«Միացեալ Նահանգներու Խաղաղութեան Ծրագիրի Նոր Տարբերակը Կրնայ Ռուսիոյ Հաճելի Չգալ» Կ՛ըսէ Ուշաքով
Մենք ամերիկեան նախագիծերու որեւէ վերատեսութեան ենթարկուած տարբերակ չենք տեսած: Երբ տեսնենք, անոնցմէ շատերը կրնան մեզի հաճելի չգալ: Այս մասին լրագրողներուն յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով օգնական Եուրի Ուշաքով: «Մեզի պէտք է ցոյց տան, թէ ամերիկացիները եւրոպացիներու եւ ուքրանացիներու հետ ինչի՛ շուրջ համաձայնութեան եկած են», ընդգծած է Ուշաքով: Ուշաքով «Քոմերսանթ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ մէջ զինադադարը...




















