Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց. «Պահանջեցինք կազմաքանդել Իրանին իւրանիոմ հարստացնել արտօնող ենթակառոյցը եւ հարստացուած նիւթը դուրս բերել երկրէն: Ուաշինկթընի մէջ մեր բանակցութիւններուն ընթացքին ընդգծեցինք, թէ անհրաժեշտ է չպահպանել իրանեան հրթիռային ծրագիրը, ինչպէս նաեւ պահանջեցինք իրանեան թեւաւոր հրթիռներուն հասողութիւնը միայն 300 քիլոմեթրով սահմանափակել»:
Ան ըսաւ, որ Իրանի հետ համաձայնութիւնը պարզապէս իւրանիոմի հարստացման գործողութեան դադրեցում պէտք չէ ըլլայ:
Միւս կողմէ, լաւատեղեակ երկու աղբիւրներ «Սի.Պի.Էս.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յունուարին Ֆլորիտայի մէջ Նեթանիահուի հետ ժողովի ընթացքին ըսած է, թէ պիտի աջակցի Իրանի թեւաւոր հրթիռներու ծրագիրին դէմ իսրայէլեան հարուածներուն, եթէ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւններու ընթացքին համաձայնութիւն չգոյանայ:
Մինչ այդ` Աֆղանիստանի գերագոյն հրամանատարի բանբեր Զապիհուլլա Մուժահետ յայտարարեց, թէ Իրան Միացեալ Նահանգներու կողմէ յարձակումի ենթարկուելու պարագային յաղթանակ պիտի արձանագրէ, իր երկիրին պատրաստակամութիւնը յայտնելով Թեհրանին աջակցելու եւ անոր հետ գործակցելու:
«Մենք պատերազմներու եւ հակամարտութիւններու չենք զօրակցիր, սակայն անցեալ անգամ, երբ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը յարձակումի ենթարկուեցաւ, արդիւնքը Իրանի յաղթանակն էր: Կը կարծեմ, որ այս անգամ եւս այդպէս պիտի ըլլայ, որովհետեւ Իրանը ուժ ունի: Իրան իրաւունքով է եւ ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքն ունի», նշեց Մուժահետ:
«Եթէ որեւէ դիմում ստանանք, աֆղանները պատրաստ են, իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ, իրանցի ժողովուրդին զօրակցելու եւ անոր հետ գործակցելու, եթէ զինուորական դժուարութիւններ յառաջանան: Կը յուսանք, որ երկու երկիրներուն միջեւ պատերազմ տեղի չի ունենար», աւելցուց աֆղան պաշտօնատարը:


