Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը որոշում ստորագրած է` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին առընթեր ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումներու յանձնախումբ ստեղծելու մասին:
Մեկնելով Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքը եւ ընտրական գործընթացները կարգաւորող օրէնսդրութիւնը բարեփոխելու` Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագիրին մէջ ամրագրուած անհրաժեշտութենէն, նպատակ ունենալով բարձրացնել հանրային կառավարման ներառականութիւնն ու թափանցիկութիւնը եւ ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 152-րդ յօդուածի Ա. մասով, ինչպէս նաեւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 7-րդ յօդուածի 16-րդ մասով`
- Ստեղծել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին առընթեր ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումներու յանձնախումբ:
- Հաստատել`
1) Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին առընթեր ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումներու յանձնախումբի անհատական կազմը` համաձայն N 1 յաւելուածի.
2) Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին առընթեր ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումներու յանձնախումբի գործունէութեան կարգը` համաձայն N 2 յաւելուածի:
- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին առընթեր ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումներու յանձնախումբին`
1) մշակել եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին ներկայացնել ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումներու հայեցակարգը.
2) ապահովել հայեցակարգի վերաբերեալ հանրային քննարկումը.
3) Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին ներկայացնել Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքին մէջ եւ, ըստ անհրաժեշտութեան, ընտրական գործընթացները կարգաւորող այլ օրէնսդրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքներու նախագիծերը:
- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին առընթեր ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումներու յանձնախումբի ղեկավարումը յանձնարարել Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեանին եւ քարտուղար նշանակել «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» խորհրդատուական հասարակական կազմակերպութեան ծրագիրներու համակարգող Դանիէլ Իոաննիսեանը (համաձայնութեամբ):
- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին առընթեր ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումներու յանձնախումբի նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեանին լիազօրել ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումներու շուրջ քննարկումներ կազմակերպել Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած, ինչպէս նաեւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ, ներգրաւել զանոնք յանձնախումբի աշխատանքներուն մէջ:
Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Պատրաստակամ Են Սկսելու Քննարկումներու` Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւններուն Շուրջ
Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները տարածած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է.
«Հաշուի առնելով երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակը եւ մեկնելով քաղաքական լուծումներ տալու անհրաժեշտութենէն` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի առաջարկով Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած 4 խմբակցութիւնները կը յայտարարեն, որ պատրաստակամ են սկսելու քննարկումներ Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններուն շուրջ, ձեւաւորել աշխատանքային խումբ` իւրաքանչիւր խմբակցութիւնը ներկայացնող քաղաքական ուժէ երեքական ներկայացուցիչ ձեւաչափով:
Աշխատանքային խումբը պատրաստակամ է համագործակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատանքային խումբի լիազօր ներկայացուցիչներու հետ (երեք ներկայացուցիչ):
Քննարկումներու հետագայ աշխատանքը այլ շահագրգիռ դերակատարներու հետ, ժամանակացոյցը, պարբերականութիւնը պիտի հաստատուին աշխատանքային խումբի յառաջիկայ քննարկումներուն ընթացքին:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու ձեւաւորած աշխատանքային խումբի անդամներն են`
«Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն» խմբակցութիւն` Արփինէ Յովհաննիսեան, Դաւիթ Յարութիւնեան, Վիգէն Սարգսեան:
«Ծառուկեան» խմբակցութիւն` Նայիրա Զոհրաբեան, Սերկէյ Բագրատեան, Գէորգ Պետրոսեան:
«Ելք» խմբակցութիւն` Էտմոն Մարուքեան, Լենա Նազարեան, Գրիգորի Դոխոյեան:
«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութիւն` Արմէն Ռուստամեան, Սպարտակ Սէյրանեան, Լուսինէ Յովհաննիսեան:





