Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Զոհրապ Մնացականեան Հանդիպում Ունեցած Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Հետ

September 27, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

25 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով Նիւ Եորք գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան  լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան համաձայն, նախարար Մնացականեան անգամ մը եւս վերահաստատած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման Հայաստանի յանձնառութիւնը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ձեւաւորման կարեւորութիւնը` շեշտելով իրավիճակի սրման ուղղուած քայլերէն եւ յարձակողական հռետորաբանութենէն զերծ մնալու անհրաժեշտութիւնը:

Այս առումով նախարար Զոհրապ Մնացականեան եռանախագահներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հետ սահմանին եւ Արցախի հետ սահմանագիծին վրայ   իրավիճակի լարման պարբերական փորձերուն վրայ, որոնց պատճառով զոհուած է Հայաստանի զինուած ուժերու եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի երկու զինուոր: Թիրախաւորուած է նաեւ խաղաղ բնակչութիւնը: Նախարարը շեշտած է, որ Պաքուի այս քայլերը լրջագոյն վտանգ կը ներկայացնեն խաղաղ հոլովոյթին, յատկապէս համանախագահներու միջնորդութեամբ արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպման նախօրէին:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են ե՛ւ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման, ե՛ւ համանախագահներու օրացոյցով ներառուած յառաջիկայ այլ քայլերու շուրջ:

Նախորդը

Թրամփ Կը Ներկայացնէ Լին Թրէյսիի Թեկնածութիւնը` Իբրեւ Հայաստանի Մէջ Նոր Դեսպան

Յաջորդը

Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Հասան Ռուհանիի Հանդիպումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.