ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի համաձայն, արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Դաշնակցութիւնը պարտուեցաւ, որովհետեւ ժողովուրդը գնահատեց անձը, ոչ թէ գաղափարը:
«Յոյսով եմ, որ այդ անձը այդ բոլորին լաւապէս կը գիտակցի եւ հրապարակ կու գայ այնպիսի ծրագիրով եւ համապատասխան խումբով, որ նոր յուսալքութեան առիթ չյառաջացնէ», ըսած է ան:
Ռուստամեան դիտել տուած է, որ պարտութենէն չեն սրտնեղած, հակառակը` կուսակցութիւնը ազատեցաւ մեղադրանքներէն` աւելցնելով, որ խորհրդարանի պատերէն դուրս աւելի աշխուժ աշխատանք պիտի տանին, նոյնիսկ սերնդափոխութեան կը պատրաստուին: Անոր համաձայն, այլեւս մարդիկ չեն կրնար, մեղաւոր չգտնելով, Դաշնակցութիւնը մեղադրել անտեղիօրէն, հաւանաբար այսպիսով ալ ժողովուրդը շատ յստակ կը տեսնէ ո՛վ` ով է եւ Դաշնակցութեան իրական կերպարին նաեւ կը թափանցէ:
Ան հաստատած է, որ Դաշնակցութիւնը այս պարտութիւնը կ՛ընդունի` անցեալէն դասեր քաղած: «Կարեւորագոյն դասը, ըսած ենք, որ Դաշնակցութիւնը իր տեսակին եւ իր նկարագիրին համապատասխան պէտք չէ մտնէ այս կամ այն համագործակցութիւններուն մէջ, ուր առանց իրեն որոշումներ կը տրուին, եւ վերջը ի յայտ կու գայ, որ անոնց պատճառով ո՛չ միայն Դաշնակցութիւնը իր վարկանիշը կը կորսնցնէ, այլ նաեւ երկիրը չի շահիր», նշած է Արմէն Ռուստամեան:
Ան նաեւ անդրադարձած է յունուարին կայանալիք Դաշնակցութեան ընդհանուր ժողովին, որուն ընթացքին ամէն ինչ պիտի քննարկուի, վերլուծման ենթարկուի, եւ նոր էջ բացուի կուսակցութեան մարտավարութեան համար: Պատասխանելով այն հարցումին, որ Բիւրոյի ներկայացուցիչը արդեօք պիտի փոխուի՞` Ռուստամեան յայտնած է. «Ամէն ինչ կարելի է: Այդպէս ալ մարդիկ չկրցան ըմբռնել, երեւի այս նոր փուլը այդ իմաստով հասկնալի կ՛ըլլայ, որ ի զուր են Դաշնակցութեան ուղղուած այն մեղադրանքները, թէ Դաշնակցութիւնը մէկ անձի կողմէ կը ղեկավարուի, ատիկա բացարձակապէս իրականութեան հետ որեւէ աղերս ու կապ չունի: Ո՛չ Հրանդ Մարգարեանը, ո՛չ Արմէն Ռուստամեանը, ո՛չ ոեւէ մէկը Դաշնակցութեան մէջ առաջնորդելու, դրօշակը վերցուցած բոլորը իր ուզածը ընելու ստիպողութեան տակ դնելու կացութեան մէջ չէ, այդ կուսակցութիւնը չէ Դաշնակցութիւնը»:
Արմէն Ռուստամեան խօսած է նաեւ 128-ամեայ կուսակցութեան մէջ սերնդափոխութիւն կատարելու ժամանակը հասած ըլլալու համոզումին մասին: «Ես տեսայ այն ոգեւորութիւնը, որ մեր երիտասարդութեան մէջ կայ, ես տեսայ այն ոգեւորութիւնը, որ մեր շարքերուն մէջ կայ: Այսինքն, ընդհանուր գիծի առումով, գնահատումներու առումով, Դաշնակցութեան` այս փուլի հասնելու եւ եղած բոլոր խնդիրները լուծելու առումով մեծ խնդիրներ չեմ տեսներ: Վստահ եմ, կը գնահատուի այն, որ ընդհանուր ուղեգիծը ճիշդ եղած է: Պարզապէս մարտավարական փոփոխութիւններու հարցեր պիտի դրուին: Մանաւանդ հիմա կը տեսնեմ, որ երիտասարդներ կան շատ լաւ հասակ նետած, գիտակից, կը հասկնան ու կը վերլուծեն: Այնպէս որ, մեր երթը անպայման պիտի շարունակուի»:
Արմէն Ռուստամեան, թէեւ կասկածի տակ չի դներ ընտրութիւններուն արդիւնքներն ու իշխանութեան օրինականութիւնը, բայց, ըստ անոր, ժողովրդավարական ընտրութիւններուն հասնելու համար դեռ բաւական ճամբայ կայ. «Դեռ կարելի չէ խօսիլ այն մասին, որ երկրին մէջ հաստատուած է ժողովրդավարական ընտրութիւններ կատարելու աւանդութիւն: Ընտրութիւնները կրնան բնական ընթանալ` չունենալով այդ աւանդութիւնը, եթէ յայտնի է, թէ ո՛վ պիտի ընտրուի: Եւ այդ ընտրուողը իշխանութիւնն է բնականաբար, որովհետեւ կեղծիք ընողն ալ իշխանութիւնն է: Հիմնականին մէջ այդպէս եղած է ամբողջ պատմութեան ընթացքին: Ընդդիմութիւնը կեղծիքներ չ’ըներ այն աստիճանի, որ ազդէ ընտրութիւններուն արդիւնքներուն վրայ: Կրնան փորձել, բայց կը բռնուին: Միշտ ալ ժողովրդավարական առումով ընտրութիւններուն մակարդակը կը դրսեւորուի այն ատեն, երբ իշխանութիւնները մեծ վտանգ ունին կորսնցնելու իրենց իշխանութիւնը: Այդ ժամանակ կ’երեւի` ընտրութիւնները արդա՞ր են, թէ՞ ոչ»:
Ժողովուրդին մէջ մեծ յոյսեր յառաջացուցած իշխանութեան նկատմամբ թերահաւատութիւն կայ Դաշնակցութեան կողմէ: Ռուստամեան չի բացառեր, որ արտակարգ ընտրութիւններ կայանան. «Մենք շատ մեծ ակնկալութիւն տուած ենք մեր ժողովուրդին: Այդ մեծ վստահութիւնը, 70 տոկոսէն աւելի ձայն հաւաքելը նաեւ շատ մեծ պարտաւորութիւն կ’ենթադրէ: Ես քիչ թէ շատ մեր ժողովուրդը կը ճանչնամ, եւ ան կրնայ շատ արագ փոխել իր դիրքը` իշխանութիւններուն դէմ, եթէ ժողովուրդին տրուած խոստումներն ու ակնկալութիւնները արագօրէն չիրականացուին: Իշխանութեան մէջ կան մարդիկ, որոնք կը գիտակցին այս պատասխանատուութեան, բայց ես չեմ տեսներ, որ կայ այն խումբը, որ այդ մարտահրաւէրներուն եւ վտանգներուն համարժէք կրնայ գործել: Առայժմ ես այդ մէկը չեմ տեսներ»:



