ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ երեկոյեան ժամը 9:00-ին դարձաւ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին «Փանորամա» յայտագիրին հարցազրոյցի հիւրը:
Յայտագիրը նուիրուած էր 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ յատկապէս Մեթնի ընտրաշրջանին:
Երեսփոխան Բագրատունիի կողքին հրաւիրուած էին նաեւ Մեթնի մէջ քաղաքական այլ ուժերու պատկանող եւ անկախ այլ թեկնածուներ, ինչպէս նաեւ Պէյրութի հետազօտական կեդրոնի նախագահ Ապտօ Սաատը, որ կ՛անդրադառնար Մեթնի մէջ քուէարկող ուժերուն եւ քուէարկութեան մօտաւոր համեմատութիւններուն` հիմնուելով վիճակագրական տուեալներու վրայ:
2009-ի եւ այս տարուան երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին ՀՅԴ-ի ընտրական դաշինքներուն կրած փոփոխութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ 2009-ին ՀՅԴ-ն դաշնակցեցաւ Ազգային ազատ հոսանք եւ Ղովմի կուսակցութիւններուն հետ: Այդ դաշինքին կողքին կար նաեւ երեսփոխան Միշել Մըրի հետ լռելեայն համաձայնութիւն մը, ըստ որուն Մըրի հետ բացայայտ դաշինք պիտի չյայտարարուէր, սակայն ՀՅԴ-ն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրացանկին եւ Միշել Մըրի միջեւ ընտրութեան ազատութիւն պիտի ունենար: «Օրին հայութեան քուէներուն մէկ կարեւոր մասը ի նպաստ Մըրի յատկացուեցաւ, հակառակ անոր որ ան Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններուն հետ դաշինք ունէր եւ իրենց ընտրացանկին վրայ հայ առաքելական աթոռին համար թեկնածու նկատի չէին ունեցած, որուն շնորհիւ 2009-ին ընտրուեցայ առանց մրցակիցի գոյութեան», նշեց ան:
Յ. Բագրատունի ըսաւ, թէ ընտրական նոր օրէնքը, որ կը նկատուի արդիական օրէնք մը, առիթ չտուաւ մեզի պահպանելու Միշել Մըրի հետ ունեցած մեր յիսնամեայ դաշինքը:
«ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն Մըրի հետ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին պարզուեցաւ, որ եթէ ՀՅԴ-ի թեկնածուն եւ Մըրը նոյն ընտրացանկով ներկայանան երեսփոխանական ընտրութիւններուն, անոնցմէ մէկը կրնայ ձախողիլ` նկատի ունենալով, որ երկու կողմերը չեն կրնար անցման բարձր համեմատութիւն ապահովել: Հետեւաբար համաձայնեցանք առանձին ընտրացանկերով ներկայանալ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, իսկ այս առիթով Մըր ըսաւ, թէ ինք չի կրնար ըլլալ այն անձը, որ ՀՅԴ-ի թեկնածուին ձախողութիւնը կը պատճառէ», հաստատեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց նաեւ, որ նախքան այս համաձայնութեան գոյացումը, ՀՅԴ-ն մեծ ջանքեր ի գործ դրած է Ազգային ազատ հոսանք եւ Ղովմի կուսակցութիւններուն ու Միշել Մըրի միջեւ ընդարձակ դաշինք մը գոյացնելու` Մեթնին սուր ընտրապայքար խնայելու համար, սակայն այդ նախաձեռնութիւնը անյաջող դուրս եկած է:
Այս առիթով Ապտօ Սաատ հաստատեց, որ եթէ 2009-ին Միշել Մըր լիբանանահայութեան քուէները չստանար, ապա թեկնածու Ղասսան Ռահպանի կ՛ընտրուէր, այսինքն` Միշել Մըր հայոց քուէներով ընտրուեցաւ:
Սաատ նշեց նաեւ, որ իր արժեւորումներուն համաձայն, 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք ՀՅԴ-ն պիտի ներկայացուի խորհրդարանին մէջ եւ Լիբանանի խորհրդարանի Հայկական երեսփոխանական պլոքը պիտի ըլլայ աւելի մեծ, քան ինչ որ էր 2005-էն սկսեալ մինչեւ օրս:
Անդրադառնալով աղբի տագնապին մասին կատարուած ամբաստանութեան, թէ Պուրճ Համուտի մէջ աղբերը ծով կը թափուին, Յ. Բագրատունի ըսաւ.
«Թափօններու թաղման վայրեր հիմնուեցան Պուրճ Համուտի եւ Ժտէյտէի մէջ, սակայն, որովհետեւ Ժտէյտէն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անուան հետ չ՛առնչուիր, ապա բոլոր ամբաստանութիւնները մեզի դէմ կ՛ուղղուին: Մեր հիմնական պահանջը Պուրճ Համուտի աղբակոյտին վերացումն էր, եւ հոս պիտի չնշեմ, թէ ո՞վ էր աղբի այդ լերան գոյացման պատասխանատուն»:
Ան անհրաժեշտ նկատեց վերյիշեցնել, թէ 2016-ին աղբերը հասան ժողովուրդին պատշգամներուն, եւ օրին ՀՅԴ-ն կառավարութեան եւ Բարգաւաճման ու վերաշինութեան խորհուրդին հետ խորհրդակցութիւններ կատարեց ու լուծումներու յանգեցաւ: Իսկ 17 մարտ 2016-ին կառավարութեան որոշումով թափօններու թաղման վայր յառաջացաւ` ներկայութեամբ բոլոր նախարարներուն, որոնք օրին պաշտօնի վրայ էին, սակայն այսօր չեն:
«Աւելի ուշ թափօններու թաղման վայրին մուտքերը փակուեցան, եւ չեմ ուզեր յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցել, թէ ի՛նչ էր լուծումը եւ ի՛նչ միջամտութիւններ կատարուեցան, որ այդ մուտքերը վերաբացուին եւ մեթնցիները աղբերէն փրկուին: Ո՛չ ոք թող յանդգնի ըսել, թէ Պուրճ Համուտի մէջ աղբերը ծով կը թափուին: Ո՛չ ոք թող Դաշնակցութիւնը ամբաստանէ աղբերը ծով թափելու յանցանքով», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ հասկնալի է, թէ ներկայիս երեսփոխանական ընտրութիւններու ժամանակաշրջան է, եւ խոստումներն ու կարգախօսները ողողած են երկիրը: «Խոստումներն ու կարգախօսները կարեւոր են, սակայն 7 մայիսը անոնցմէ աւելի կարեւոր է: ՀՅԴ-ի խոստումը անոր պատմութիւնն է: Մենք աշխատեցանք այս երկրին համար: Մեր կուսակցութիւնը իշխանութեան կուսակցութիւնն է` Թաէֆէն առաջ եւ վերջ: Մենք պիտի քննադատենք իշխանութիւնը, եթէ ան սխալի, ընդդիմութիւն պիտի ըլլանք, սակայն պիտի մնանք իշխանութեան կուսակցութիւնը», հաստատեց ան:
Երիտասարդ թեկնածուներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի անոնց յաջողութիւն մաղթեց, աւելցնելով, թէ պայման չէ, որ մէկը քաղաքացիական ընկերութեան միութեան անդամ ըլլայ կամ Սապաա կուսակցութեան մաս կազմէ, որպէսզի երկրին մէջ գտնուող վատ երեւոյթներուն դէմ ըմբոստանայ: «Ես ինքզինքս քաղաքացիական ընկերութիւն կը նկատեմ եւ կ՛ըմբոստանամ երկրին վատ երեւոյթներուն դէմ: Ես յեղափոխական կուսակցութեան զաւակն եմ եւ ինքզինքս բնաւ աւանդական չեմ նկատեր` թէ՛ իբրեւ կուսակցութիւն, թէ՛ իբրեւ երեսփոխան եւ թէ՛ իբրեւ թեկնածու: Ես միշտ փողոցն եմ եւ հոն ալ կը մնամ` ժողովուրդին համար: Կը մաղթեմ, որ բոլոր թեկնածուները հասնին խորհրդարան եւ իմանան ժողովուրդին ցաւերն ու կիսեն զանոնք, որովհետեւ անիկա կարեւոր փորձառութիւն է, ուր ծով համբերութեան կարիքը կայ», ըսաւ ան:
Յայտագիրի աւարտին երեսփոխան Բագրատունի ակնարկութիւն կատարեց Իսրայէլի նկատմամբ կեցուածքին մասին լիբանանցի հիւրերուն ուղղուած հարցումին` ըսելով, որ ինք կը մերժէ լիբանանցիին ուղղուած նման հարցում մը, որովհետեւ անոր պատասխանը պէտք է յստակ ըլլայ բոլորին եւ կասկածի ոչ մէկ առիթ ստեղծէ: