Նաքուրայի Մէջ. Արտաքին Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Հաստատեց Միջազգային Օրինականութեան Եւ Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Իր Կառչածութիւնը
Արտաքին հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Եասին Ժապերի եւ յանձնախումբի զեկուցաբեր, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ ընկերակցութեամբ երեսփոխաններ Իպրահիմ Մուսաուիի, Ալի Պեզզիի, Իպրահիմ Ազարի, Ֆուատ Մախզումիի, Ժորժ Օքէյսի եւ Քասեմ Հաշեմի, երէկ ուղղուեցաւ հարաւային Լիբանան, ուր այցելեց լիբանանեան բանակի Սուրի կեդրոնատեղին ու Նաքուրայի ՖԻՆԻԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կեդրոնը, ինչպէս նաեւ...




















