Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.   Քաղաքակիրթ Բանավէճ Եւ Զուտ Իրաւական Հարթութիւն

Ակնարկ. Քաղաքակիրթ Բանավէճ Եւ Զուտ Իրաւական Հարթութիւն

Հայաստանի երկրորդ նախագահի կալանաւորումը  տեղի տուած է տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու: Տարաբնոյթը որոշ տեղեր վերածուած է ուղղակի հակոտնեայ տեսակէտներով եւ իրերամերժ փոխամբաստանութիւններով յատկանշուող  ընդհանուր մթնոլորտի: Նման մթնոլորտ քաղաքական եւ հասարակական բեմերու վրայ այդքան ալ անհաւանական կրնայ չթուիլ, եթէ մտաբերենք որեւէ երկրի պարագային նախկին նախագահի նկատմամբ քրէական գործի յարուցման եւ անոր հետեւող կալանաւորման որոշումի պարագաներ: Զգայացունց եղելութիւններուն կը հետեւին թէժ քննարկումներ: Այդ քննարկումները...

Իտալիոյ Նախագահը Հայաստանի Ղեկավարութեան Հետ Քննարկեց Հայ-Իտալական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման Հեռանկարները

Իտալիոյ Նախագահը Հայաստանի Ղեկավարութեան Հետ Քննարկեց Հայ-Իտալական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման Հեռանկարները

Պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլա 31 յուլիսին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին հետ ներկայ գտնուած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ Մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման հայ-իտալական շրջանային կեդրոնի բացման արարողութեան, այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան-համալիր, նաեւ հանդիպումներ ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի հետ: Մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման հայ-իտալական շրջանային կեդրոնի բացումին...

Արսէն Համբարձումեան. «Ընտրութիւններու  Նախապատրաստութեան Համար Ժամանակ Պէտք Է»

Համբարձումեան. «Սահմանները Բանալու Քայլը Թրքական Կողմը Պէտք Է Առնէ»

«168.am»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան անդրադարձած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, որուն մէջ վերջինս յայտնած է, թէ Հայաստան պատրաստ է Թուրքիոյ հետ սահմանները առանց նախապայմաններու բանալու, ընդ որում` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը փակած է Թուրքիան, Հայաստանի կողմէ զայն կարելի է նկատել ոչ փակ: «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը միշտ յայտարարած է, որ Հայաստան...

Բալայեանի Մամլոյ Ասուլիսը` Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան Զանազան Հարցերուն Մասին

Բալայեանի Մամլոյ Ասուլիսը` Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան Զանազան Հարցերուն Մասին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած  մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան խօսած է ներքին եւ արտաքին տարբեր հարցերու ու զարգացումներու մասին: Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումի Թուականը Տակաւին Յստակ Չէ Ըստ Բալայեանի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու յառաջիկայ հանդիպումի ժամկէտին վերաբերեալ տակաւին յստակ համաձայնութիւն չկայ: Խօսելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի...

ՀՅԴ ԶՈՄ.  Հանդիպում Աբովեան Համայնքի Ղեկավարին Հետ

ՀՅԴ ԶՈՄ. Հանդիպում Աբովեան Համայնքի Ղեկավարին Հետ

Երեքշաբթի, 31 յուլիս 2018-ին, Աբովեան համայնքի ղեկավար Վահագն Գէորգեան ընդունեց Լիբանանի ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան երիտասարդները եւ Աբովեանի ՀՅԴ կոմիտէի անդամները: Զաւարեանականները շնորհակալութիւն յայտնեցին Աբովեան համայնքի ղեկավարին` միութեան կազմակերպած ճամբարին աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար: Հանդիպումի ընթացքին համայնքի ղեկավար Վահագն Գէորգեան առաջարկեց ստեղծել համահայկական երիտասարդական ֆորում, որուն պիտի կարենայ մասնակցիլ աշխարհասփիւռ ուսանողութիւնը եւ իւրաքանչիւր տարի Աբովեան համայնքին մէջ հանդիպում-քննարկում ծաւալել Հայաստանի մշակոյթը,...

Նախագահի Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի Եւ Իտալիոյ Նախագահներու Հանդիպումը

Նախագահի Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի Եւ Իտալիոյ Նախագահներու Հանդիպումը

Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Իտալիոյ նախագահներու հանդիպումը, որուն մասնակցած են երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները: Նախագահ Արմէն Սարգսեան, ողջունելով Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլան, նշած է, որ անոր այցելութիւնը պատմական է, որովհետեւ Իտալիոյ նախագահի առաջին այցելութիւնն է Հայաստան: Ընդգծելով, որ հայ-իտալական յարաբերութիւններու հիմքերը երկու հնամենի ժողովուրդներու պատմական սերտ առնչութիւններն ու նոյնակունք արժեհամակարգն են, նախագահ Արմէն Սարգսեան...

Փաշինեան. «Գերիշխող Դիրքի Չարաշահման Դէպքեր Պէտք Չէ Ունենանք»

Փաշինեան. «Գերիշխող Դիրքի Չարաշահման Դէպքեր Պէտք Չէ Ունենանք»

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ  տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են տարբեր մարզերու մէջ մենաշնորհային դիրք ունեցող ընկերութիւններու գործունէութեան ընթացքին տեղ գտած չարաշահումներու  կանխարգիլման, արդար եւ բարեխիղճ մրցակցութեան ապահովման  ուղղուած հարցեր: «Այսօրուան մեր քննարկման նիւթը պիտի ըլլայ այն, ինչ որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ յայտնի է իբրեւ մենաշնորհ, տէ ֆաքթօ, թէ տէ ժուրէ` տուեալ պարագային այնքան ալ էական...

Բագրատունի Ընդունեց Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը

Բագրատունի Ընդունեց Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը

Արտաքին յարաբերութիւններու խորհրդարանական յանձնախումբի քարտուղար, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, խորհրդարանին մէջ ընդունեց ֆրանսական խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ Մարթին Ուընըրի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխաններ Ալի Պեզզի եւ Իպրահիմ Ազար: Ֆրանսական պատուիրակութեան հետ քննարկուեցան սուրիացի տեղահանուածներու խնդիրը, Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը, լիբանանեւֆրանսական յարաբերութիւնները եւ այն ոլորտները, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ երկու երկիրներու կապերու բարելաւման: Բագրատունի, շեշտելով Լիբանանի եւ Ֆրանսայի մնայուն բարեկամական կապերը, ներկայացուց...

Հիմնական Նպատակը Միջին Արեւելքի Մէջ Արցախի Ճանաչողութիւնը Բարձրացնելն Է

Հիմնական Նպատակը Միջին Արեւելքի Մէջ Արցախի Ճանաչողութիւնը Բարձրացնելն Է

20-22 յուլիսին Արցախ կը գտնուէին Միջին Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան եւ Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան: Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով հաւաքուած էին Արցախի բոլոր ներկայացուցչութիւններու պատասխանատուները: Արտաքին աշխարհին մէջ Արցախը ներկայացնողները շարք մը պաշտօնական հանդիպումներ ունեցած են, իրար լսելով, կարծիքներ փոխանակած եւ նախանշած յառաջիկայ գործունէութեան ուղղութիւնները: Միջին Արեւելքի մէջ Արցախի գրասենեակի պատասխանատուին...

Երիտասարդական Խտացեալ  Դասընթացքը Ընթացք Առաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երիտասարդական Խտացեալ Դասընթացքը Ընթացք Առաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր յարկին տակ հիւրընկալած է Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներուն եւ համալսարաններուն մէջ ուսանող շուրջ 20 երիտասարդներ (Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան թեմ` 4 հոգի, Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմ` 12 հոգի, Քանատայի թեմ` 1 հոգի), որոնք պիտի հետեւին երկու շաբթուան վրայ երկարող Աստուածաշունչի, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, միջեկեղեցական, քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեան, Հայ դատի եւ ընկերաբարոյական մարզերուն առնչուած նիւթերու խտացեալ դասընթացքին: Արամ...

Վարչապետ Փաշինեան. «Ռուսիան Ալիեւին Պատերազմէ Հրաժարիլ Տալու Բոլոր Կարելիութիւնները Ունի»

Ակնարկ. Սահմանի Բացման Ենթաուղերձն Ու Սպասուող Բուն Ուղերձը

«Հայաստանը պատրաստ է առանց որեւէ նախապայմանի բացել Թուրքիայի հետ սահմանը»: «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ այս մասին յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան (news.am): Լուրի կամ աւելի ճիշդը խորագիրի հաւաստիութիւնը խնդրոյ առարկայ է: Մանաւանդ որ սահմանի փակումէն ի վեր Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան այս գերակայ ուղղութեան վերաբերող խնդիրին մէջ միշտ ցուցաբերուած է հետեւողականութիւն` սահմանի փակումին ամբողջական պատասխանատուութիւնը բարդելով Անգարայի ուսերուն:...

Վարչապետ Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Լուքաշենքոյի Հետ

Վարչապետ Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Լուքաշենքոյի Հետ

Հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ 28 յուլիսին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի միջեւ: Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ ղեկավարները քննարկած են երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերող շարք մը հարցեր: Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ փոխադարձ գործակցութեան:

Համբարձումեան. «Սահմանադրական Կարգի Տապալման Մասին Խօսիլը Բոլորովին Այլ Տեղ Կը Տանի»

Համբարձումեան. «Սահմանադրական Կարգի Տապալման Մասին Խօսիլը Բոլորովին Այլ Տեղ Կը Տանի»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կողմէ անցեալ շաբաթ հրապարակուած յայտարարութեան վերաբերեալ կատարուած տարբեր մեկնաբանութիւններուն մասին «Երկիր» զրուցած է Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանին հետ, որ դիտել տուած է, թէ յայտարարութիւնը պէտք է ընկալել իր ամբողջութեան մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ լաւապէս հասկնալ, որ Դաշնակցութեան նպատակը ոչ մէկ ձեւով Ռոպերթ Քոչարեանը պաշտպանելն է: Ըստ անոր, այս յայտարարութեամբ մտահոգութիւն կը յայտնուի կարգ մը  հանգամանքներու...

Իշխանեան. «Մեր Պետական, Ազգային Արժեհամակարգին Որոշակի Հարուածներ Կ՛ուղղուին»

Պաշտօնաթող նախագահները եւ տարբեր քաղաքական դէմքեր, որոնք ժամանակին կրած են որոշակի պատասխանատուութիւն, մեղադրեալի աթոռին նստեցնելը կրնայ մեր համազգային նպատակներուն, որդեգրած քաղաքականութեան մէջ լուրջ ճեղքեր յառաջացնել: Այս մասին «Երկիր Մետիա»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին,  անդրադառնալով Հայաստանի մէջ կատարուող վերջին իրադարձութիւններուն, յատկապէս` Հայաստանի 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ձերբակալութեան, ըսաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան: Ան նշեց, որ այսպիսով մեր պետական,...

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Տօնակատարութիւնները  Եւ ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Բանակումը Աւարտեցան Յաղթանակի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսով

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Տօնակատարութիւնները Եւ ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Բանակումը Աւարտեցան Յաղթանակի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսով

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Այցելեց ՀՄԸՄ-ի Բանակավայր Եւ Սկաուտներուն Յորդորեց Նուիրական Աշխատանքով Շէնացնել Մեր Կեանքը Երէկ, երեկոյեան, յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսով իրենց աւարտին հասան  ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններն ու համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումը, որոնք ամբողջ տասը օր մէկ դարեայ «կամաւոր բանակ»-ին խօսքն ու գործը ծանօթացուցին հայրենի հայութեան, հայ մարմնակրթութեան 100 տարուան աւանդներուն վերարժեւորումը կատարեցին եւ Հայաստանին յիշատակ ձգեցին 100-ամեակի յուշակոթողը Բիւրականի մէջ, Վահան...

Կրտսեր Պատանիներու Տարեկան Բանակում.  ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Տարեկան Բանակումը` Նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100-ամեակին

Կրտսեր Պատանիներու Տարեկան Բանակում. ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Տարեկան Բանակումը` Նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100-ամեակին

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպութեամբ, երէկ Այնճարի մէջ ընթացք առաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած կրտսեր պատանիներու բանակումը: Բանակումին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ` մասնակցութեամբ 68 կրտսեր պատանիներու, որոնք բաժնուած են 4 խումբերու` «Յովհաննէս Քաջազնունի», «Ալեքսանտր Խատիսեան», «Համօ Օհանջանեան» եւ «Սիմոն Վրացեան»` ի յիշատակ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 4 վարչապետներուն: Բանակումին մասնակիցները պիտի հետեւին դաստիարակչական ծրագիրներու (դասախօսութիւններ...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի գերագոյն մարմինը երէկ հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. Երկրում ընթացող վերջին իրադարձութիւնների կապակցութեամբ յայտնում ենք, որ օրինականութեան հաստատման, օրէնքի առջեւ բոլորի հաւասարութեան, անպատժելիութեան մթնոլորտի վերացման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը ողջունելի են: Խիստ կարեւոր է, որ բոլոր գործընթացները տեղի ունենան իրաւական հարթութեան վրայ` օրէնքի տառին ու ոգուն համապատասխան եւ որեւէ հիմք չտան տարատեսակ մեկնաբանութիւնների եւ քաղաքական շահարկումների համար: Երկրի առջեւ ծառացած ներքին...

Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ.  Վարչապետ Փաշինեան. «Այսօր Ձեռք Բերուած Պայմանաւորուածութիւնները Պիտի Նպաստեն ԵՏՄ Արդիւնաւէտութեան Բարձրացման»

Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ. Վարչապետ Փաշինեան. «Այսօր Ձեռք Բերուած Պայմանաւորուածութիւնները Պիտի Նպաստեն ԵՏՄ Արդիւնաւէտութեան Բարձրացման»

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը երէկ ելոյթ ունեցած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի` ընդլայնուած կազմով նիստի ընթացքին: Ելոյթին վարչապետ Փաշինեան Ռուսիոյ վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ըսած է. «Մայիսին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Եւրասիական Բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին իմ ելոյթիս մէջ ես հաստատեցի Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութիւնը միջազգային պարտաւորութիւններու նկատմամբ` այդ կարգին Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) շրջագիծին մէջ: Նախանշեցի ԵՏՄ գործընկերներու հետ աշխուժ...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Նախագահ Աունի

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Նախագահ Աունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ կէսօրին այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւններ, սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող ռուսական նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի նախագահական պալատէն յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նաեւ Մեթնի կարիքները:

Լիզպոնի Գործողութեան 35-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ

Լիզպոնի Գործողութեան 35-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ

«Լիզպոնի Գիտակից Ինքնանահատակութիւնը Արդարութեան Եւ Իրաւունքի Հաստատման Յեղափոխական Ու Քաղաքական Աքթ Է Եւ Վերազարթնող Կոչ` Հայու Ինքնութեան Պահպանման Ու Ամրապնդման» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի Երէկ` ուրբաթ, 27 յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահը լեցուցած հայորդիներուն, յատկապէս երիտասարդներուն հետ հաղորդակցելու, անոնց պատգամներ փոխանցելու եւ իրենց կատարած վեհ գործողութեան անժամանցելիութիւնն ու կարեւորութիւնը շեշտելու «եկած էին» Սիմոնը, Սագոն, Վաչէն, Արան ու Սեդրակը:...

Page 546 of 797 1 … 545 546 547 … 797

Արխիւներ