Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ 3 դեկտեմբերին Աւստրալիոյ խորհրդարանը քննարկեց փաստաթուղթ մը, որ նուիրուած է ՄԱԿ-ի կողմէ Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին հռչակագիրի վաւերացման 70-ամեակին:
Քննարկումին ընթացքին 7 երեսփոխաններ անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան եւ պահանջեցին անոր յստակ եւ անյապաղ ճանաչումը Աւստրալիոյ խորհրդարանին կողմէ:
Իշխող եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններէ հետեւեալ 7 երեսփոխանները պահանջեցին Հայոց ցեղասպանութեան անյապաղ ճանաչումը` Թիմ Ուիլսըն, Ճիւիլըն Լիսըր, Էրիս Հէյզ, Մայքըլ Տանպի, Ճէյսըն Ֆալինսքի, Թոնի Զափիա եւ Մայքըլ Սուքըր:
Նշենք, որ հայկական արմատներով երեսփոխան Թիմ Ուիլսընի կողմէ խորհրդարանին ներկայացուած է փաստաթուղթը, որ կոչ կ՛ուղղէ «բոլոր երկիրներուն, ներառեալ` Աւստրալիոյ, ընդունելու անհրաժեշտութիւնը եւ անցեալին տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւնները ճանչնալու համար աշխատանք տանելու, որովհետեւ ատիկա կարեւոր է ապագայ ցեղասպանութիւնները կանխելու հարմար»:
Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Հայկ Գայսերեան ողջունեց երեսփոխաններուն ելոյթները` աւելցնելով, որ անոնք պիտի գան աւելնալու անցեալ յունիսին տեղի ունեցած նման քննարկումի մը ընթացքին արտայայտուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու պահանջին, որ ճամբան պիտի բանայ խորհրդարանին կողմէ պատմական այս իրողութեան ճանաչումին:
«Այս փաստաթուղթը ցեղասպանութիւն բառը կը բովանդակէ եւ զայն յստակօրէն կը կապէ Հայոց ցեղասպանութեան, որ անքակտելիօրէն կապուած է այս բառի ստեղծման հետ», շեշտեց Գայսերեան:
Յայտնենք, որ Աւստրալիոյ խորհրդարանի վերոյիշեալ քննարկումին ներկայ եղաւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:



