Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «Յեղափոխական Ալիքի Վրայ Եկած Իշխանութիւնը Պէտք Չէ Կրկնէ Նախորդներուն Սխալները»

July 25, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Որեւէ խոչընդոտ չկայ, որ ՀՅԴ-ն մտնէ այս ընտրապայքարին մէջ, բայց վերջնական որոշումը պիտի տայ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը. Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն ըսաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՅԴ-ն պիտի մասնակցի՞ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն:

«Մասնակցութեան հարցը կը լուծէ Գերագոյն մարմինը, որովհետեւ շատ խնդիրներ կան` այս պայմաններուն մէջ ի՞նչ ձեւով պիտի երթանք ընտրութեան`  մասնակցութեան նախկին ձեւաչափո՞վ, թէ՞ ինչ որ նոր ձեւաչափով: Ներկայիս պայմանները կը թելադրեն նաեւ համապատասխան քաղաքական տեղի ու դերակատարութեան ճշդում: Ի վերջոյ, ատիկա քաղաքական լուրջ ընտրութիւն է: Ստեղծուած իրավիճակը Գերագոյն մարմինը կը վերլուծէ  եւ կ՛ըսէ իր վերջնական որոշումը», ըսաւ Ռուստամեան:

Դիտարկումին, թէ ի՞նչ պիտի փոխուի ընտրական հոլովոյթին մէջ, կ՛ենթադրուի, որ ՀՀԿ-ն թեկնածու չառաջադրէ, ան արձագանգեց, որ ստեղծուած է նոր քաղաքական իրավիճակ: «Երեւանն ալ այդ քաղաքական զարգացումներուն թատերաբեմը եղած է: Եւ, վստահաբար, այս նոր իրողութիւնները պիտի պարտադրեն նաեւ նոր մօտեցումներ ամէն քաղաքական ուժի, որ իր մարտավարութիւնը ճշդէ, քարոզչութեան ձեւերն ու մեթոտները մշակէ, եւ, վստահաբար, ընտրութիւնները պիտի անցնին բոլորովին նոր` այլ մթնոլորտի մէջ, որ, կը կարծեմ, շատ աւելի ժողովրդավարական պէտք է ըլլայ: Չեմ գիտեր` հանրապետականները  իրենք կ՛որոշեն` մասնակցին, թէ` չէ: Բայց նախկին ձեւերով` վարչական, ելեւմտական ® Ի դէպ, մենք նախորդ ընտրութիւններուն չմասնակցեցանք այդ պատճառաբանութեամբ, որովհետեւ երբ Ազգային ժողովի նախորդ ընտրութիւնները տեղի ունեցան, մենք գնահատեցինք, որ տեղի ունեցած է համատարած ընտրակաշառքի երեւոյթ, եւ ատիկա, բնականաբար, շատ սահուն պիտի անցնէր Երեւանի ընտրութիւններուն: Եւ քանի որ այնտեղ ալ քաղաքական մակարդակը աւելի ցած է, քան հանրապետական ընտրութիւններու մակարդակը, այդ պատճառով չմասնակցեցանք», նշեց Ռուստամեան եւ աւելցուց, որ այդ երեւոյթները նկատի ունենալով, նոր ընտրական միջավայր պէտք է ըլլայ, եւ ատիկա  աւելի քաղաքական ու ազատ ընտրութիւններ կ՛ենթադրէ:

Ռուստամեանի կարծիքով` յեղափոխական ալիքի վրայ եկած իշխանութիւնը  պէտք չէ կրկնէ նախորդներուն սխալները, որովհետեւ իրենք տեսած են անոնց ճակատագիրը: «Այսքանը բաւարար է` ենթադրելու, որ ընտրութիւնները պէտք է բարձր որակով կազմակերպուին», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՅԴ-ն քի՞չ առիթներ ունի, ինչպէ՞ս ինքը` Ռուստամեանը, կը գնահատէ այդ առիթները, պատգամաւորը ըսաւ. «Այդ կարծիքները, ըսեմ, միշտ եղած են, մեզի համար նորութիւն չեն: Որեւէ իրադարձութիւն, որ տեղի կ՛ունենայ, բոլորը կը կարծեն, որ Դաշնակցութեան գործերը աւարտած են: Ինչ ըսես` լսած ենք այդ առումով, բայց, ինչպէս կը տեսնէք, բոլորը կու գան-կ՛երթան, Դաշնակցութիւնը կը մնայ»:

 

Նախորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է Յունաստանի Նախագահին

Յաջորդը

Սկսած Են Հայաստանի Հանրապետութեան 2019-ի Պետական Պիւտճէի Նախագիծի Մշակման Աշխատանքները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.