Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան. «Թալանի Բոլոր Մասնակիցները Պէտք Է Պատասխանատուութեան Կանչուին»

June 19, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մենք գործ ունինք երրորդ հանրապետութեան պատմութեան մեծագոյն տարողութեամբ փտածութեան բացայայտման հետ», երէկ կառավարութեան արտահերթ նիստին ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` խօսելով Ազգային ժողովի պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի վերաբերեալ բացայայտման մասին: «Ազգային ժողովի պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի առանձնատան մէջ կատարուած բացայայտումները, բառին բուն իմաստով, ցնցող են», նշեց ան:

Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէնին` խնդրելով շնորհակալական խօսքեր ուղղել այն աշխատակիցներուն, որոնք կատարած են այս գործողութիւնը: «Բոլորս ալ կը հասկնանք, որ այս գործողութիւնը մէկ օրուան մէջ չէ կազմակերպուած, անոր նախորդած է ծաւալուն աշխատանք», նշեց ան:

Վարչապետը յոյս յայտնեց, որ այս գործի քննութիւնը ընթանայ պատշաճ մակարդակով: «Ես յոյս ունիմ, որ Հայաստանի քննչական ծառայութեան մէջ քննութիւնը կ՛ընթանայ բարձր մակարդակով, եւ գլխաւոր դատախազութիւնը կ՛ապահովէ քննութեան բարձր մակարդակը», ըսաւ  ան եւ աւելցուց. «Չեմ տեսներ որեւէ խոչընդոտ, որ գործի բոլոր մասնակիցները պատասխանատուութեան կանչուին` անկախ անոնց կոչումներէն, կարգավիճակներէն: Այս գործը պէտք է մինչեւ վերջ բացայայտուի»:

Վարչապետը հերթական անգամ ընդգծեց, որ փտածութեան հետ որեւէ զիջում պիտի չըլլայ: «Մենք կը յայտարարենք, որ փտածութիւնը Հայաստանէն արմատախիլ պիտի ընենք», ըսաւ ան:

Կառավարութեան արտահերթ նիստի օրակարգին վրայ էր Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ գումարել եւ ընդհանուր դատախազի` Մանուէլ Գրիգորեանին նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու եւ ազատութենէ զրկելու համաձայնութիւն տալու մասին միջնորդութեան համաձայնութիւն տալու նախագիծը: Կառավարութիւնը միաձայնութեամբ կողմ քուէարկեց նախագիծին:

Մանուէլ Գրիգորեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու հարցը Ազգային ժողովին մէջ պիտի քննարկուի այսօր:

 

Նախորդը

Արմէն Ռուստամեանը` Մանուէլ Գրիգորեանի Ձերբակալութեան Մասին. «Եթէ Հաստատուի` Խայտառակութիւն Է Ու Ամօթ»

Յաջորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Կը Մեկնի Բրիտանիա, Ֆրանսա Եւ Միացեալ Նահանգներ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.