Գլխաւոր լուրեր

Ռուբէն Վարդանեանի Գործով  Դատաքննութիւնը Աւարտած Է

Ռուբէն Վարդանեանի Գործով Դատաքննութիւնը Աւարտած Է

Պաքուի մէջ աւարտած է Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ իրականացուող դատական քննութիւնը, կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները։ Դատարանի նախանցեալ օրուան նիստի ընթացքին կողմերը յայտարարած են, որ չեն առարկեր դատաքննութեան աւարտին եւ ճառերու փուլի մեկնարկին դէմ։ Բացի ատկէ, Վարդանեանի նշանակուած փաստաբանը ներկայացուցած է երկու միջնորդութիւն, զորս դատարանը չէ բաւարարած։ Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները չեն մանրամասնած, թէ ի՛նչ միջնորդութիւններ ներկայացուած են: Յաջորդ նիստը...

Թրամփ Պատժամիջոցներու Ենթակայ  Վենեզուելական Քարիւղատար Նաւերու  Պաշարում Յայտարարեց

Թրամփ Պատժամիջոցներու Ենթակայ Վենեզուելական Քարիւղատար Նաւերու Պաշարում Յայտարարեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Քարաքասի դէմ իր ճնշումի արշաւին մէջ մագլցողական նոր քայլով մը Վենեզուելայէն նաւարկող կամ այդտեղ ուղղուող պատժամիջոցներու ենթակայ քարիւղատար նաւերու պաշարում յայտարարեց։ Թրամփ նշեց. «Քարայիպեան շրջանին մէջ տեղակայուած ամերիկեան հսկայ նաւատորմիղը հետզհետէ պիտի մեծնայ, մինչեւ որ Վենեզուելան Միացեալ Նահանգներուն վերադարձնէ բոլոր քարիւղները, հողերն ու հաշիւները, որոնք նախապէս մեզմէ գողցաւ»։ «Մատուրոյի անօրինական վարչակարգը գողցուած այս քարիւղի դաշտերու...

Նախագահ Աուն. «Բանակցիլը Յանձնուիլ  Չի Նշանակեր, Եւ Պատերազմ Խրախուսողին  Խաղը Բացայայտուեցաւ»

Նախագահ Աուն. «Բանակցիլը Յանձնուիլ Չի Նշանակեր, Եւ Պատերազմ Խրախուսողին Խաղը Բացայայտուեցաւ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ Աշխարհի վրայ լիբանանեան մշակութային համալսարանի նոր վարչութիւնը ընդունելով յայտնեց. «Բանակցութեան ճամբով աշխատանք կը տանինք անվտանգութեան եւ կայունութեան մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ հաստատման համար, եւ բանակցիլը յանձնուիլ չի նշանակեր»։ «Իբրեւ հանրապետութեան նախագահ պիտի ընթանամ որեւէ ճամբով, որ զիս Լիբանանի շահը կ´առաջնորդէ, եւ ատոր մէջ կարեւորը պատերազմի ուրուականը հեռացնելը, վերաշինութիւնը, մարդիկ իրենց հողին վրայ հաստատելը,...

Այցելելով Պրիւքսել`  Ռաժժի. «Իրանի Հետ Եւրոպական Բանակցութիւնները  Թող Շրջանին Մէջ Անոր Թեւերու Հարցը Ներառեն»

Այցելելով Պրիւքսել` Ռաժժի. «Իրանի Հետ Եւրոպական Բանակցութիւնները Թող Շրջանին Մէջ Անոր Թեւերու Հարցը Ներառեն»

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի 27 պետութիւններէ բաղկացած Եւրոպական խորհուրդի քաղաքական ու անվտանգութեան յանձնախումբի դեսպաններուն հետ ունեցաւ ընդլայնուած հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծեց Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական կացութիւնը` լուսարձակները կեդրոնացնելով «երկիրը ոտքի կանգնեցնելու կառավարութեան ջանքերուն, տակաւին անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, մասնաւորաբար իսրայէլեան բռնագրաւումի հարցին վրայ»: Ռաժժի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի...

Վելայաթի. «Թրամփի Ծրագիր»-ը Գործնականին Մէջ  Նոյնն Է, Ինչ Որ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի  Նախագիծը, Իրանը Ատոր Դէմ Է»

Վելայաթի. «Թրամփի Ծրագիր»-ը Գործնականին Մէջ Նոյնն Է, Ինչ Որ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Նախագիծը, Իրանը Ատոր Դէմ Է»

Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն ղեկավարի միջազգային հարցերով խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթի Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գրիգոր Յակոբեանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է. «Կովկասի համար «Թրամփի ծրագիր»-ը գործնականին մէջ նոյնն է, ինչ որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի նախագիծը»` աւելցնելով, որ Թեհրան կտրուկ կերպով անոր դէմ է: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Կը հաղորդուի, որ հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկած են շրջանային եւ...

Քալուկին. «Մենք Պատրաստ Ենք  Թրիփփ Ծրագիրին  Մեր Մասնակցութիւնը Քննարկել  Հայ Գործընկերներու Հետ»

Քալուկին. «Մենք Պատրաստ Ենք Թրիփփ Ծրագիրին Մեր Մասնակցութիւնը Քննարկել Հայ Գործընկերներու Հետ»

Ռուսիան Հարաւային Կովկասի մէջ յառաջ կը մղէ «շրջանային խնդիրներու շրջանային լուծումներ» սկզբունքը, որ հիմք կը հանդիսանայ «3+3» շրջանային համագործակցութեան հարթակի աշխատանքին համար: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ԱՊՀ-ի երկիրներու չորրորդ բաժանմունքի տնօրէն Միխայիլ Քալուկինը: «Շրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին մէջ Ռուսիան, Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը կրցան 2021-2023 թուականներուն մշակել շարք մը փոխադարձաբար ընդունելի լուծումներ` փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ եռակողմ աշխատանքային...

Լաւրով. «Այն, Ինչ Որ Անցեալ Տարի Սուրիոյ Մէջ  Տեղի Ունեցաւ, Ներքին Հարց Է»

Լաւրով. «Այն, Ինչ Որ Անցեալ Տարի Սուրիոյ Մէջ Տեղի Ունեցաւ, Ներքին Հարց Է»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց. «Այն, ինչ որ անցեալ տարի Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ, ներքին հարց է, եւ Մոսկուան նոր իշխանութիւններուն հետ կայուն յարաբերութիւններ ունի»: «Սուտ կը խօսի ան, որ կը պնդէ, Ռուսիան պիտի լքէ Իրանը, եթէ Միացեալ Նահանգներու հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւէ», ըսաւ Լաւրով: «Եւրոպան պատմութեան ընթացքին մէկէ աւելի անգամներ բոլոր չարիքներու եւ տագնապներու աղբիւր եղաւ», նշեց...

Քրեմլին. «Պիտի Շարունակենք Հայաստանի Հետ Աշխատիլ` Յստակացնելու Համար ՀԱՊԿ-ի Վերաբերեալ Դիրքորոշումը»

Քրեմլին. «Ռուսիան Ուքրանիոյ Անվտանգութեան Երաշխիքներուն Վերաբերեալ Եւրոպական Առաջարկին Չծանօթացաւ»

Քրեմլին երէկ յայտարարեց. «Կ՛ուզենք Ուքրանիոյ մէջ տագնապին վերջ տալ, իրագործել մեր նպատակներն ու ապագային Եւրոպայի մէջ խաղաղութիւնը երաշխաւորել»: «Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու Քիեւի անվտանգութեան երաշխիքներուն վերաբերեալ միացեալ հաղորդակցութեան բնագիրին չծանօթացանք», նշեց Ռուսիոյ նախագահական պալատը: «Ռուսիան չ՛ուզեր զինադադար մը, որ Ուքրանիոյ շունչ քաշելու եւ պատերազմը շարունակելու կարելիութիւն կ՛ընծայէ», ըսաւ Քրեմլին: Քրեմլին նաեւ նշեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 16 հոկտեմբերէն ետք իր ամերիկացի...

Ակնարկ. Դիմումին Եւ Ընդառաջումին Շարժառիթները

Ակնարկ. Դիմումին Եւ Ընդառաջումին Շարժառիթները

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր յանձնակատար Քայա Քալլաս յայտարարած է, որ Հայաստանը կ՛ակնկալէ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ խառնաձեւ (հիպրիտային) սպառնալիքներուն դէմ պայքարելու համար: «Անոնք այնպիսի օգնութիւն խնդրած են, ինչպիսին մենք տրամադրեցինք Մոլտովային` չարամիտ ազդեցութեան դէմ պայքարելու համար», ըսած է Քալլաս: Ըստ Քալլասի, Եւրոպական Միութիւնը 15 միլիոն եւրօ կը տրամադրէ Հայաստանին խաղաղութեան եւ դիմակայունութեան ամրապնդման,...

ՀՅԴ-ի Պատուիրակութիւնը Այցելեց  Նախագահական Պալատ

ՀՅԴ-ի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախագահական Պալատ

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, մասնակցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի: Նախագահական պալատը հաղորդեց, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմին յայտնած է. «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին ճամբով, որուն ժողովը պիտի գումարուի յառաջիկայ ուրբաթ օր, բանակցութիւններու միջոցով հարաւային Լիբանանի մէջ...

Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները

Պարեկութիւն Կատարող Բանակային Միաւոր Մը Սուրիական Կողմէն Կրակոցի Ենթարկուեցաւ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ 14 դեկտեմբերին Մըշրֆէ-Հերմել շրջանին մէջ պարեկութիւն կատարող բանակային միաւոր մը սուրիական կողմէն կրակոցի ենթարկուեցաւ, ուստի հակադարձեց կրակոցի սկզբնաղբիւրներուն, առանց որ բանակայիններու շարքերուն մէջ վիրաւորներ արձանագրուին: Դէպքէն ետք բանակի եւ սուրիական առնչակից իշխանութիւններուն միջեւ հաղորդակցութիւններ տեղի ունեցան, եւ բնական կացութիւնը վերականգնուեցաւ: Նշենք, որ «Նաշրա» կայքը կիրակի օր հաղորդեց, թէ լիբանանեան բանակը Տանտաշ...

Քալլաս. «Հայաստանը Ընտրութիւններուն  Ընդառաջ Եւրոպական Միութենէն  Օգնութիւն Խնդրած Է»

Քալլաս. «Հայաստանը Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Եւրոպական Միութենէն Օգնութիւն Խնդրած Է»

2026-ի յունիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ Հայաստանը Եւրոպական Միութենէն օգնութիւն խնդրած է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ Պրիւքսելի մէջ յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս: Եւրոպացի պաշտօնատարին համաձայն, այս հարցը պիտի քննարկուի Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի` Պրիւքսելի մէջ նախաճաշի ընթացքին: «Դուք...

Քրեմլին. «ՀԱՊԿ»-ի Անդամակցութեան  Շարունակութիւնը Հայաստանի Շահերէն Կը Բխի»

Քրեմլին. «Քիեւի ՕԹԱՆ-էն Դուրս Մնալը Բանակցութիւններուն Մէջ Հիմնական Կէտ Է»

Քրեմլին երէկ յայտնեց, որ Քիեւի ՕԹԱՆ-էն դուրս մնալը պատերազմին վերջ տալու բանակցութիւններուն մէջ «հիմնական» կէտ է: Նշենք, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնած էր, որ ՕԹԱՆ-ի կարգ մը անդամներ իր երկրին ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան կ՛ընդդիմանան: Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով լրագրողներուն յայտնեց. «Այս հարցը հիմնականներուն շարքին է եւ յատուկ քննարկումի կը կարօտի»: «Ռուսիան Միացեալ Նահանգներէն կը սպասէ մեզ տեղեակ պահել սկզբունքէն, որուն...

Ակնարկ.  Պայմանաժամ Եւ Ճնշումներ

Ակնարկ. Պայմանաժամ Եւ Ճնշումներ

Իսրայէլեան  յարձակումները կը շարունակուին: Զինաթափման օրակարգին համար մինչեւ Ամանոր պայմանաժամին կը զուգադիպի նաեւ Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Իսրայէլի վարչապետին միջեւ ճշդուած հանդիպումը` դեկտեմբեր 30-ին: Սպառնալիքը այն է, որ եթէ առաջադրուած զէնքի մենաշնորհումի օրակարգը չկատարուի, ապա Իսրայէլին կանաչ լոյս կը տրուի լայնածաւալ յարձակումներ գործելու: Կը թուի, թէ Իսրայէլէն պահանջներ չկան: Յարձակումները դադրեցնելու, իր կողմէ վերահսկուած լիբանանեան տարածքներէն կամ ռազմագիտական...

Հոգեհանգիստ` Դաշնակցական Նահատակուած  Եւ Մահացած Ընկերներու Յիշատակին

Հոգեհանգիստ` Դաշնակցական Նահատակուած Եւ Մահացած Ընկերներու Յիշատակին

Երէկ` կիրակի, 14 դեկտեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ Պանթէոնին դիմաց, ՀՅԴ նահատակուած եւ մահացած ընկերներու յիշատակին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ ծաղկեպսակի զետեղում: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը նուագեց Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգները:  Հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարեց Արտաւազդ վրդ. Շառոյեան, որուն կ՛ընկերակցէին Ներսէս քհնյ. Պասիլեան եւ Սուրէն քհնյ. Արսլանեան: Ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ՀՅ Դաշնակցութեան, ՀՅԴ ԶՈՄ-ի, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի, ՀՅԴ...

Պետութեան «Զիջումներ» Կատարելէ  Դադրելու Կոչ Ուղղելով`  Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Պատրաստ Չէ Անձնատուր  Ըլլալու, Եւ Զէնքը Իսրայէլի Նպատակներու  Իրագործման Սիրոյն Պիտի Չխլուի»

Պետութեան «Զիջումներ» Կատարելէ Դադրելու Կոչ Ուղղելով` Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Պատրաստ Չէ Անձնատուր Ըլլալու, Եւ Զէնքը Իսրայէլի Նպատակներու Իրագործման Սիրոյն Պիտի Չխլուի»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ շաբաթ օր պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտարարեց. «Դիմադրութիւնը պատրաստ է լիբանանեան բանակին հետ առաւելագոյն գործակցութեան, եւ անոր օգնեց իշխանութիւնը հեզասահ կերպով տարածելու: Ան համաձայն է պաշտպանական ռազմավարութեան` Լիբանանի ուժէն ու Դիմադրութենէն օգտուելու համար, սակայն պատրաստ չէ որեւէ շրջագիծի, որ իսրայէլեան գոյացութեան եւ ամերիկացի բռնատէրին անձնատուր ըլլալու կը յանգեցնէ»: «Պետութեան խնդիրը երկիրը ոտքի կանգնեցնելու համար...

Կառավարութիւնը Նշանակեց Ընտրութիւններու  Վերահսկողութեան Մարմինը Վերա Եագուպեան` Անդամ

Կառավարութիւնը Նշանակեց Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան Մարմինը Վերա Եագուպեան` Անդամ

Կառավարութիւնը նշանակեց Ընտրութիւններու վերահսկողութեան մարմինը` հետեւեալ կազմով. Աֆիֆ Հաքիմ` նախագահ, Ֆատի Ղանթուս` փոխնախագահ, Վերա Եագուպեան, Միրէյ Ամաթուրի, Ժամալ Մահմուտ, Անթոնիօ Հաշեմ, Նատին Ֆարղալ, Իմատ Պաշիր, Ֆարիտ Ժըպրան, Թալալ Հաթում, Զիատ Սայէղ անդամներ:

Փալմիրի Մէջ Յարձակում`  Ամերիկեան-Սուրիական  Միացեալ Ուժի Մը Դէմ

Փալմիրի Մէջ Յարձակում` Ամերիկեան-Սուրիական Միացեալ Ուժի Մը Դէմ

Փալմիրի մէջ ամերիկեան-սուրիական միացեալ ուժ մը շաբաթ օր յարձակումի ենթարկուեցաւ: Աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ յարձակումին հեղինակը 10 ամիսէ ի վեր ներքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր ապահովութեան ուժերու անդամ մըն էր, եւ Փալմիր տեղափոխուելէ առաջ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ ծառայած է: Ան աւելցուց, որ ընդհանուր ապահովութեան ուժերու աւելի քան 11 անդամներ յարձակումէն անմիջապէս ետք կալանաւորուած են եւ այժմ...

ՀՅԴ 135-Ամեակի Փառաշուք Տօնակատարութիւն

ՀՅԴ 135-Ամեակի Փառաշուք Տօնակատարութիւն

Ռուստամեան. «Ներկայ Մարտահրաւէրների Յաղթահարման Միջոցը Սփիւռքում Համահայկական Զօրաշարժի Առաջացումն Է, Իսկ Հայաստանում Իշխանափոխութեան Օրակարգի Շուրջ Ընդդիմադիր Կուռ Ճակատի Ձեւաւորումը»  Պալապանեան. «Բոլոր Կողմերուն Հետ Խօսակից Մնալու, Համայնքներու Իրաւունքները Պաշտպանելու Եւ Որոշումներու Անկախութիւնը Պահելու Սկզբունքները Պիտի Առաջնորդեն ՀՅԴ-ն Յառաջիկայ Ընտրութիւններուն» «Պայքար` ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար» խորագիրը կրող հանդիսութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի մեծ ընտանիքը ուրբաթ, 12 դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Հապթուր»...

Թրամփ Չափազանց Դժգոհ Է Քիեւի  Եւ Մոսկուայի Դիրքորոշումէն

Թրամփ Չափազանց Դժգոհ Է Քիեւի Եւ Մոսկուայի Դիրքորոշումէն

Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «չափազանց դժգոհ» է Ուքրանիայէն ու Ռուսիայէն` շեշտելով, որ ներկայիս պատերազմին վերջ տալու «արարքներ» կ՛ուզէ: Լեւիթ յայտնեց. «Նախագահը պատերազմող երկու կազմերէն չափազանց դժգոհ է եւ ձանձրացած է ինքնանպատակ ժողովներէն»: «Այլեւս խօսք չ՛ուզեր, այլ գործ: Կ՛ուզէ, որ այս պատերազմը աւարտի», ըսաւ ան` նշելով. «Անոր պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆն ու անոր խումբը...

Page 55 of 795 1 … 54 55 56 … 795

Արխիւներ