Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեանն Ու Ալիեւը Համաձայնած Են Սահմանագիծին Մէջ Լարուածութիւնը Նուազեցնելու Եւ Միջադէպերը Կանխելու Մասին

September 29, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տուշանպէի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է սահմանագիծին մէջ լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ միջադէպերը կանխելու վերաբերեալ: «Արմէնփրես»-ի   հաղորդումով, այս մասին վարչապետը ըսած է «ֆէյսպուք»-ի ուղիղ եթերի ժամանակ:

«Այս անգամ որոշակի առարկայական խօսակցութիւն տեղի ունեցաւ եւ անոր հիմամբ մենք քանի մը կարեւոր կէտեր արձանագրեցինք: Պայմանաւորուեցանք, որ մեր պաշտպանութեան նախարարներուն յանձնարարութիւն տանք, որ վերջիններս քայլեր ձեռնարկեն սահմանագիծին մէջ լարուածութիւնը իջեցնելու եւ սահմանային միջադէպերը կանխելու վերաբերեալ: Կը կարծեմ, որ ասիկա կարեւոր պայմանաւորուածութիւն է», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:

Վարչապետին համաձայն, այս մասին տեղեակ պահուած է նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը: «Յանձնարարական եւ համապատասխան հրաման տուած եմ մեր զինուած ուժերուն եւ նախորդ գիշերը, կրնամ  ըսել, եղած է իմ վարչապետ ընտրուելէս ետք ամէնէն խաղաղ գիշերը», նշած է վարչապետը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ խօսակցութեան ընթացքին արձանագրուած  է նաեւ բանակցային գործընթացի նկատմամբ հաւատարմութիւնը: «Մենք պայմանաւորուած ենք գործնական կապի հաղորդակցութիւն ստեղծել, իսկ թէ անիկա ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, թեքնիք առումով պայմանաւորուածութիւն ձեռք չենք բերած», ընդգծած է ան` աւելցնելով, որ բովանդակային որեւէ քննարկում չէ եղած:

«Ես ուրախ եմ եւ յոյս ունիմ, որ  այդ պայմանաւորուածութիւնները կը պահպանուին, քանի որ  անոնց պահպանումը չափազանց կարեւոր է», ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Նախորդը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տուշանպէի Մէջ Մասնակցած Է ԱՊՀ Մասնակից Պետութիւններու Ղեկավարներու Խորհուրդի Հերթական Նիստին

Յաջորդը

Ակնարկ. Ռազմական Արդիւնաբերութեան Շուկան Աշխուժ Պահելու Համար

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.