Կառավարութիւնը սկսած է Հայաստանի Հանրապետութեան 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծի մշակման ուղղուած աշխատանքները: Յատկապէս` «Հայաստանի Հանրապետութեան 2019-ի պետական պիւտճէի մասին» օրէնքի նախագիծի բնագրային մասի նախնական տարբերակին վերաբերեալ իրենց առաջարկները կը ներկայացնեն նախարարութիւններն ու պետական միւս գերատեսչութիւնները: 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծը կը մշակուի ծրագրային պիւտճէաւորման ձեւաչափով:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ պէտք է շեշտադրումները դրուին ծրագիրներու բովանդակութեան վրայ, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատած է պիւտճէական ծախսերու արդիւնաւէտութեան բարձրացումը:



