելեկտրոնային էջերու եւ ընկերային ցանցերու վրայ մեկնարկած նախընտրական քարոզարշաւը, յենելով նորարար մշակոյթի ընձեռած կարելիութիւններուն վրայ, կը մերժէ անձնակեդրոնութիւնը, խաբէութիւնը, եւ կը գերադասէ գաղափարականն ու հաւաքական աշխատանքը:

Իսկ ժողովուրդը, մե՛ր ժողովուրդը ունի՛ դատողութիւնը այդ բոլորը իրարմէ տարբերելու:ախտելի առաջադրանքներով:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Ենթակառոյցներուն Վերաբերող Ներդրումային Ծրագիրը

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ռոքեթց Յաղթեց, Հարտեն Նշանակեց 42 Կէտ

RelatedPosts

«Ապահովութեան Ուժերը Հրահանգ Ստացած Էին  Ճնշելու «Բոլորս Արցախ Ենք» Ցոյցը».   «Յուսախաբ Ենք Զօրակցութեան  Միակողմանի Կեցուածքներէն»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Գաղութային

«Ապահովութեան Ուժերը Հրահանգ Ստացած Էին Ճնշելու «Բոլորս Արցախ Ենք» Ցոյցը». «Յուսախաբ Ենք Զօրակցութեան Միակողմանի Կեցուածքներէն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Սեպտեմբեր 30, 2023
Արցախի Բնակչութեան Շուրջ 80 Առ Հարիւրը`  Ամբողջութեամբ Տեղահանուած. Ազրպէյճան  Կը Ձերբակալէ Բարձրաստիճան Զինուորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Բնակչութեան Շուրջ 80 Առ Հարիւրը` Ամբողջութեամբ Տեղահանուած. Ազրպէյճան Կը Ձերբակալէ Բարձրաստիճան Զինուորականներ

Սեպտեմբեր 30, 2023
Փեսքով Արձագանգած Է Արցախի Հանրապետութեան Գոյութեան Դադրեցման Մասին Յայտարարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Ռուս Խաղաղապահներու Առաքելութեան Երկարաձգման Կարելիութիւնը Կը Քննարկուի Պաքուի Հետ»

Սեպտեմբեր 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In