Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաւիրած է խորհրդակցութեան` քննարկելու 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք կարեւորագոյն պետական մեծ ձեռնարկներու` Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի եւ անոր շրջագիծին մէջ տեղի ունենալիք տնտեսական ֆորումի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակի, Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու նախապատրաստութեան ընթացքը, ամփոփելու վերոյիշեալ աշխատանքներու իրականացման ծրագիր-ժամանակացոյցերը եւ աւարտական տեսքի բերելու ձեռնարկներու կազմակերպական ծրագիրները:
Խորհրդակցութեան ժամանակ անդրադարձ կատարուած է նաեւ 26 յունուարին հանրապետութեան նախագահին մօտ տեղի ունեցած նախորդ հանդիպումին ժամանակ ըստ առանձին ուղղութիւններու տրուած յանձնարարականներու կատարման ընթացքին:
Զեկուցումներով հանդէս եկած են արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Վահէ Ստեփանեան եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան: Անոնք ներկայացուցած են հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրներով ստեղծուած պետական եւ միջնախարարական յոբելենական յանձնախումբերու գործունէութեան շրջագիծին մէջ մինչեւ օրս իրականացած եւ յառաջիկայ ամիսներուն նախատեսուող աշխատանքները` բովանդակային, թեքնիք, կազմակերպական, ելեւմտական-տնտեսական, գեղագիտական ձեւաւորման եւ այլ ուղղութիւններով, որոնք քննարկուած են խորհրդակցութեան հրաւիրուած պատասխանատուներուն հետ: Զեկուցողները վստահեցուցած են, որ ծրագրուած աշխատանքները կ՛ընթանան ծրագիր-ժամանակացոյցերու համաձայն եւ կարեւորագոյն պետական վերոնշեալ ձեռնարկները պիտի կազմակերպուին պատշաճ մակարդակով: