Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջնորդ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Այցելեց Թրիփոլի

November 27, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 25 նոյեմբեր 2018-ին, Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցի այցելեց եւ Ս. պատարագին նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան:

Օրուան պատարագիչն էր Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ նորօծ հովիւ Սամուէլ քհնյ. Աճէմեան: Քարոզէն առաջ առաջնորդ սրբազանը ներկայացուց ծուխի նորօծ քահանայ հայրը եւ յորդորեց, որ հովիւ եւ հօտ ամբողջական գործակցութեամբ նոր փուլ թեւակոխեն եւ յաջողութիւններ արձանագրեն:

Ապա, Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ հովիւը իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց սրբազան հօր եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց հաւատացեալներուն` խոստանալով իր կարելին ի գործ դնել շրջանի հոգեւոր կեանքի աշխուժացման եւ հօտի գործունէութեան զարգացման համար:

Ս. պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ի պատիւ քահանայ հօր եւ երէցկնոջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին խօսք առաւ թաղականութեան ատենապետ Խաչիկ Ահարոնեան: Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանին աշակերտները: Իր օրհնութեան խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը:

Ապա Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, քահանայ հօր եւ շրջանի մարմիններու ներկայացուցիչներուն, այցելեց Լիբանանի աշխատանքի նախարար Մոհամետ Քապպարային եւ նախկին նախարար երեսփոխան Սամիր Ժսըրին: Հանդիպումին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու կարելիութիւնները եւ շրջանի մտահոգութիւնները:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ցաւակցական Նամակ Յղեց Իրանի Հանրապետութեան Նախագահին

Յաջորդը

Թուրքիան Մտահոգ Է Քերչի Նեղուցին Մէջ Տեղի Ունեցած Միջադէպին Առնչութեամբ

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.