Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Միջին Արեւելքին Վերաբերեալ Փարիզի Համագումարին

Դեկտեմբեր 13, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2018-ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսական «Արեւելքի վտանգուած քրիստոնեաներու համակարգում»-ին (ՔՐԵՏՕ) կողմէ կազմակերպուած «Վերջ տալ Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ փոքրամասնութիւններուն դէմ կիրարկուած խտրութեան» խորագրեալ միջազգային խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան Միջին Արեւելքի քրիստոնէական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, իսլամ կրօնականներ, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի պետական ներկայացուցիչներ ու դիւանագէտներ: Խորհրդաժողովին հիմնական նպատակն էր նեցուկ կանգնիլ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն:

Սոյն խորհրդաժողովին, յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին, իր մասնակցութիւնը բերաւ Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպույեան:

Սրբազան հայրը իր արտասանած խօսքին մէջ նախ փոխանցեց վեհափառ հայրապետին ողջոյններն ու գնահատական խօսքը խորհրդաժողովի նախաձեռնութեան առնչութեամբ: Ապա ըսաւ, թէ կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր ծայրայեղականութիւնն ու անհանդուրժողականութիւնը կը պառակտեն իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութիւնը, մինչդեռ Միջին Արեւելքը միշտ եղած է տարբեր կրօններու, քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու օրրանը, ուր քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօնները դարեր շարունակ միասին ապրած են: Սրբազանը կարեւոր նկատեց Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն խաղաղութեամբ ապրելու անհրաժեշտութիւնը, ուր իւրաքանչիւր կրօնի պատկանող համայնք կը պահէ իր հաւատքն ու աւանդութիւնները, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ պատերազմներու պատճառով ստիպողաբար իրենց երկիրներէն հեռացած գաղթականները շուտով վերադառնան իրենց հայրենիքը` երաշխիքը ունենալով արժանավայել եւ ապահով կեանքի մը:

Իր օրակարգը աւարտելէ ետք, խորհրդաժողովը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ բոլոր մասնակիցները դէմ են Միջին Արեւելքի իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութիւնը խաթարող ամէն տեսակի փորձերու եւ քրիստոնեայ-իսլամ համերաշխութեան եւ համագործակցութեան պահպանումն ու ամրապնդումը կը դիտեն իբրեւ շրջանի բարօր ապագայի կարեւորագոյն երաշխիքներէն մէկը:

Յայտնենք, որ յիշեալ համագումարին կազմակերպիչները այցելած էին վեհափառ հայրապետին եւ ստացած անոր թելադրանքները` համագումարի կազմակերպութեան ու կատարելիք յայտարարութեան գծով:

Նախորդը

Ընտրութիւնները Յետեւում Են, Իսկ Ապագան` Առջեւում

Յաջորդը

Ըստ Ուքրանացի Երեսփոխանի Մը. Ուքրանիա Միացեալ Նահանգներու Հետ Կը Քննարկէ Ռուսիայէն Պաշտպանուելու Համար Ամերիկեան Ռազմակայանի Հաստատման Կարելիութիւնը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?