Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը 26 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար Նիւ Եորք գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
45 վայրկեան տեւած այս հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցած խորհրդակցութիւնները կեդրոնացած են Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն, Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութեանց, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան վրայ:
ՀՅԴ-ի եւ Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան, իսկ անոր մաս կը կազմէին` ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի համաատենապետներ տոքթ. Քարմէն Օհանեան եւ Աւետիք Իզմիրլեան, ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ Ճորճ Աղճայեան եւ անդամներ` դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեան, դոկտ. Հայկ Օշական եւ Ժանօ Աւետիսեան, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան: