Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեանը` Մանուէլ Գրիգորեանի Ձերբակալութեան Մասին. «Եթէ Հաստատուի` Խայտառակութիւն Է Ու Ամօթ»

June 19, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եթէ այս ամէնը հաստատուի, խայտառակութիւն է ու ամօթ. Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին  յայտարարեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը` անդրադառնալով Ազգային ժողովի Հանրապետական պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի տան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) կողմէ խուզարկութեան եւ Գրիգորեանի ձերբակալութեան:

«Ասիկա այն դէպքն է, որ մարդ իր աչքի տեսածին չի կրնար հաւատալ: Եթէ այս ամէնը այնպէս է, ինչպէս տեսանք, ատիկա մեկնաբանութեան կարիք ալ չունի: Ես աւելի մեծ վտանգներ կը տեսնեմ. ազրպէյճանական համայնքը ինչպիսի հրճուանքի մէջ կը յայտնուի եւ կը փորձէ այս վիճակը  օգտագործել: Մանուէլ Գրիգորեանը մեծ դերակատարութիւն ունեցած է արցախեան ազատամարտին մէջ, ազատագրած է տարածքներ: Ասիկա ինչպէ՞ս պիտի ներկայացնեն անոնք, Արցախի հերոս է, ինչպէ՞ս պիտի  փորձեն վարկաբեկել` ասիկա է իմ մեծագոյն ցաւս: Այս ամէնը ինչպէ՞ս պիտի կարենանք մարսել», հարց տուաւ ան:

Ռուստամեան ընդգծեց, որ նախ եւ առաջ կատարողները պէտք է պատասխան տան երեխաներուն: «Ինչո՞ւ այդ նամակները կը գտնուին  այդտեղ, տրամաբանական բացատրութիւն չի կրնար ըլլալ այս բոլորին: Ցաւ կ՛ապրիմ: Ապշած, ցնցուած ըսելը շատ քիչ է», աւելցուց ան:

Պատգամաւորին համաձայն, զգացումի բաժինը մէկ կողմ, բայց օրինականութիւնը պէտք է պահպանուի: «Մենք հետամուտ պիտի ըլլանք, որ ամէն ինչ կատարուի օրէնքի տառին համապատասխան: Նիւթերը աւելի խորքային  պիտի ուսումնասիրենք, այս պահուն անձեռնմխելիութիւն կայ, կայ նաեւ  անմեղութեան կանխավարկած: Այս ամէնը նկատի պիտի ունենանք: Ասիկա շատ մեծ հարուած էր մեր անցած միացեալ գործունէութեան, յարաբերութիւններուն: Ես կը կարծեմ, որ պէտք է կարենանք այնպէս մը չընել, որ փորձ կատարուի թշնամիներուն կողմէ այս բոլորը ներկայացնել իրենց օգտին», յայտարարեց ան:

Ռուստամեան շեշտեց, որ տարիներ շարունակ անձեռնմխելի անձեր  անձեռնմխելի տարածքներ ստեղծած են, ուր ոչ ոք կրցած է մուտք գործել: «Այս փոփոխութիւններուն համար ուրախ եմ, չի կրնար ոեւէ մէկը ժողովուրդէն թաքնուիլ», ըսաւ ան:

Բացի ատկէ, պատգամաւորը ընդգծեց, որ իրենք փակ հանդիպումներու  ժամանակ բարձրաձայնած են բանակի սնունդի եւ հագուստի հետ կապուած հարցերու մասին: «® Ճիշդ պիտի ըլլայ, որ այս ամէնը տեղը դնելու գործընթացը իր վերջնական նպատակին հասնի», նշեց ան:

Ինչ կը վերաբերի այն հարցումին, թէ Մանուէլ Գրիգորեանը պէ՞տք է զրկել Արցախի հերոսի կոչումէն, Ռուստամեան պատասխանեց, որ մարդիկ ինչ որ կատարած են անցեալին, անոնց գնահատականը պէտք է ստանան անցեալին, ինչ որ կը կատարեն ներկայիս, գնահատականը պէտք է ստանան ներկայիս: «Ամէն ինչ իրար պէտք չէ խառնել: Մենք, վստահաբար, պէտք է իրերը իրենց անուններով կոչենք եւ ամէն ինչ չծայրայեղացնենք», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Պուլկարիա Վաւերացուցած Է Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Համաձայնագիրը

Յաջորդը

Վարչապետ Փաշինեան. «Թալանի Բոլոր Մասնակիցները Պէտք Է Պատասխանատուութեան Կանչուին»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.