Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տաճիկիստանի մայրաքաղաք Տուշանպէի մէջ մասնակցած է ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի հերթական նիստին, որուն մասնակցած են Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Ուզպեքիստանի, Ազրպէյճանի, Խըրխըզիստանի, Մոլտովայի նախագահները եւ Թուրքմենիստանի փոխվարչապետը:
Նախ տեղի ունեցած է խորհուրդի նեղ կազմով նիստը, այնուհետեւ քննարկումները շարունակուած են ընդլայնուած կազմով:
Վեհաժողովին ամփոփուած են ԱՊՀ ծիրին մէջ այս տարուան ընթացքին համագործակցութեան արդիւնքները եւ քննարկուած փոխադարձ գործակցութեան հետագայ զարգացման հիմնական ուղղութիւնները: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է 2020 թուականին Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակի 75-ամեակի տօնակատարութիւնները միասնաբար նշելու նախապատրաստական աշխատանքներուն: Որոշում տրուած է հրապարակելու 75-ամեակի յոբելենական միացեալ շքանշան: Նիստի ընթացքին ստորագրուած են բազմակողմ համագործակցութեան շարք մը փաստաթուղթեր: Որոշում տրուած է ԱՊՀ-ի նախագահութիւնը 2019 թուականին փոխանցելու Թուրքմենիստանին: Խորհուրդը յայտարարութիւն ընդունած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համընդհանուր հռչակագիրի ընդունման 70-ամեակին առիթով, հաստատած 2021 թուականին «ԱՊՀ-ի մշակութային մայրաքաղաք» ձեռնարկները Տաճիկիստանի մէջ իրականացնելու որոշումը, 2021 թուականը ԱՊՀ-ի մէջ յայտարարած է ճարտարապետութեան եւ քաղաքաշինութեան տարի…
ԱՊՀ յաջորդ վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ Թուրքմենիստանի մայրաքաղաք Աշխապատի մէջ` 11 հոկտեմբեր 2019-ին: Նիստի ընթացքին ստորագրուած են ընդունուած որոշումներու արձանագրութիւնները:
Նեղ կազմով նիստի ընթացքին վարչապետ Փաշինեան կարեւոր նկատած է ԱՊՀ ծիրին մէջ համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացումն ու տարբեր ուղղութիւններով կապերու խորացումը: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին համաձայն, ԱՊՀ-ի ներուժը շրջանային համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ երբեք չէ սպառած եւ անիկա օգտագործելու ուղղութեամբ անհրաժեշտ է իրականացնել համապատասխան քայլեր: «Ատիկա պիտի նպաստէ ազգային տնտեսութիւններու մրցունակութեան, քաղաքացիներու բարեկեցութեան բարձրացման, մարդասիրական կապերու զարգացման եւ մարդկային կապերու ամրապնդման», ըսած է ան:
Անդրադառնալով 2020 թուականին նշուող Յաղթանակի 75-ամեակին` վարչապետը նշած է, որ 9 մայիսը յաւերժ պիտի մնայ անկոտրում քաջութեան եւ միասնականութեան խորհրդանիշ մեր ժողովուրդներուն համար, որոնք թիկունք-թիկունքի տուած կռուած են ռազմաճակատի վրայ եւ անձնազոհաբար պայքարած յանուն ընդհանուր յաղթանակի` բերելով որոշիչ աւանդ նացիականութենէն աշխարհը ազատելու գործին: «Հայ ազգը առանձնայատուկ վերաբերմունք ունի Յաղթանակի կերտման գործին մէջ: Բանակ զօրակոչուած հայերուն կէսը չեն վերադարձած տուն այդ սարսափելի պատերազմէն: Աւելի քան 70 հազար հայ զինծառայողներ պարգեւատրուած են ռազմական պատուոյ գիրերով եւ մետալներով, անոնցմէ 100-է աւելին արժանացած են Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչումին: Այդ տօնը, ինչպէս նաեւ զոհուածներու յիշատակը բոլորիս կոչ կ՛ուղղէ Յաղթանակի 75-ամեակը նշելու ըստ արժանւոյն, միասնաբար հակազդելու պատմութիւնը վերախմբագրելու փորձերուն, նացիականութեան հերոսացման եւ նոր-նացիականութեան քարոզչութեան դէմ», ըսած է վարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեան նաեւ ընդգծած է Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի ընդունման 70-ամեակին առիթով ընդունուած յայտարարութեան կարեւորութիւնը:
«ԱՊՀ-ի մէջ կը զարգանայ տնտեսութեան եւ նորարարութիւններու, մշակութային-մարդասիրական ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը: Այդ ծիրին մէջ կը ցանկամ տեղեկացնել, որ 2019 թուականին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեղեկատուական արհեստագիտութեան համաշխարհային ֆորումը, որ պիտի դառնայ կարեւոր հարթակ աշխարհի տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներուն միջեւ գործնական եւ գիտական կապերու զարգացման համար: Կ՛ակնկալենք, որ ԱՊՀ մեր գործընկեր երկիրներու ներկայացուցիչները աշխուժ մասնակցութիւն կ՛ունենան այդ կարեւոր նախաձեռնութեան», ըսած է վարչապետը` աւելցնելով, որ Հայաստանը շահագրգռուած է մարդասիրական կապերու գործնական զարգացումով:
Փութին Եւ Փաշինեան Կարճ Զրոյց Ունեցած Են
Տուշանպէի Մէջ
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարճ զրոյց մը ունեցած են Տուշանպէի մէջ` ԱՊՀ վեհաժողովի ընթացքին:
Նաեւ` Փաշինեան – Նազարպայեւ Հանդիպում
Ղազախստանը բաց է հայկական ապրանքներու եւ պիզնեսի համար: Այս մասին ըսած է Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումին ընթացքին:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր կարգին նշած է. «Քանի մը ղազախական ընկերութիւններ ցանկութիւն յայտնած են մուտք գործելու հայկական շուկայ, ինչ որ մենք կ՛ողջունենք»:
Նազարպայեւ ընդգծած է, որ նախորդ տարուան ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը աճած է 60 առ հարիւրով: «Մենք շահագրգռուած ենք տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնումով», ըսած է ան:





