Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Վարչապետ Հարիրիի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան  Կազմութեան Հարցը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Վարչապետ Հարիրիի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երէկ այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցեր: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն անհրաժեշտ նկատեց ամէնէն արագ միջոցին կազմել կառավարութիւնը` վարչապետին փոխանցելով տնտեսական կացութեան մասին քաղաքացիներուն դժգոհութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին իշխանութիւններէն անոնց ակնկալութիւնները:  

Դաւիթ Բաբայեանը` Սահմանային Լարուածութեան Մասին.  «Ի Վերջոյ Պէտք Է Հասկնանք,  Որ Մեր Դրացին Լիւքսամպուրկը Չէ»

Արցախը Կ՛ողջունէ Շփման Գիծին Մէջ Լարուածութիւնը Թուլացնելու Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Պայմանաւորուածութիւնը

Արցախի Հանրապետութիւնը շփման գիծին մէջ լարուածութեան նուազեցման վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պայմանաւորուածութիւնը կ՛ողջունէ, բայց հարցին որոշ վերապահութեամբ կը մօտենայ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան: «Եթէ քաղաքական գնահատական տանք, հետաքրքրական եւ ողջունելի զարգացում է: Այն երեք կէտերը, որոնց շուրջ պայմանաւորուած են, շատ կարեւոր են:...

ՀՅԴ Արցախի Գրասենեակին Մէջ  Հիւրընկալուեցան  Էլենի Թէոխարուսը Եւ Կիպրոսի  Խորհրդարանի Անդամները

ՀՅԴ Արցախի Գրասենեակին Մէջ Հիւրընկալուեցան Էլենի Թէոխարուսը Եւ Կիպրոսի Խորհրդարանի Անդամները

28 սեպտեմբեր 2018-ին ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակին մէջ հիւրընկալուեցան Արցախ գտնուող Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Էլենի Թէոխարուսը, Կիպրոսի խորհրդարանի անդամներ Եորկոս Փերտիկիսը, Միքայիս Կիորկալասը եւ ՀՅԴ Կիպրոսի ներկայացուցիչ Նայիրի Մուրատեանը: Արցախ հասած պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէր ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Գասպար Կարապետեան: Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները` ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի գլխաւորութեամբ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրացուցիչ...

Բաբլոյեան Եւ Նախագահ Սահակեան Քննարկած Են  Հայկական Երկու Պետութիւններու Խորհրդարաններու  Համագործակցութեան Հեռանկարները

Բաբլոյեան Եւ Նախագահ Սահակեան Քննարկած Են Հայկական Երկու Պետութիւններու Խորհրդարաններու Համագործակցութեան Հեռանկարները

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան 29 սեպտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով, քննարկուած են հայկական երկու պետութիւններու  խորհրդարաններու համագործակցութեան հեռանկարները:  

«Լիբանանահայութեան Համար Իրաւունք Է  Եւ Անշեղ Սկզբունք, Որ 30 Նախարար Հաշուող Կառավարութեան Մէջ Ներկայացուի  Երկու Նախարարներով»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Լիբանանահայութեան Համար Իրաւունք Է Եւ Անշեղ Սկզբունք, Որ 30 Նախարար Հաշուող Կառավարութեան Մէջ Ներկայացուի Երկու Նախարարներով» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ երկրին քաղաքական իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան մարզին ընդհանուր իրավիճակին եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Նախարար Կիտանեան նշեց, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան պարագային աշխատանքները կը շարունակուին, սակայն նոր ծրագիրներ իրագործելու կարելիութիւնները գրեթէ գոյութիւն չեն ունենար: «Սակայն բնաւ չենք յուսալքուիր եւ աշխատանքը կը շարունակենք, եւ ինչպէս բոլոր լիբանանցիները,...

Հաղորդագրութիւն.  ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Առիթով Հանգանակուած Է  Շուրջ 700.000 Ամերիկեան Տոլար

Հաղորդագրութիւն. ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Առիթով Հանգանակուած Է Շուրջ 700.000 Ամերիկեան Տոլար

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ուրախութեամբ եւ մեծ գոհունակութեամբ կու գայ յայտարարելու, որ 19-էն 29 յուլիս 2018-ին Երեւանի, Գիւմրիի եւ Բիւրականի մէջ իր ձեռնարկները յաջողութեամբ պսակելու համար դիմած էր իր աշխարհասփիւռ կառոյցին պատկանող ՀՄԸՄ-ական քոյրերու եւ եղբայրներու, որոնք անվերապահ իրենց նիւթական օժանդակութիւնը ցուցաբերեցին: Միութեան 100-ամեակի ծրագիրներուն եւ ձեռնարկներուն իրականացման ի նպաստ հանգանակուեցաւ շուրջ 700.000 ամերիկեան տոլար: Այս ծիրին մէջ, Կեդրոնական վարչութեան առաջարկով...

Ակնարկ.  Ռազմական Արդիւնաբերութեան  Շուկան Աշխուժ Պահելու Համար

Ակնարկ. Ռազմական Արդիւնաբերութեան Շուկան Աշխուժ Պահելու Համար

Պաշտօնական Պերլինը պարզ դարձուց, որ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ վեհաժողովը, նուիրուած սուրիական Իտլիպի իրավիճակին, պիտի կայանայ հոկտեմբերին: Վեհաժողովի այս լրատուութիւնը ինքնին կը նախանշէ, որ սուրիական հակամարտութեան գլխաւոր հանգոյցին` Իտլիպի ճակատագիրի որոշումը Թեհրան-Մոսկուա առանցքէն կը տեղափոխուի միջազգային հարթութիւն` նկատի ունենալով, որ այսպիսով բանակցութիւններուն մէջ կը ներգրաւուին Եւրոպայի ամէնէն հզօր պետութիւնները եւս: Պէտք չէ շտապել նկատելու համար Ուաշինկթընի բացակայութիւնը: Անգարան իր...

Փաշինեանն Ու Ալիեւը Համաձայնած Են  Սահմանագիծին Մէջ Լարուածութիւնը Նուազեցնելու  Եւ Միջադէպերը Կանխելու Մասին

Փաշինեանն Ու Ալիեւը Համաձայնած Են Սահմանագիծին Մէջ Լարուածութիւնը Նուազեցնելու Եւ Միջադէպերը Կանխելու Մասին

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տուշանպէի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է սահմանագիծին մէջ լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ միջադէպերը կանխելու վերաբերեալ: «Արմէնփրես»-ի   հաղորդումով, այս մասին վարչապետը ըսած է «ֆէյսպուք»-ի ուղիղ եթերի ժամանակ: «Այս անգամ որոշակի առարկայական խօսակցութիւն տեղի ունեցաւ եւ անոր հիմամբ մենք քանի մը կարեւոր կէտեր արձանագրեցինք: Պայմանաւորուեցանք, որ մեր պաշտպանութեան նախարարներուն յանձնարարութիւն տանք, որ վերջիններս...

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տուշանպէի Մէջ  Մասնակցած Է ԱՊՀ Մասնակից Պետութիւններու  Ղեկավարներու Խորհուրդի Հերթական Նիստին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տուշանպէի Մէջ Մասնակցած Է ԱՊՀ Մասնակից Պետութիւններու Ղեկավարներու Խորհուրդի Հերթական Նիստին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տաճիկիստանի մայրաքաղաք Տուշանպէի մէջ մասնակցած է ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի հերթական նիստին, որուն մասնակցած են Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Ուզպեքիստանի, Ազրպէյճանի, Խըրխըզիստանի, Մոլտովայի նախագահները եւ Թուրքմենիստանի փոխվարչապետը: Նախ տեղի ունեցած է խորհուրդի նեղ կազմով նիստը, այնուհետեւ քննարկումները շարունակուած են ընդլայնուած կազմով: Վեհաժողովին ամփոփուած են ԱՊՀ ծիրին մէջ այս տարուան ընթացքին համագործակցութեան արդիւնքները եւ քննարկուած փոխադարձ գործակցութեան հետագայ...

Նախագահ Բակօ Սահակեան Այցելած Է  ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կեդրոն

Նախագահ Բակօ Սահակեան Այցելած Է ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կեդրոն

28 սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ  Սահակեան այցելած է ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոն: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին հետ հանդիպումի ընթացքին միտքերու փոխանակում տեղի ունեցաւ Արցախի ներքաղաքական իրավիճակին շուրջ: Հանդիպումը անցաւ փոխըմբռնումի մթնոլորտի մէջ, ճշդուեցան շարք մը սկզբունքներ` հետագայ համագործակցութեան համար:  

Լեւոն Զաքի Ետալեանի  «Գործ Եւ Գանձ» Գիրքի Շնորհահանդէս

Լեւոն Զաքի Ետալեանի «Գործ Եւ Գանձ» Գիրքի Շնորհահանդէս

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանին եւ կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին, երէկ` ուրբաթ, 28 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն Զաքի Ետալեանի «Գործ եւ գանձ» գիրքին շնորհահանդէսը: Բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի ապագայ լրագրողներուն Ռուբէն Խաչատուրեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց ի տես այն իրողութեան, որ «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածները հատորներու մէջ ամփոփուելով ի լոյս կ՛ընծայուին:...

Մնացականեան Եւ Մամետեարով  Համաձայնած Են Շարունակել Երկխօսութիւնը

Մնացականեան Եւ Մամետեարով Համաձայնած Են Շարունակել Երկխօսութիւնը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ 26 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը, որուն ներկայ եղած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք: Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, հանդիպումը սկսած է նախ ընդլայնուած ձեւաչափով, ապա արտաքին գործոց նախարարները առանձնազրոյց ունեցած են: Հայաստանի...

Արցախի Բերձոր Եւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ  Քաղաքներու Միջեւ Վերաստորագրուած Է  Բարեկամութեան Հռչակագիրը

Արցախի Բերձոր Եւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ Քաղաքներու Միջեւ Վերաստորագրուած Է Բարեկամութեան Հռչակագիրը

25 սեպտեմբերին Արցախ կը գտնուէր Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի քաղաքապետ Միշել Ժերշինովիչի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այցելութեան նպատակը Արցախի Հանրապետութեան Բերձոր եւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքներուն միջեւ 20 նոյեմբեր 2017-ին  տեսակապի միջոցով նախաստորագրուած բարեկամութեան հռչակագիրի վերաստորագրումն էր: Հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցած է 25 սեպտեմբերին Բերձոր քաղաքին մէջ. անոր ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի...

ՀՅԴ-ի Եւ Հայ Դատի Ներկայացուցիչներու  Հանդիպումը Վարչապետ Փաշինեանի Հետ

ՀՅԴ-ի Եւ Հայ Դատի Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը Վարչապետ Փաշինեանի Հետ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը 26 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար Նիւ Եորք գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: 45 վայրկեան տեւած այս հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցած խորհրդակցութիւնները կեդրոնացած են Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն, Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութեանց, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան վրայ: ՀՅԴ-ի եւ Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներու...

Նախագահ Աուն Հանդիպումներ Ունեցաւ  Կութիերեսի Եւ Նիւ Եորքի Լիբանանեան  Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Նախագահ Աուն Հանդիպումներ Ունեցաւ Կութիերեսի Եւ Նիւ Եորքի Լիբանանեան Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը փոխադրող օդանաւը երէկ երեկոյեան ժամը 9:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Նիւ Եորքի «Ճոն Քենետի» օդակայանէն թռիչք առաւ` վերադառնալու համար Լիբանան: Նախքան Նիւ Եորքէն իր մեկնումը, նախագահ Աուն հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը կը գտնուի վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտ` աւելցնելով, որ նախագահական համաձայնութեան հիմքը միջմարոնիական հաշտութիւնն ու ազգային միասնականութեան կառավարութեան շուրջ համախոհութիւնը կը մնան: Նշենք, որ նախագահ Աուն...

Լեւոն Արք. Զէքիեան Այցելեց Երեսփոխան Բագրատունիի

Լեւոն Արք. Զէքիեան Այցելեց Երեսփոխան Բագրատունիի

Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ առաջնորդ եւ Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ Լեւոն արք. Զէքիեան այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: Զէքիեան արքեպիսկոպոսին կ՛ընկերակցէր Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի Մխիթարեան միաբանութեան մեծաւոր հայր Մեսրոպ Սիւլահեան: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումը առիթ մը եղաւ արծարծելու Հայաստանի մէջ արձանագրուող փոփոխութիւնները, թրքահայութեան ներկայ իրավիճակը, Լիբանանի ազգային հասարակական կեանքը, ինչպէս...

Ակնարկ.  Արտաքին-Ներքին Նոր Հանգամանքներ` Կազմելու Համար Նոր Կառավարութիւնը

Ակնարկ. Արտաքին-Ներքին Նոր Հանգամանքներ` Կազմելու Համար Նոր Կառավարութիւնը

Լիբանանի կառավարազուրկ իրավիճակը կը թուի, որ երկիրը ընդհանուր անդամալուծման չէ առաջնորդած: Ընթացիկ հարցերու կառավարումը շարունակող նախարարներու խումբը նման կարգավիճակի մէջ թէկուզ սահմանափակ իրաւասութիւններով կը շարունակեն գործադիր իշխանութեան ընթացիկ գործունէութիւնը: Աշխուժութիւն ցոյց տուաւ խորհրդարանը, որ օրինագիծեր որդեգրելով անցում կատարեց նաեւ տնտեսութեան բարելաւման միտող օրակարգերու քննարկումին: Մինչ հանրապետութեան նախագահը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի համար Նիւ եորք կատարած իր այցելութեան շրջանակներուն մէջ միջնախագահական հանդիպումներու...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին.  Փաշինեան. «Եթէ Ազրպէյճանը Իսկապէս  Հաւատարիմ Է Խաղաղ Գործընթացին,  Պէտք Է Սկսի Երկխօսիլ Լեռնային Ղարաբաղի Հետ»

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին. Փաշինեան. «Եթէ Ազրպէյճանը Իսկապէս Հաւատարիմ Է Խաղաղ Գործընթացին, Պէտք Է Սկսի Երկխօսիլ Լեռնային Ղարաբաղի Հետ»

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծումը կը շարունակէ գերակշռել Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգին վրայ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, այս մասին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ելոյթ ունենալով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 73-րդ նստաշրջանին: «Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակը եւ անվտանգութիւնը պիտի ըլլան Հայաստանի Հանրապետութեան բացարձակ առաջնահերթութիւնները բանակցային գործընթացին: Տագնապը զինուորական ճամբով  լուծելու որեւէ փորձ ուղղակի սպառնալիք է շրջանային անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներուն համար:...

Նիկոլ Փաշինեանի  Եւ Հասան Ռուհանիի Հանդիպումը

Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Հասան Ռուհանիի Հանդիպումը

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ: Անոնք քննարկած են հայ-իրանական յարաբերութիւններու օրակարգային տարբեր հարցեր: Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են տնտեսական համագործակցութեան զարգացումը եւ նշած, որ անիկա մեծապէս կը զիջի քաղաքական երկկողմանի յարաբերութիւններու մակարդակին: Անոնք անհրաժեշտ նկատած են գործուն քայլերու ձեռնարկումը` առեւտրատնտեսական կապերու խթանման, առկայ ներուժի օգտագործման նպատակով: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ...

Page 535 of 797 1 … 534 535 536 … 797

Արխիւներ