ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան «Երկիրն այսօր»-ի խնդրանքով մեկնաբանած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնները.
«Բանաւոր խօսքը վտանգաւոր է, եթէ սխալ կ՛օգտագործես: Այն պումերանկի տեսք ունի, կրնայ բերանէն դուրս գալ եւ վերադառնալ խօսողին: Խորհուրդ կու տայի պարոն Փաշինեանին սրբագրելու իր խօսքը, որովհետեւ Ղարաբաղի ազատամարտը պաշտպանողները աւազակներ չեն: Եթէ իր խօսքը յստակ անձի կը վերաբերի, թող խօսքը ուղղէ անձին, ապա թէ ոչ ան կը վիրաւորէ սերունդ մը, որ ամէն ինչ տուած է այս պատերազմի ընթացքին: Տուած է թէ՛ առողջութիւնը, թէ՛ ընկերները: Հարիւրաւոր ընկերներ զոհ տուած է այդ ազատամարտին: Այդ ազատամարտը պաշտպանելու գործը սրբազան գործ է:
Վստահ եմ, Նիկոլ Փաշինեանը չէ ուզած բոլորին վիրաւորել: Թող խօսքը սրբագրէ: Եթէ չսրբագրէ, վտանգաւոր է, նախ եւ առաջ իրեն համար»:
Երէկ, օրուան մէջ «Նիւզ»-ին հետ այլ զրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը, մեկնաբանելով իրեն ուղղուած Նիկոլ Փաշինեանի մեղադրանքը, թէ «մայիսէն այսօր Հայաստանին զէնք չէ մատակարարուած» արտայայտութիւնը ամօթալի է, ըսաւ. «Ես որեւէ խօսակցութեան պատրաստ եմ, բայց այդ մակարդակի արտայայտութիւններու չեմ ուզեր անդրադառնալ, ամօթ է:
Ինքը անմակարդակ զրոյց կ՛ունենայ, ես անոր պատրաստ չեմ», ըսաւ Հրանդ Մարգարեան:
Ան աւելցուց, որ աշխարհի բոլոր կեդրոններուն մէջ այս տեղեկութիւնը կայ, միայն մեր ժողովուրդը անտեղեակ է. «Իմ տեղեկութեամբ այդպէս է, երանի թէ սխալիմ, բայց այդ է իրականութիւնը»:



