Գլխաւոր լուրեր

Ուիթքոֆ. «Ուքրանիոյ Շուրջ Մայամիի  Բանակցութիւնները Արդիւնաւէտ Ու Շինիչ Են»

Ուիթքոֆ. «Ուքրանիոյ Շուրջ Մայամիի Բանակցութիւնները Արդիւնաւէտ Ու Շինիչ Են»

Ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտնեց, որ Ֆլորիտա նահանգի Մայամի քաղաքին մէջ Ուքրանիոյ հակամարտութեան լուծման բանակցութիւնները «արդիւնաւէտ ու շինիչ» էին: Այս մասին հաղորդեց «Ռաշա Թուտէյ»-ը: «Որեւէ լուծում պէտք չէ մարտական գործողութիւններու դադրեցումով սահմանափակուի, այլ կայուն ապագայի ամուր հիմք դառնայ», ըսաւ ան: «Ամերիկեան-ուքրանական բանակցութիւնները կեդրոնացան լուծման հոլովոյթին մէջ յառաջիկայ քայլերու ժամկէտներուն եւ փուլերուն վրայ», յայտնեց Ուիթքոֆ` աւելցնելով. «Ուքրանիան արդար ու տեւական խաղաղութեան...

Փութին. «Ձեռք Բերուած Խաղաղութիւնը  Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Յարաբերութիւններու  Հետագայ Զարգացման Համար  Նոր Կարելիութիւններ Պիտի Բանայ»

Փութին. «Ձեռք Բերուած Խաղաղութիւնը Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Համար Նոր Կարելիութիւններ Պիտի Բանայ»

Երէկ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը: Ռուսիոյ նախագահը իր խօսքին մէջ նշած է. «Երէկ եւ այսօր մենք փոխանակուած ենք մեր աշխատանքի գնահատականներով: Ընդհանուր առմամբ, իմ կարծիքովս, ամէն ինչ շատ լաւ անցած է: Յոյսով եմ` մթնոլորտը լաւ էր: Սակայն ամէնէն կարեւորը` մեր խումբերը քրտնաջան աշխատած են բոլոր ուղղութիւններով, պատրաստած են...

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Դեսպանները  Միացեալ Նահանգներու Մէջ Մասնակցած Են  «Թրամփի Ուղի» Նախագիծի Քննարկման

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Դեսպանները Միացեալ Նահանգներու Մէջ Մասնակցած Են «Թրամփի Ուղի» Նախագիծի Քննարկման

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած է ԹՐԻՓՓ նախաձեռնութեան քննարկում, որուն մասնակցած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի դեսպաններ Նարեկ Մկրտչեան եւ Խազար Իպրահիմ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին կ՛ըսուի Միացեալ Նահանգներ-Ազրպէյճան առեւտուրի պալատի յայտարարութեան մէջ: Միացեալ Նահանգներ-Ազրպէյճան առեւտուրի պալատի կազմակերպած քննարկումին մասնակցած են նաեւ Ուաշինկթընի մէջ Վրաստանի, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի, Թիւրքմենիստանի եւ Ուզպեքիստանի դեսպանները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ...

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Կը Շարունակէ  Ելեւմտական Բացի Օրինագիծի Քննարկումը

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Կը Շարունակէ Ելեւմտական Բացի Օրինագիծի Քննարկումը

Նախարարաց խորհուրդը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր ժողովը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի: Նիստէն առաջ տեղի ունեցաւ Աունի եւ Սալամի միջեւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան երկիրին ընդհանուր կացութեան վերաբերող հարցեր եւ քննարկուեցան ամէնէն նշանակալից զարգացումները: Նախարարաց խորհուրդի նիստի օրակարգը կը բաղկանար երեք հիմնական կէտերէ` ելեւմտական բացի օրինագիծը, Լիբանանի մէջ...

Խմբագրական. Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Բ.) Առցանց Լսարաններու Երեւոյթը

«Ազդակ»-ի առցանց լսարանը սկիզբ առաւ «Քորոնա» համավարակի օրերուն, սկզբունքով փոխարինելու համար առկայ լսարանները, որոնք գրեթէ ամսական հերթականութեամբ տեղի կ՛ունենային, հիւրընկալելով Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն դասախօսներ: Առցանցը այսօր արդէն հատած է թիւով 80-ի սահմանը  եւ հաստատօրէն կ՛առաջնորդուի լրացնելու համար 100 թիւը: Թիւերով չէ միայն, որ կը յատկանշուին այս լսարանները: Հիւր-դասախօսներու մասնագիտութիւնը, անոնց ունեցած փորձառութիւնը ոչ միայն ակադեմական, այլ նաեւ քաղաքական...

Ուշաքով. «Միացեալ Նահանգներն Ու Արեւմուտքը Կը Փորձեն Սողոսկիլ Հարաւային Կովկաս»

Ուշաքով. «Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարման Նախաձեռնութեան Մէջ Լրջութիւն Չկայ»

Ուքրանիոյ խաղաղութեան ծրագիրին մէջ Քիեւի եւ Եւրոպայի կողմէ ներկայացուած փոփոխութիւնները կը յետաձգեն համաձայնութիւններու ձեռքբերումը: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով: «Ես աւելի քան վստահ եմ, որ այն կէտերը, որոնք եւրոպացիները կը փորձեն ներդրել, անշուշտ չեն բարելաւեր երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու կարելիութիւնները», նշեց Ուշաքով: Ռուսիոյ նախագահի օգնականը յայտնեց. «Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ միջեւ եռակողմ ժողով գումարելու նախաձեռնութեան մէջ լրջութիւն...

Քրեմլին. «Փութին Մաքրոնի Հետ  Երկխօսութեան Պատրաստ Է»

Քրեմլին. «Փութին Մաքրոնի Հետ Երկխօսութեան Պատրաստ Է»

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատրաստ է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ երկխօսութիւն կատարելու: Եթէ փոխադարձ քաղաքական կամքը ապահովուի, Ֆրանսայի նախագահի մտադրութիւնները դրական պիտի գնահատուին»: «Մաքրոն ըսաւ, որ պատրաստ է Փութինի հետ խօսելու: Այստեղ կարեւոր է յիշեցնել այն, ինչ որ ուղղակի հաղորդակցութեան ընթացքին ըսաւ, երբ Մաքրոնի հետ երկխօսութիւն կատարելու պատրաստակամութիւն յայտնեց: Ուստի, եթէ քաղաքական փոխադարձ կամք...

Ներկայացուցիչներու Տան Ներկայացուեցաւ  Հայաստանի Ապահովութիւնը  Երաշխաւորելու Բանաձեւը

Ներկայացուցիչներու Տան Ներկայացուեցաւ Հայաստանի Ապահովութիւնը Երաշխաւորելու Բանաձեւը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ կը զօրակցի Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած թիւ 6840 բանաձեւին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահէն պիտի խլէ Ազատութեան ջատագովման բանաձեւի թիւ 907 բաժինը շրջանցելու իրաւունքը: Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանին ռազմական աջակցութիւնները կասեցնելու նպատակով 1992-ին վաւերացուած թիւ 907 բաժինը ամբողջութեամբ չի գործադրուիր, որովհետեւ նախագահին տրուած է զայն շրջանցելու իրաւասութիւնը, եւ բոլոր նախագահները օգտագործած են...

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, ընկերակցութեամբ Քաթարի մէջ Մարմնակրթական անվտանգութեան միջազգային կեդրոնի նախագահ Մահմուտ Հանզապի, այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Պայրագտարեան նախագահին ներկայացուց ծրագիր մը` 2026-ի գարնան Լիբանանի հիւրընկալութեամբ «Մարմնակրթութիւնը, բարգաւաճումն ու խաղաղութիւնը» խորագիրով եւ շարք մը պետութիւններու ղեկավարներու, միջազգային քաղաքական ու մարզական պատասխանատուներու ներկայութեամբ միջազգային խորհրդաժողովի կազմակերպման: Քննարկումի առարկայ դարձան նաեւ...

Խմբագրական.  Տարեփակի Խոհեր (Ա.)  Ազգային Կողմնացոյցի Անհրաժեշտութիւնը

Խմբագրական. Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Ա.) Նախապատրաստութեան Տարի

Այլեւս աւանդութիւն դարձած է։ «Ազդակ» իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ փակուող տարուան ընթացքին իր գործունէութեան հիմնական բաժինները՝ տեղեկատուական կարգով, Ամանորին հրատարակուող բացառիկի ճամբով։ Վերջին տասնամեակին բացառիկներու «Ազդակ»-ի տարուան վերաբերող նիւթերու հաւաքումը մեծապէս կը նպաստէ «Ազդակ»-ի պատմութեան խմբագրման աշխատանքին։ «Ազդակ»-ի հիմնադրութենէն ի վեր տարբեր առիթներու եւ յատկապէս յոբելենական տարիներու առիթով «Ազդակ»-ի հրատարակած բացառիկները պարարտ նիւթ են «Ազդակ»-ի պատմութեան առաջադրելի խմբագրումին համար։ Այս...

Արցախի Գերի Ղեկավարները Պաքուի Մէջ  Հանդէս Կու Գան Եզրափակիչ Խօսքերով.  Դատախազը Կը Պահանջէ Ռուբէն Վարդանեանը  Ցմահ Բանտարկութեան Դատապարտել

Արցախի Գերի Ղեկավարները Պաքուի Մէջ Հանդէս Կու Գան Եզրափակիչ Խօսքերով. Դատախազը Կը Պահանջէ Ռուբէն Վարդանեանը Ցմահ Բանտարկութեան Դատապարտել

Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ աւարտին կը մօտենայ Արցախի նախկին ղեկավարներու դատավարութիւնը։ Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, երէկ անոնք սկսած են հանդէս գալ եզրափակիչ խօսքերով։ Նախանցեալ օր, Պաքուի մէջ ընթացող դատավարութեան ընթացքին դատախազը պահանջած է Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը դատապարտել ցմահ ազատազրկման: Աւելի կանուխ Ռուբէն Վարդանեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր իր աւագ որդիին՝ Դաւիթ Վարդանեանի հետ, յայտնելով, որ յառաջիկային...

Լեմքինի Հիմնարկը Թրամփին Կոչ Ուղղած Է՝  Պաքուի Մէջ Պահուող Հայերու  Ազատ Արձակման Օգնելու

Լեմքինի Հիմնարկը Թրամփին Կոչ Ուղղած Է՝ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայերու Ազատ Արձակման Օգնելու

Լեմքինի անուան ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը բաց նամակով դիմած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ յորդորելով ամէն ինչ ընել, որ Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիները ազատ արձակուին։ Հիմնարկը այս մասին յայտարարութիւն հրապարակելով շեշտած է, որ հայ պատանդները փաստացի լքուած են արտաքին աշխարհին կողմէ, երբ անոնք կը գտնուին պետութեան մը մէջ, որ վերջին հինգ տարուան ընթացքին հայերու դէմ երեք ցեղասպանական պատերազմ...

Մատպուլի-Սալամ Ընդլայնուած  Լիբանան-Եգիպտոս Բանակցութիւններ

Մատպուլի-Սալամ Ընդլայնուած Լիբանան-Եգիպտոս Բանակցութիւններ

Երէկ վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլիի միջեւ ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւնները։ Երկկողմանի հանդիպումէն ետք տեղի ունեցան լիբանանեան եւ եգիպտական պատուիրակութիւններուն միջեւ ընդլայնուած բանակցութիւններ, որոնց լիբանանեան կողմէն մասնակցեցան արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի, ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր, ճարտարարուեստի նախարար Իսա Խուրի, ուժանիւթի եւ ջրային...

Թրամփ. «Բանագնացները Ուքրանիոյ Հարցով  Որոշ Բանի Մը Հասնելու Եզրին Կը Գտնուին»

Թրամփ. «Բանագնացները Ուքրանիոյ Հարցով Որոշ Բանի Մը Հասնելու Եզրին Կը Գտնուին»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ուքրանիան յորդորեց Ռուսիոյ հետ պատերազմին վերջ տալու բանակցութիւններուն մէջ «արագ շարժելու»։ Թրամփ Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց, թէ բանագնացները «բանի մը հասնելու եզրին կը գտնուին։ Ամէն անգամ, որ հարցը կ´երկարեն, Ռուսիան կարծիքը կը փոխէ»։ Սպիտակ տունը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆն ու Թրամփի փեսան՝ Ճարետ Քուշները...

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Դէմ  Սադրանքը Ձախողեցաւ.  Սաղաթէլեան. «Հայ Ժողովուրդի Նկատմամբ  Կ´իրականացուի Ապազգայնացման Ծրագիր»

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Դէմ Սադրանքը Ձախողեցաւ. Սաղաթէլեան. «Հայ Ժողովուրդի Նկատմամբ Կ´իրականացուի Ապազգայնացման Ծրագիր»

Անջատուած եւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հանգստեան կոչուիլը պահանջող 10 եպիսկոպոսներ երէկ ժամը 5:00-ին Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ հրաւիրած էին հաւաք՝ իրենց պահանջը ներկայացնելու համար: Միաժամանակ, ընդդիմութեան զանազան ուժեր, որոնց կարգին ՀՅ Դաշնակցութիւնը՝ հաւատացեալներուն կոչ ուղղած էին համախմբուելու Ս. Էջմիածինի մէջ՝ պաշտպանելու համար Հայ առաքելական եկեղեցին եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը: 700 ոստիկաններ Ս. Էջմիածինի մէջ շղթայ մը կազմած...

Այս Շաբաթավերջին Մայամիի Մէջ Ուքրանիոյ  Շուրջ Ռուս-Ամերիկեան Բանակցութիւններ

Այս Շաբաթավերջին Մայամիի Մէջ Ուքրանիոյ Շուրջ Ռուս-Ամերիկեան Բանակցութիւններ

Russian presidential envoy Kirill Dmitriev, foreign policy aide Yuri Ushakov, U.S. President Donald Trump's special envoy Steve Witkoff and son-in-law Jared Kushner attend a meeting with Russian President Vladimir Putin at the Kremlin in Moscow, Russia, December 2, 2025. Sputnik/Alexander Kazakov/Pool via REUTERS ATTENTION EDITORS - THIS IMAGE WAS PROVIDED BY A THIRD PARTY. Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու...

Փեզեշքիան. «Պատրաստ Չեմ Բանակցելու Համար  Ամերիկեան Նուաստացուցիչ  Պայմանները Ընդունելու»

Փեզեշքիան. «Պատրաստ Չեմ Բանակցելու Համար Ամերիկեան Նուաստացուցիչ Պայմանները Ընդունելու»

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտարարեց. «Ամերիկան բանակցելու համար նուաստացուցիչ պայմաններ կը ներկայացնէ, եւ ես պատրաստ չեմ զանոնք ընդունելու։ Նուաստացումը պիտի չընդունինք, եւ տկար ու բզկտուած Իրան մը պիտի չընդունինք»։ Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը։ Փեզեշքիան Թեհրանի մէջ ականաւոր անձնաւորութիւններու եւ քաղաքական վերնախաւի հետ ժողովի ընթացքին նշեց. «Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցեցանք, եւ պատրաստ էինք համաձայնութեան հասնելու, սակայն համաձայնութիւնը պատերազմով ձախողեցուցին»։...

Սաար. «Մեր Փափաքը Լիբանանի Հետ  Յարաբերութիւններու Բնականոնացումն Է,  Եւ Տարակարծութիւնները Կարելի Է Շրջանցել»

Սաար. «Մեր Փափաքը Լիբանանի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումն Է, Եւ Տարակարծութիւնները Կարելի Է Շրջանցել»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաար «Արապիա»-ի անգլերէն ծառայութեան յայտնեց. «Մեր փափաքը Լիբանանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումն է, եւ տարակարծութիւնները կարելի է շրջանցել»։ «Լիբանանի հետ տարակարծութիւնները չնչին են, եւ զանոնք կարելի է լուծել», աւելցուց ան։ «Մենք չենք կարծեր, որ Հըզպալլայի դէմ մեր յարձակումները Լիբանանի գերիշխանութիւնը կþոտնահարեն», պնդեց իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը։ «Պէտք է Իսրայէլի անվտանգութեան համար ոչնչացնենք Հըզպալլան», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ...

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտեան շարք մը յարձակումներ գործեց Հերմելի բացատներուն վրայ։ Ապա հարաւային Լիբանանի մէջ շարք մը օդային յարձակումներ գործելով թիրախաւորեց Ժապպուր եւ Քաթրանի շրջաններն ու Զաութարի մէջ Լիթանի գետին հունը։ Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը նաեւ երկու հրթիռներ արձակեց թիրախաւորելով Թիպէ գիւղը։ Իսրայէլեան բանակի բանբերը պնդեց, թէ բանակը Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ Հըզպալլայի պատկանող ենթակառոյցներ թիրախաւորած է։ Իսրայէլեան բանակը...

Ակնարկ.   Չինաստանէն Սէուտական Արաբիա, Բանակցային Երեւոյթներ

Ակնարկ. Չինաստանէն Սէուտական Արաբիա, Բանակցային Երեւոյթներ

Լիբանանեան լրատուադաշտին մէջ հնչեղութիւն ստացաւ Հըզպալլայի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատուին Սէուտական Արաբիա մեկնումը։ Ուշագրաւ էր, որ կը հաղորդուէր, որ եռօրեայ այս հանդիպումները երաշխաւորուած եւ միջնորդաւորուած են Թուրքիոյ կողմէ։ Կայ նաեւ լիբանանեան բաժինը՝ նախագահի գիտակցութեամբ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահի տնօրինութեամբ։ Շրջագիծը լրատուութեան այս ձեւով կþամբողջացուի։ Որոշ արձանագրումներ անպայման պէտք է կատարել այս առիթով։ Նախ, անմիջապէս մտաբերել Փեքինի մէջ Չինաստանի միջնորդութեամբ Իրանի եւ...

Page 54 of 795 1 … 53 54 55 … 795

Արխիւներ