Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տօնոյեան. «Ապրիլեան Սադրանքի Կրկնութեան Պարագային Հայկական Կողմը Կրնայ Զերծ Չմնալ Իր Զինանոցին Մէջ Առկայ Զինատեսակներու Կիրարկման Գայթակղութենէն»

July 24, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող ռազմական դաշինքը  անհանգստութեան աղբիւր է Հայաստանի համար, քանի որ այդ դաշինքի քաղաքականութիւնը ուղղուած է ընդդէմ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան, ըստ «Արմէնփրես»-ի` «Ի. Էյ. Տէյլի»-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Թուրքիան սպառնալիք կը նկատուի՞ Հայաստանի անվտանգութեան համար:

«Անկասկած, վերոնշեալ երկու երկիրներու համագործակցութիւնը սպառնալիք է մեզի համար, յատկապէս` եթէ հաշուի առնենք այն հանգամանքը, որ Ազրպէյճանը բացէ ի բաց կը սպառնայ Հայաստանին պատերազմով, իսկ Թուրքիան ամէն միջոցով կ՛աջակցի Պաքուի զինուորական մտադրութիւններու կեանքի կոչման», նշած է Տօնոյեանը` յիշեցնելով, որ Թուրքիան, առհասարակ զինուորական  համագործակցութեան առումով, Ազրպէյճանի գլխաւոր գործընկերն է:

Նախարարը յիշեցուցած է, որ 2008-ին Հայաստանը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման փորձի ձեռնարկեց, սակայն պաշտօնական Անգարայի կողմէ պատասխան քայլեր չեղան: «Ի վերջոյ, այս հոլովոյթը կանգ առաւ Թուրքիոյ ղեկավարութեան կողմէ յառաջ մղուած նախապայմաններու պատճառով: Թուրքիան կը շարունակէ երկկողմանի յարաբերութիւններու լուծման հարցը կապել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հետ: Մենք ալ կը պնդենք, որ լաւագոյն լուծումը պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առանց նախապայմաններու երկխօսութեան հաստատումը, ինչ որ առիթ կու տայ մեր երկիրներուն քայլ առ քայլ ընթանալ դէպի լիարժէք երկկողմանի  յարաբերութիւններու հաստատման ուղղութեամբ: Սակայն, նկատի  առնելով նախորդ հոլովոյթին ձախողումը, այժմ Թուրքիոյ հերթն է` հանդէս գալու կառուցողական նախաձեռնութեամբ», յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը:

Անդրադառնալով Նախիջեւանի ուղղութեամբ Ազրպէյճանի զինուորական աշխուժութեան` նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ըսած է. «Այդ հատուածին մէջ զինուորական սադրանքի որեւէ արտայայտութիւն յղի է մեծ տագնապի մը բորբոքումով, որուն կ՛առնչուին նաեւ շրջանային այլ դերակատարներ»:

Նախարարը միաժամանակ շեշտած է, որ Հայաստանը խաղաղութիւն խնդրողի կարգավիճակին մէջ չէ, եւ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած սադրանքի պարագային հայկական կողմը կրնայ չդիմանալ  ձեռքի տակ եղած զինատեսակներու կիրարկման «գայթակղութեան»:

«Հայաստանի կառուցողական դիրքորոշումով հանդերձ` չեմ ուզեր  այն տպաւորութիւնը ստեղծուի, թէ Հայաստանը խաղաղութիւն խնդրողի դերին մէջ է: Ազրպէյճանական կողմին խորհուրդ կու տամ այսքան վստահ չըլլալ, որ ան կը վերահսկէ ռազմական իրավիճակի սրման հարցին: 2016-ի ապրիլեան սադրանքի կրկնութեան պարագային  հայկական կողմը կրնայ զերծ չմնալ իր զինանոցին մէջ առկայ բոլոր զինատեսակներու կիրարկման «գայթակղութենէն»` թշնամիին տալով լայնածաւալ եւ որոշիչ հակահարուած», ընդգծած է նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:

Անդրադառնալով Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ զինուորական արհեստագիտութեան եւ մարդկային ուժի կուտակման մասին հարցադրումին ու լայնածաւալ զինուորական  գործողութիւններու վերսկսման վտանգին` նախարարը նշած է, որ գործողութիւններու վերսկսման հաւանականութիւնը միշտ մեծ է բանակցութիւններու ընթացքին Պաքուի առաւելապաշտական պահանջներու պայմաններուն մէջ:

«Ազրպէյճանական զինուժի աշխուժութեան եւ կուտակումներուն մասին հաղորդագրութիւնները ճիշդ են, եւ նմանատիպ հոլովոյթներ կը դիտարկուին ո՛չ միայն արցախեան-ազրպէյճանական շփման գիծին մէջ, այլեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պետական սահմանին, յատկապէս` Նախիջեւանի ուղղութեամբ: Ազրպէյճանի պահուածքը ուրիշ բան չէ, եթէ  ոչ ուժի կիրարկման սպառնալիք, մինչդեռ ուժի կիրարկման բացառումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի հիմքն է», ըսած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սահակեանը Նախարար Արծուիկ Մինասեանին Հետ Քննարկած Է Տնտեսական Համագործակցութեան Հարցեր

Յաջորդը

Նախագահ Փութինն Ու Վարչապետ Փաշինեանը Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Են

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.