Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ 142-րդ Լսարան. «Հայկական Ճարտարապետութիւնը` Այսօր. Երեւանի Կողմէ Սփիւռքահայ Ճարտարապետներու Ներգրաւման Անհրաժեշտութիւնը» Նիւթով Դասախօսութիւն

Նոյեմբեր 27, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` երկուշաբթի, 26 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 142-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Հայկական ճարտարապետութիւնը` այսօր. Երեւանի կողմէ սփիւռքահայ ճարտարապետներու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը», իսկ զեկուցաբերը` Ալեքսանտր Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկի գիտական քարտուղար փրոֆ. Աշոտ Գրիգորեան:

Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց եւ օրուան դասախօսը ներկայացուց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան: Ան դիտել տուաւ, որ ընտրուած նիւթը կը տարբերի ուրիշներէ, թէեւ մաս կը կազմէ ընդհանուր պարունակին, որովհետեւ հայկական ճարտարապետութիւնն ալ իր ընդհանուր գիծերուն մէջ ազգային արժէք է եւ անհրաժեշտ է անոր մօտենալ ազգային հարստութիւն ըլլալու մեկնակէտէն:

Ապա փրոֆ. Աշոտ Գրիգորեան հետաքրքրական կերպով ներկայացուց Երեւանի մէջ կիրարկուած ճարտարապետական տարբեր ուղղութիւնները` Թամանեանական, յետթամանեանական, խորհրդային մոտեռնիզմ եւ ներկայի վիճակը, զոր ան կոչեց փնտռտուքի, որոնումի փուլ: Ան շեշտը դրաւ այն երեւոյթին վրայ, որ պէտք է սփիւռքահայ ճարտարապետներուն մեծ ներուժն ու հարուստ փորձառութիւնը օգտագործել ժամանակակից հայ ճարտարապետութեան զարգացման եւ ապագային համար, որովհետեւ հայաստանեան ուժերը բաւարար չեն, մանաւանդ երբ աշխարհով մէկ տարածուած մարդուժ գոյութիւն ունի:

Ալեքսանտր Թամանեանի ժամանակաշրջանին մասին խօսելով` Ա. Գրիգորեան զայն նկատեց քաղաք կերտող, Երեւանին այցեքարտ տուող անձնաւորութիւն եւ աւելցուց, որ ան միջնադարեան հայ ճարտարապետութեան շատ կարեւոր արտայայտչամիջոցներ ներմուծեց, եւ ատոր շնորհիւ ունեցանք թամանեանական ոճը, ուր նաեւ կ՛երեւի ռուսական ակադեմական իր հարուստ փորձառութիւնը, որ համադրութիւնն էր եւրոպական ճարտարապետական աւանդութիւններուն:  Ըստ անոր, այդ նոյն շրջանին կար նաեւ այլ ուղղութիւն մը, որուն մասին քիչ կը խօսուի, այդ ալ նորարարական ուղղութիւնն էր, երկաթով եւ պեթոնով ճարտարապետութիւն կերտելու փորձառութիւնն էր, որ Ռուսիոյ ճամբով եկաւ Հայաստան: Փաստօրէն կային երկու ճարտարապետական խումբերը իրենց մտածողութեամբ, աշխարհաընկալմամբ, որոնք նաեւ հակասական էին երբեմն եւ բախումներու տեղի տուին, բայց եւ այնպէս երկուքն ալ կառուցեցին Երեւանը եւ զուգահեռաբար գոյատեւեցին:

Ապա ան խօսեցաւ 60-ական թուականներուն մասին, երբ ամբողջովին փոխուեցան ճարտարապետական մօտեցումները, եւ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ խորհրդային մոտեռնիզմը, որ տիրական էր մինչեւ 1990-ական թուականներ: Փրոֆ. Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ այսօր մենք ժառանգորդն ենք այս երեք ուղղութիւններուն` իրենց լաւ ու վատ կողմերով, որոնք անպայման իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենային քաղաքին վրայ: Անոր համաձայն, 1990-ական թուականներէն ետք, վերանկախացած Հայաստանի մէջ նաեւ ինքնաբերաբար ինքզինք պարտադրեց միջազգային չափանիշներով ճարտարապետութիւնը, զոր կիրարկելու համար ներմուծուեցան թէ՛ նոր շինանիւթ եւ թէ՛ նոր թեքնիք սարքեր: Այդ փուլին էր նաեւ, որ սփիւռքահայ ճարտարապետներ` Իրանէն, Պոլիսէն, Քանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Լիբանանէն եւ այլ երկիրներէ, սկսան Հայաստան գալ եւ կառուցել:

Այս բոլորին լոյսին տակ դասախօսը հարց տուաւ, թէ այս բոլոր նորամուծութիւնները որքանո՞վ ընկալելի էին, օրէնսդրութեան մէջ որքանո՞վ նկատի առնուած են այս բոլորը` դիտել տալով, որ պէտք էր համապատասխան փոփոխութիւններ կատարել` նոր պայմաններուն յարմարելու եւ աշխատանքներու ճիշդ համադրում կատարելու համար:

Աշոտ Գրիգորեան լուսարձակի տակ առաւ Հիւսիսային պողոտայի պարագան, անոր կառուցման ունեցած դրական կողմը, ինչպէս նաեւ որոշ վերապահութիւնները` հաստատելով, որ բոլոր պարագաներուն ալ, իր որոշ թերութիւններով հանդերձ, այդ պողոտան լաւ լուծում էր ու գրաւչութիւն տուաւ քաղաքին: Ըստ անոր, ճարտարապետներու պարագային կարեւոր են ուսումնական մակարդակը, անհատին ունեցած փորձառութիւնը,  լայն մտահորիզոնները եւ տարբեր ուղղութիւններու համադրում կատարելու ունակութիւնը:

Փրոֆեսէօրը անդրադարձաւ 5000 սփիւռքահայ ճարտարապետներուն, որոնց հետ աշխատանք ծաւալելու համար անհրաժեշտ է այլընտրանքային ուսումնական նոր կեդրոն մը հիմնել, հոն համախմբել բոլոր ուժերը, նոր թափ տալ ճարտարապետութեան` աւելցնելով, որ նման կեդրոն մը կրնայ ներգրաւել նաեւ շրջակայ երկիրներէն ճարտարապետներ, որոնք կրնան օգտուիլ, ներգրաւուիլ եւ միջազգային տարողութիւն տալ կեդրոնին:

Իր խօսքի աւարտին ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է հայկական ճարտարապետական ոճն ու Հայաստանի ու արտերկրի ճարտարապետներուն փորձառութիւնը համադրել, որպէսզի կարելի ըլլայ լաւ արդիւնքներու հասնիլ` շեշտելով, որ Երեւանի զարգացումը չի կրնար կանգ առնել, պիտի շարունակուի, սակայն պէտք է ձեռք ձեռքի տալ, որպէսզի կարելի ըլլայ լաւագոյն տարբերակը գտնել եւ գոհացնել բոլոր կողմերը` պահպանելով հայկական արժէքները:

Դասախօսութենէն ետք ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

 

 

Նախորդը

Հոգեհանգիստ` Նահատակ Եւ Ննջեցեալ ՀՄԸՄ-ականներու Յիշատակին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ցաւակցական Նամակ Յղեց Իրանի Հանրապետութեան Նախագահին

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?