Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Կը Մեկնի Բրիտանիա, Ֆրանսա Եւ Միացեալ Նահանգներ

June 19, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Արմէն Սարգսեան, նախնական պայմանաւորուածութիւններու համաձայն, աշխատանքային հանդիպումներու նպատակով 18 յունիսին մեկնած է արտերկիր, այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը Բրիտանիա այցելութեան ժամանակ պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական ձեւաչափով շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ: Արմէն Սարգսեան պիտի հիւրընկալուի Պաքինկհամ պալատին մէջ: Իբրեւ Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան` ան հրաժեշտի հանդիպումներ պիտի ունենայ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ:

Լոնտոնէն հանրապետութեան նախագահը պիտի մեկնի Ֆրանսա: Փարիզի մէջ Արմէն Սարգսեան հանդիպումներ պիտի ունենայ Ֆրանսայի գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներու հետ` Հայաստանի մրցակցային առաւելութիւնները ներկայացնելու եւ ներդրումային կարելիութիւնները քննարկելու նպատակով:

Նախագահ Սարգսեան Փարիզի մէջ աշխատանքային հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանի հետ: Պիտի քննարկուին 7-էն 12  հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի շրջագիծին մէջ գործարար համաժողովի իրականացման հետ կապուած հարցեր:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան 26 յունիսին պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ` Ուաշինկթըն, մասնակցելու Միացեալ Նահանգներու գիտահետազօտական եւ մշակութային կեդրոններէն մէկուն` Սմիթսոնեան հիմնարկի տարեկան «Ազգային կեանք» փառատօնին, որ նուիրուած է հայկական մշակութային ժառանգութեան:

Ուաշինկթընի մէջ նախագահ Սարգսեան ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած ընդունելութեան` Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ:

Նախորդը

Վարչապետ Փաշինեան. «Թալանի Բոլոր Մասնակիցները Պէտք Է Պատասխանատուութեան Կանչուին»

Յաջորդը

Ակնարկ. Ներքին Արդարութիւն – Արտաքին Անվտանգութիւն Բանաձեւը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.