Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «Երբ Հարցը Անվտանգութեան Կը Վերաբերի, Չենք Կրնար Լռել»

Նոյեմբեր 29, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մերժուածը մերժելու, նոյն բաները կրկնելու վիճակէն պէտք է դուրս գանք, նաեւ այդ ամէնը կը համեմուի «տղայական» բառապաշարով: Այս մասին երէկ տեղի ունեցած ընտրական քարոզարշաւի  ծիրին մէջ «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:

«Եթէ ասիկա այսպէս շարունակուի, աւարտին կը դառնայ փողոցային լեզուակռիւ, եւ կիրքերը պիտի բորբոքին այն աստիճան, որ իսկապէս ատիկա անյարիր է այն նշանակալից ընտրութիւններուն, որոնց մասին մենք կը խօսինք», ըսաւ ան:

Ինչ կը վերաբերի ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի փոխադարձ մեղադրանքներուն, ապա Արմէն Ռուստամեան ըսաւ. «Նիկոլ Փաշինեանը կ՛ըսէ, որ հասարակական կարծիքի ձեռնածութիւն կը կատարուի մեր կողմէ, բայց մեծագոյն ձեռնածութիւնը իր կողմէ կը կատարուի, երբ շրջուած ձեւով կը ներկայացնէ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի ըսածը: Իսկ Հրանդ Մարգարեանի ըսածը պարզագոյն ճշմարտութիւն է, որ պէտք չէ թալանող նկատել անոնց, որոնք կարեւոր կը նկատեն ազատամարտը»: Ռուստամեան Նիկոլ Փաշինեանին կոչ ուղղեց, որ եթէ իր մտքին մէջ ինչ որ յատուկ մարդ կայ, ապա ուղիղ հասցէով ըսէ:

Արմէն Ռուստամեան ամէն պարագայի կը կարծէ, որ Նիկոլ Փաշինեանին տեղեկութիւնը սխալ փոխանցուած է:

Ան նշեց, որ անվտանգութեան հետ կապուած խնդիրներու հարցով չենք կրնար լռել:

Ըստ անոր, եթէ կը կարծեն, որ այդ ամէնը Ազրպէյճանի աչքերուն թոյլ ներկայանալու հարց է, ապա Ազրպէյճանը այդ յայտարարութիւններով չէ, որ կը տիրապետէ իրավիճակին: Ըստ Ռուստամեանի, երբ կը խօսին, կ՛ըսեն` հագուելու, ուտելու բան չունին, այսպիսով չե՞ն ըսեր, որ թուլցած բանակ ունինք, եկէք եւ յարձակեցէք:

Ան նշեց, որ ՀՅԴ-ն թալանին չէ մասնակցած, այլապէս դաշնակցական որեւէ սակաւապետի անուն կու տային, մենաշնորհ ունեցող մը կը նշէին:

Ան նշեց, որ այս մթնոլորտը, յայտարարութիւնները չեն նպաստեր բանակի մարտունակութեան:

Նախորդը

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Քննարկեց Տօնական Օրերուն Որդեգրուելիք Ապահովական Միջոցառումներն Ու Թմրամոլութեան Դէմ Պայքարելու Ծրագիրները

Յաջորդը

Խմբագրական. Գոյապահպանումէն Դէպի Զարգացում

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?