Գլխաւոր լուրեր

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Պատուիրակութեան Հանդիպումը  Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Հետ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Հանդիպումը Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Հետ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը չորեքշաբթի, 23 մայիս 2018-ին հանդիպում մը ունեցաւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ: Պատուիրակութիւնը վեհափառ հօր ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին կապուած ծրագիրներուն ընթացքը, մանաւանդ պաշտօնական հանդիսութեան գծով: Վեհափառ հայրապետը վերահաստատեց իր հովանաւորութիւնը միութեան 100-ամեակի պաշտօնական հանդիսութեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Արծարծուեցան նաեւ միութեան այլ աշխատանքներուն կապուած մանրամասնութիւններ, որոնց մասին անհրաժեշտ նորութիւններ ներկայացուեցան վեհափառ հօր:

Համազգային Հայ Կրթական  Եւ Մշակութային Միութեան  Ը. Պատգամաւորական Ժողովի  Հաղորդագրութիւն

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Ը. Պատգամաւորական Ժողովի Հաղորդագրութիւն

Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը իր Ը. Պատգամաւորական ժողովը գումարեց Երեւանի «Անի» հիւրանոցի մէջ, 19, 20 եւ 21 մայիս 2018-ին: Ժողովին կը մասնակցէին 15 շրջաններ ներկայացնող  պատգամաւորներ, հրաւիրեալներ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւններու ներկայացուցիչները եւ ի պաշտօնէ` Համազգայինի հաստատութիւններու եւ գրասենեակներու տնօրէնները: Ժողովը մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեց յիշատակը անցնող քառամեակին մեզմէ առյաւէտ բաժնուած համազգայնականներու: Երեք օրերու...

Պըրրի` Խորհրդարանի Նախագահ  Ֆըրզլի` Խորհրդարանի Փոխնախագահ  Յ. Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ

Պըրրի` Խորհրդարանի Նախագահ Ֆըրզլի` Խորհրդարանի Փոխնախագահ Յ. Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ

Հայկական երեսփոխանական պլոք Խորհրդարանը երէկ վեցերորդ անգամն ըլլալով Նեպիհ Պըրրին ընտրեց իր նախագահը: 26 տարիէ ի վեր խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը վարող Պըրրի երէկ 98 թեր, 29 ձեռնպահ եւ 1 չեղեալ նկատուած քուէներով վերընտրուեցաւ` ներկայութեամբ 128 երեսփոխաններու: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի 14 երեսփոխաններ, որոնց միացան նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան 3 երեսփոխաններն ու Հզօր Լիբանան համախմբումի 12 երեսփոխաններ, սպիտակ քուէներով մասնակցեցան խորհրդարանի...

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան  Հանդիպումը Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Հետ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Հանդիպումը Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Հետ

  ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէ, անդամներ Բագրատ Եսայեանէ, Անդօ Պահարեանէ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանէ, չորեքշաբթի, 23 մայիս 2018-ին հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Պատուիրակութիւնը իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ընտրութեան առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց Հայաստանի զարգացման անոր աշխատանքներուն: Վարչապետը, իր կարգին, գնահատեց ՀՄԸՄ-ի դերը հայապահպանութեան աշխատանքին...

Արմէն Ռուստամեանը` Վարչապետի  Վարկանիշին Անկումին Մասին.  «Թերահաւատօրէն Կը Վերաբերիմ  Որեւէ Հարցախոյզի Հետ»

Արմէն Ռուստամեան. «Պէտք Է Յստակ Դառնայ, Թէ Խմբակցութիւններէն Ո՛վ Ընդդիմադիր Է, Ո՛վ Կառավարող»

Խորհրդարանին մէջ երէկ լրագրողները Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանին հարցուցին, թէ արդեօք կարելի՞ է ստորագրուի համաձայնական դաշինք ՀՅԴ, Ելք եւ Ծառուկեան խմբակցութիւններուն միջեւ: Ռուստամեան պատասխանեց, որ կայ խնդիր մը, որ չէ լուծուած: «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» օրէնքով նախատեսուած է, որ պէտք է ըլլան կառավարող եւ ընդդիմադիր խմբակցութիւններ: Կանոնակարգ-օրէնքի 7-րդ յօդուածը կը սահմանէ, որ ինչպէ՛ս ատիկա պէտք է յառաջանայ: Յօդուածին...

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Հայաստանի  Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ

Երէկ, հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի արտաքին գործոց  նախարար Զոհրապ Մնացականեան  հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Նախարարները շնորհաւորեցին զիրար այդ պաշտօններուն վրայ նշանակուելու եւ վերանշանակուելու առիթով` վերահաստատելով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ  դաշնակցային յարաբերութիւններու յաւելեալ ընդարձակման եւ խորացման շարունակականութեան ուղղութեամբ շահագրգռուածութիւնը: Կողմերը կարեւոր նկատեցին 14 մայիսին Սոչիի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր...

Քննարկուեցան Պարէնի Եւ Գիւղատնտեսութեան  Կազմակերպութեան Հետ  Համագործակցութեան Հարցերը

Քննարկուեցան Պարէնի Եւ Գիւղատնտեսութեան Կազմակերպութեան Հետ Համագործակցութեան Հարցերը

Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն հետ` ընթացիկ գործունէութիւնը եւ համագործակցութեան հեռանկարները քննարկելու նպատակով: Հանդիպման կը մասնակցէին Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ Արմէն Յարութիւնեան, Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան փորձագէտներ, նախարարութեան այլ պատասխանատուներ: Ողջունելով հիւրերը` նախարար Արթուր Խաչատրեան կարեւոր նկատեց Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան աջակցութեամբ գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ իրականացուող ծրագիրները` վստահութիւն յայտնելով,...

ՀՄԸՄ-ի Պատուիրակութիւնը Հանդիպում  Կ՛ունենայ Նախագահ Սարգսեանի Հետ

ՀՄԸՄ-ի Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Կ՛ունենայ Նախագահ Սարգսեանի Հետ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` բաղկացած Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէ, անդամ Բագրատ Եսայեանէ ու Անդօ Պահարեանէ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանէ, շնորհաւորական հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան նաեւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի ծրագիրներն ու Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի մանրամասնութիւնները:  

Ռուստամեան` Սարգսեան – Ալիեւ  Հանդիպումին Մասին. «Հայաստանի Նախագահը  Յստակօրէն Ներկայացուցած Է Մեր Մօտեցումները»

Ռուստամեան. «Ոգեւորութեամբ Կատարուած Ընտրութիւնը Պիտի Չտայ Լիարժէք Պատկեր»

«Սկզբունքներու, գաղափարներու տարբերութիւն միշտ ալ կայ, բայց երբ համաձայնական կամ որեւէ դաշինք պիտի ձեւաւորուի, տուեալ պարագային խօսքը կը վերաբերի միացեալ կառավարութիւն ձեւաւորելու, պէտք է համաձայնեցնել այն մօտեցումները, որոնք գոյութիւն ունին բոլոր կողմերու փլաթֆորմներուն մէջ: Մենք այդ ընդհանուրին մասին կը խօսինք», «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական...

Համբարձումեան. «Ասիկա Արտակարգ Իրավիճակի  Հետ Կապուած Համագործակցութիւն Է»

Համբարձումեան. «Ասիկա Արտակարգ Իրավիճակի Հետ Կապուած Համագործակցութիւն Է»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան, «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցին ընթացքին անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ինչու ՀՅԴ-ն յանկարծ որոշեց միանալ յեղափոխական շարժումին, նշեց. «Երբ սկսաւ յեղափոխական շարժումը, ՀՅԴ-ն կը գտնուէր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) հետ համաձայնական դաշինքի մէջ, արտակարգ իրավիճակը նկատի ունենալով` մենք կատարեցինք քանի մը յայտարարութիւններ, ուր կ՛առաջարկէինք իրավիճակէն դուրս գալու ելքերը եւ ճամբու քարտէսը, փորձեցինք լուծումները գտնել...

Հզօր Լիբանան Համախմբումի Նիստին.   «Վարչապետի Պաշտօնին Համար Կը Զօրակցինք Հարիրիի Թեկնածութեան Եւ Խորհրդարանի Փոխնախագահի Պաշտօնին Համար Կ՛առաջադրենք Ֆըրզլիի Թեկնածութիւնը»  Շեշտեց Պասիլ

Հզօր Լիբանան Համախմբումի Նիստին. «Վարչապետի Պաշտօնին Համար Կը Զօրակցինք Հարիրիի Թեկնածութեան Եւ Խորհրդարանի Փոխնախագահի Պաշտօնին Համար Կ՛առաջադրենք Ֆըրզլիի Թեկնածութիւնը» Շեշտեց Պասիլ

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան այսօրուան խորհրդարանի նախագահի, փոխնախագահի եւ դիւանի ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ օրերուն վարչապետ առաջադրելու պարտադիր խորհրդակցութիւններուն կապուած մանրամասնութիւններ: Նիստէն ետք Պասիլ հաստատեց, որ համախմբումը կը զօրակցի եւ կ՛որդեգրէ Սաատ Հարիրիի թեկնածութիւնը` վարչապետի պաշտօնին համար` հիմնուելով երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ: Խորհրդարանի...

Մարալ Մանիսի «Պոռթկումը»  Ցուցահանդէսին Պաշտօնական Բացումը

Մարալ Մանիսի «Պոռթկումը» Ցուցահանդէսին Պաշտօնական Բացումը

Երէկ` երեքշաբթի, 22 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, «Էքսոտ» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Մարալ Մանիսի պատկերներու եւ քանդակներու ցուցադրութիւնը, որ կը կրէր «Պոռթկում» խորագիրը: Մարալ Մանիս բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր առաջին ցուցահանդէսին բոլորին ներկայութեան համար: Խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան իր...

Հայաստանի Վարչապետը Յայտարարեց  Մարզպետներու Կազմի  Ամբողջական Փոփոխութեան Մասին

Հայաստանի Վարչապետը Յայտարարեց Մարզպետներու Կազմի Ամբողջական Փոփոխութեան Մասին

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի մարզպետներու կազմը ամբողջութեամբ պիտի փոխուի: Նիկոլ Փաշինեան այս յայտարարութիւնը կատարեց Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ կառավարութեան անդամներու երդմնակալութեան արարողութենէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին: «Կը կարծեմ, որ մարզպետներու կազմը ամբողջութեամբ պիտի փոխուի», նշեց Փաշինեան: Անդրադառնալով Յատուկ քննչական ծառայութեան եւ քննչական կոմիտէի ղեկավարներու փոփոխութեան կարելիութեան` Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ այդ հարցին մէջ օրէնսդրական խնդիրներ կան:...

Նախագահի Նստավայրին Մէջ  Տեղի Ունեցաւ  Կառավարութեան Անդամներու  Երդման Արարողութիւնը

Նախագահի Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Կառավարութեան Անդամներու Երդման Արարողութիւնը

Հայաստանի կառավարութեան անդամները նորանկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական նստավայրին մէջ իրենց պարտականութիւնները բարեխղճօրէն կատարելու երդում տուին: Առաջին երդում տուողը եղաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, այնուհետեւ` կառավարութեան բոլոր անդամները: Երդման բովանդակութիւնը հետեւեալն էր. «Յանուն համազգային նպատակներու իրականացման եւ հայրենիքի հզօրացման` կ՛երդնում բարեխղճօրէն կատարել ժողովուրդին առջեւ ունեցած պարտաւորութիւններս, պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, նպաստել Հայաստանի հանրապետութեան գերիշխանութեան եւ...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ընդունեց  Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու Տան Նախագահը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ընդունեց Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու Տան Նախագահը

Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունեց Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Տեմեթրիս Սիլուրիսը: Կարճատեւ առանձին զրոյցէն ետք տեղի ունեցաւ պատուիրակութիւններու ընդարձակ կազմով հանդիպումը: Ողջունելով հիւրերը` հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ նման բարձր մակարդակի պաշտօնական այցելութիւնները կը նպաստեն երկկողմանի կապերու ամրապնդման եւ ընդարձակման: Ըստ անոր, երկու ժողովուրդներու պատմական բարեկամութեան լաւագոյն արգասիքը Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ գոյութիւն ունեցող ամբողջական փոխըմբռնումն ու փոխադարձ աջակցութիւնն...

Քննարկուեցան Ֆրանսախօս  Պետութիւններու  17-րդ Վեհաժողովի Նախապատրաստական  Աշխատանքները

Քննարկուեցան Ֆրանսախօս Պետութիւններու 17-րդ Վեհաժողովի Նախապատրաստական Աշխատանքները

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ ֆրանսախօս պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու 17-րդ վեհաժողովի նախապատրաստութեան եւ կայացման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներու ընթացքը: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն, վարչապետը կարեւոր նկատեց վեհաժողովի բարձր մակարդակով կազմակերպումն ու կայացումը: «Ատիկա իր ծաւալով աննախադէպ նախաձեռնութիւն է երրորդ հանրապետութեան պատմութեան մէջ: Մենք պէտք է ընենք ամէն...

Ծանուցողական Լրատուութիւն.  Սրբուհի Ռիթայի Ուխտի Օր, Ռաուտայի Մխիթարեան  Վարժարանի Վերանորոգ Շէնքի  Եւ Նոր Տնօրէնութեան Ներկայացում

Ծանուցողական Լրատուութիւն. Սրբուհի Ռիթայի Ուխտի Օր, Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանի Վերանորոգ Շէնքի Եւ Նոր Տնօրէնութեան Ներկայացում

Սրբուհի Ռիթայի տարեկան ուխտի օրուան առիթով, կիրակի, 20 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ռաուտայի ուխտատեղիին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ Մխիթարեան միաբանութեան մեծաւոր Մեսրոպ Թ. ծ. վրդ. Սիւլահեան: Գերաշնորհ հայրը ըսաւ, որ Հոգեգալստեան տօնին առիթով հաւաքուած ենք սոյն ուխտատեղիին մէջ իբրեւ վերնատուն եւ կը սպասենք ու...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Ներկայացուցիչը Այցելեց Պըրրիի Եւ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչը Այցելեց Պըրրիի Եւ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթ օր այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաջորդող փուլին վերաբերող հարցեր: Հարիրիի Մօտ Նոյն օրը, Յ. Բագրատունի, ընկերակցութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, թէ Հարիրիի հետ քննարկած են Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս ընդգծելով կառավարութիւնը...

Արսէն Համբարձումեան. «Հաւանական Է  Համաձայնական Դաշինքի Ձեւաւորումը»

Արսէն Համբարձումեան. «Հաւանական Է Համաձայնական Դաշինքի Ձեւաւորումը»

Կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերուն միջեւ նպատակներու, սկզբունքներու ամրագրման համար փաստաթուղթի ստորագրման անհրաժեշտութիւն կայ: Այս մասին «Թերթ» կայքին յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան: Վերջինս նշեց, որ փաստաթուղթի մշակման շուրջ պաշտօնապէս այսպիսի բանակցութիւններ չեն սկսած, բայց հանդիպումներու ընթացքին խօսուեցաւ անոր կարեւորութեան մասին: Արսէն Համբարձումեան նշեց, որ այս պահուն դժուար է ըսել, թէ ի՛նչ անուն պիտի ունենայ այդ փաստաթուղթը,...

Զոհրապ Մնացականեան. «Մեր Առաջնահերթ  Պարտականութիւնն Է Ապահովել  Արցախի Անվտանգութիւնը»

Զոհրապ Մնացականեան. «Մեր Առաջնահերթ Պարտականութիւնն Է Ապահովել Արցախի Անվտանգութիւնը»

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 18 մայիսին ընդունեց Ստեփանակերտ եկած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութիւնը: Շնորհաւորելով նախարար Մնացականեանը արտաքին գործոց նախարար նշանակուելուն առիթով` նախագահ Սահակեան իր անվերապահ աջակցութինը յայտնեց արտաքին գործոց նախարարին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր իր պատասխանատու առաքելութեան մէջ: Շնորհակալութիւն յայտնելով բարեմաղթանքներուն եւ աջակցութեան...

Page 559 of 796 1 … 558 559 560 … 796

Արխիւներ