Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերժ Սարգսեան 77 Պատգամաւորի Ձայներով Ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ

Ապրիլ 18, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ երէկ` երեքշաբթի, 17 ապրիլին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը` բաց քուէարկութեամբ` Հայաստանի վարչապետ ընտրեց Սերժ Սարգսեանը: Անոր օգտին քուէարկեց 77 պատգամաւոր, դէմ` 17:

Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան  խմբակցութիւնները:

Ընտրութենէն առաջ վարչապետի թեկնածու, ՀՀԿ ղեկավար Սերժ Սարգսեան ելոյթ մը ունեցած է խորհրդարանին մէջ, ուր ներկայացուցած են  կառավարման նոր համակարգի առաւելութիւնները, տարբերութիւնը նախորդ` կիսանախագահական համակարգէն:

«Մենք մասնակիցն ենք նոր սկիզբի», յայտարարած է Սերժ Սարգսեանը եւ ընդգծած, որ կառավարման խորհրդարանական համակարգի նախագահը չի կրնար նոյնացուիլ կիսանախագահական համակարգի նախագահին հետ. այս կառավարման համակարգի վարչապետը խորհրդարանական վերահսկողութեան տակ է:

Սարգսեան ընդգծած է, որ անձնական պատասխանատուութենէն  փախուստը անընդունելի է, այդ պատճառով է, որ Ազգային ժողովի ամպիոնին վրայ կը գտնուի:

Ան անդրադարձած է երկու տարի առաջ կատարած իր այն յայտարարութեան, որ խորհրդարանական համակարգի անցման պարագային ան չի յաւակնիր վարչապետի պաշտօնին: Սարգսեան նախ ընդգծած է, որ արդէն իսկ առիթ ունեցած է անդրադառնալու իր այդ յայտարարութեան եւ հիմա չի խօսիր այդ պաշտօնին իր յաւակնութիւններու իրողապէս բացակայութեան մասին, միայն մէկ նախադասութիւն կ՛աւելցնէ. «Այսօր այս ամպիոնին կանգնած է ո՛չ թէ անհատ, քաղաքական, հասարակական գործիչ Սերժ Սարգսեանը, ո՛չ ալ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, այստեղ անոնցմէ ոչ ոք գործ ունի: Այստեղ ելոյթ կ՛ունենայ խորհրդարանի քաղաքական մեծամասնութիւնը կազմող ՀՀԿ-ի նախագահը», յայտարարած է ան եւ աւելցուցած, որ կառավարման խորհրդարանական համակարգը կը բացառէ հակասութիւնը կառավարութեան եւ խորհրդարանական մեծամասնութեան միջեւ, եւ ինք պիտի ըլլայ անոր երաշխաւորը:

Իր խօսքէն ետք Ազգային ժողովի պատգամաւորները Սերժ Սարգսեանին ուղղած են հարցումներ, որոնք կը վերաբերէին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան, տնտեսական վիճակին, արտագաղթին եւ երկիրը յուզող այլ հարցերու:

Հայաստանի Վարչապետն Ու Նախագահը Հանդիպում Ունեցած Են

Հիմք ընդունելով Ազգային ժողովի 17 ապրիլի 2018-ի` Սերժ Սարգսեանը վարչապետ ընտրելու վերաբերեալ որոշումը` նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հրամանագիր ստորագրած է Սերժ Սարգսեանը  Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ նշանակելու մասին: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ երէկ  տեղի ունեցած է երկրի նախագահի եւ նորընտիր վարչապետի առաջին հանդիպումը:

Հանրապետութեան նախագահը վարչապետին մաղթած է յաջողութիւն եւ արդիւնաւէտ աշխատանք:

Ռուսիոյ Նախագահ Վլատիմիր Փութին
Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած Է Սերժ Սարգսեանին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորական ուղերձ յղած է  Ազգային ժողովի նիստին ընտրուած Հայաստանի Հանրապետութեան նոր վարչապետ Սերժ Սարգսեանին:

Ուղերձին մէջ նշուած է. «Ձեր նշանակումը այդ պատասխանատու պաշտօնին կը հաստատէ ձեր բարձր քաղաքական հեղինակութիւնը, ինչպէս նաեւ լայն աջակցութիւնը բարեփոխումներու  քաղաքականութեան` ուղղուած Հայաստանի առջեւ կանգնած ընկերային-տնտեսական խնդիրներու արդիւնաւէտ լուծման:

«Վստահ եմ, որ կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնին վրայ ձեր գործունէութիւնը պիտի նպաստէ մեր երկիրներուն միջեւ բարեկամական, դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ  ամրապնդման, եւրասիական տարածքին փոխշահաւէտ համարկումի հոլովոյթներու յառաջ մղման»:

Նորընտիր վարչապետ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ  ստացած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանէն:

 

Նախորդը

Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի Հանրապետութեան Հրապարակէն Յայտարարեց «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» Սկիզբը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (18 Ապրիլ 2018)

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?