Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմէն Սարգսեանը Կ՛ողջունէ ՀՅԴ-ի Առաջարկը

April 20, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի մամլոյ  գրասենեակը տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է.

«Վերջին օրերուն մեր հանրապետութեան հազարաւոր քաղաքացիներ, որոնց գերակշիռ մասը ուսանող երիտասարդութիւնն է, ցոյցերու եւ երթերու ձեւով իրենց պահանջները կը ներկայացնեն  իշխանութիւններուն: Երիտասարդները մեր վաղուան օրն են` ապագայ  զինուորը, գիտնականը եւ ճարտարագէտը, քաղաքական գործիչը եւ պետական պաշտօնեան, եւ, անշուշտ, անոնց ձայնը պէտք է լսելի ըլլայ եւ անոնց կարծիքը յարգուի:

Անշուշտ, կան կուտակուած բազմաթիւ ընկերային-տնտեսական, իրաւական եւ քաղաքական բնոյթի խնդիրներ, որոնք շուտափոյթ լուծում կը պահանջեն: Հայաստանի խորհրդարանը եւ անոր մեծամասնութեան ձեւաւորած կառավարութիւնը, օժտուած ըլլալով համապատասխան լիազօրութիւններով, կոչուած են այդ հարցերը քննարկելու եւ հասարակութիւնը բաւարարող լուծում գտնելու համար:

Իմ խորին համոզումով, նման վիճակներու միակ լուծումը երկխօսութիւնն է որեւէ ձեւաչափով, իրար տեսակէտներու յարգումն ու հանդուրժողականութիւնը:

Իբրեւ պետութեան ղեկավար, ես կը հրաւիրեմ կողմերը երկխօսութեան, ստեղծուած վիճակէն լաւագոյն ելք գտնելու համար:

Այդ առումով կը կիսեմ իրավիճակի առնչութեամբ տարբեր հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւններու արտայայտած մտահոգութիւնները եւ կ՛ողջունեմ ՀՅԴ-ի առաջարկը` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հովանիին ներքեւ ստեղծել քաղաքական խորհրդակցութիւններու հարթակ, առկայ խնդիրներուն համատեղ, համախոհութեան սկզբունքով լուծումներ գտնելու նպատակով:

Մինչ այդ, կոչ կ՛ուղղեմ հանրային հաւաքի մասնակիցներուն` ցուցարարներուն եւ իրաւապահներուն, ցուցաբերելու զսպուածութիւն եւ պատասխանատուութիւն:

Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս յիշեցնել, որ մեր երկրի անվտանգութիւնը, կայունութիւնը եւ ազգային համերաշխութիւնը բոլորիս համար պէտք է ըլլայ առաջնային ու անքննելի անհրաժեշտութիւն»:

 

Նախորդը

Օրուան Ընթացքին Ցոյցեր, Երեկոյեան` Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ Հանրահաւաք

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.