Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Յիշեցէ՛ք, Որ Բոլորէս Եւ Իւրաքանչիւրէս Կախեալ Է Հայաստանի Ապագան»

November 26, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ, յղեց հետեւեալ ուղերձը` Ազգային ժողովի ընտրութիւններու քարոզարշաւի մեկնարկին առիթով:

«Սիրելի՛ hայրենակիցներ,

26 նոյեմբերին կը սկսի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու  քարոզարշաւը:

Այս ընտրութիւնները ապրիլ-մայիսեան մեծ փոփոխութիւններէն ետք  Հայաստանի քաղաքական կեանքի կարեւորագոյն իրադարձութիւնն են, որոնց արդիւնքները շատ էական են երկրի զարգացման եւ հեռանկարներուն առումով:

Իւրաքանչիւրէս կը պահանջուին բարձր պատասխանատուութիւն եւ գիտակցութիւն` ի՛նչ պաշտօնի վրայ ալ ըլլանք, ի՛նչ կարելիութիւններ ալ ունենանք:

Ուստի կը դիմեմ պետական մարմիններուն. արժանապատուօրէն շարունակեցէ՛ք ձեր օրինական պարտականութիւններու եւ սահմանադրական պահանջներու կատարումը: Վստահ եմ, որ ազատ, հաւասար եւ օրինական ընտրութիւնները այլեւս մեր նոր պատմութեան անբաժանելի մասն են:

Կը դիմեմ ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ դաշինքներուն. յոյս ունիմ, որ մեծագոյն պատասխանատուութեամբ մօտեցած էք ձեր քաղաքական յայտերու` խումբերու եւ ծրագիրներու ձեւաւորման: Անոնք պիտի ուղենշեն Հայաստանի հետագայ զարգացման ճամբաները:

Հաւատարիմ եղէ՛ք ձեր դաւանած արժէքներուն, միաժամանակ, յարգալից ու բարեկիրթ` իրարու նկատմամբ:

Գալիք ընտրութիւններուն յաջողութիւն կը մաղթեմ մասնակից բոլոր քաղաքական միաւորներուն:

Կը դիմեմ մեր քաղաքացիներուն. ծրագիրներու քննարկման ժամանակ եղէ՛ք պահանջատէր, լսեցէ՛ք բոլորին, որպէսզի տեղեկացուած եւ գիտակցուած ձեւով կատարէք ձեր ընտրութիւնը: Կայացուցէ՛ք ձեր որոշումը Հայաստանի զարգացման ձեր պատկերացումներուն, ձեր արժէքներուն համապատասխան:

Յիշեցէ՛ք, որ բոլորէս եւ իւրաքանչիւրէս կախեալ է Հայաստանի ապագան:

Աստուած պահապան Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան, ամբողջ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներուն»:

Նախորդը

Արմէն Ռուստամեան. «Մեր Ուժը Միասնականութեան Մէջ Է»

Յաջորդը

19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցաշարք. Հոլանտա` Երեւանեան Մրցաշարքին Յաղթականը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.