Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջնորդական Պատգամ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 2018-ի Դրամահաւաքին Առիթով

November 29, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ հայորդիներ որ ի Լիբանան,

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինը այս տարի եւս կը հրաւիրէ լիբանանահայութիւնը իր մասնակցութիւնը բերելու մեր հայրենիքին` Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման կենսական բնագաւառին:

Հայրենիքը կը շինուի հայուն միտքով եւ բազուկով ու կը պահպանուի հայուն ուժով եւ արիւնով: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը իր հայրենանուէր անքակտելի պատկանելիութիւնը կ՛արտայայտէ աշխատանքով եւ ի պահանջել հարկին` նահատակութեամբ: Մեր պատմութիւնը լեցուն է հայրենիքի կերտման եւ պաշտպանութեան բազմաթիւ ներշնչիչ դրուագներով, ուր մանաւանդ ընդգծուած է մեր ժողովուրդին հաւաքական ներկայութիւնը: Այսօր եւս նո՛յն մարտահրաւէրին դիմաց կը գտնուինք եւ նոյն նախանձախնդրութեամբ մեր ԱՅՈ՛-ն կ՛ըսենք մեր որդիական նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը արտայայտելով Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ:

Իւրաքանչիւր հայորդի, անձնազոհութեան սկզբունքէն մղուած, պարտաւոր է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Բերքառատ Արցախ» ծրագիրը սեփականացնելու, եւ, լիբանանահայութեան պարագային, ասոր կցելու «Փոխե՛նք ներկան` կերտելու ապագան» կարգախօսը` Սպիտակի երկրաշարժի 30-ամեակի յամեցող սպիները դարմանելու համար մեր հայրենակիցներուն նորակառոյց բնակարաններ նուիրելու կոչին վեհանձնօրէն ընդառաջելով, նոյնիսկ երբ մեր ընկերային-տնտեսական վիճակը այնքան ալ փայլուն չէ:

Լիբանանահայութիւնը յաւելեալ դրդապատճառ մը եւս ունի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինի առաջադրած Գիւմրիի շրջանին մէջ չորս ընտանիք նոր բնակարաններով օժտելուն մասնակցելու, որովհետեւ մեզ կանխող անմիջական սերունդը եւս, մօտաւոր անցեալին, իբրեւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրող, խեղճ պայմաններ դիմագրաւելով թիթեղաշէն խրճիթներու մէջ ապրեցաւ եւ իր ճակտի քրտինքով քարաշէն եկեղեցի, դպրոց, ակումբ ու տուն կառուցեց եւ մեզի կտակեց:

Ականջալուր մեր մեծ ծնողներուն մշտահունչ ձայնին, եկէ՛ք հայուն վայել յանձնառութեամբ ընդառաջենք հայրենիքի յարաճուն շինութեան եւ առաւել ծաղկման` մեր երազած հայրենիքը ունենալու հեռանկարին հաւատարմութեամբ:

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

29 նոյեմբեր 2018
Պէյրութ-Լիբանան

Նախորդը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 143. Շնորհահանդէս` «Սողոմոն Թեհլիրեան-1896-1960» Եւ «Խրիմեան Հայրիկ. Գաղափարի Եւ Ազատութեան Ջահակիրը» Գիրքերուն

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.