Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Նահատակուած Եւ Մահացած Երախտաւորներուն Յիշատակին Հոգեհանգստեան Պաշտօն . «Հայապաշտութեան Եւ Հայրենապաշտութեան Գիտակից Մղումով Մեր Նահատակներն Ու Նուիրեալները Կենսաւորեցին Դաշնակցութեան Գործը» Կ՛ըսէ Յակոբ Հաւաթեան

December 10, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ 128-ամեակին առիթով երէկ` կիրակի, 9 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակուած եւ մահացած ընկերներու յիշատակին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Հոգեհանգստեան արարողութեան յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղում: Ծաղկեպսակներ զետեղեցին ՀՅԴ ԼԵՄ եւ ԶՈՄ, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնները եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն:

Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը նուագեց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները, որմէ ետք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց Յակոբ Հաւաթեան: Ան հաստատեց, որ նահատակութիւնը, անձնուրացութիւնը, եւ զոհողութիւնը դաշնակցական անհատի գերագոյն արժանիքներն են, եւ ոչ մէկ ուժ կայ, որ կրնայ այս արժանիքները խլել ու պոկել դաշնակցականէն, որովհետեւ անոնք իրեն էութեան մաս կազմող ու իրեն հետ մինչեւ մահ անքակտելիօրէն շաղկապուած արժանիքներ են` աւելցնելով, որ 128-ամեայ ՀՅ Դաշնակցութեան գործն ու հերոսապատումը կը վկայեն, որ նուիրումի ու անձնուրացութեան բարձր գիտակցութիւնը դարձած է միշտ Դաշնակցութեան ձեռք բերած նուաճումներու հիմնական մղիչ եւ անտեսանելի ուժը:

«Այս արժանիքներու գաղափարական կշիռը ունի խոր արմատներ եւ միշտ պատրաստ եղած է տոկալու ու դիմադրելու ամէն տեսակի սադրանքներուն, դաւադրութիւններուն եւ թշնամիի յարձակումներուն ու ներքին հարուածներուն: Ո՛չ մէկ ատեն դիւրին եղած է դաշնակցականին գործը: Աւելի՛ն, ո՛չ մէկ ատեն դաշնակցականօրէն գործելը, մտածելը ու ապրիլը եղած է սովորական ապրելակերպ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը ի՛նք սովորական պայմաններու մէջ չէ ծնած ու խաղաղ կացութիւններու մէջ չէ թիավարած: Մենք մի՛շտ ալ մեր երդումին հաւատարիմ ու ներքնապէս հաշտ մնալու համոզումով գործած ենք: Հայրենիքի ու հայութեան պաշտպանութեան սուրբ գործը դաշնակցականը մղած է գիտակից անձնուրացութեան եւ զոհաբերումի», շեշտեց Հաւաթեան` աւելցնելով, որ հայապաշտութեան եւ հայրենապաշտութեան գիտակից մղումով մեր նահատակներն ու նուիրեալները կենսաւորեցին Դաշնակցութեան գործը, ապրեցուցին անոր գաղափարական հանգանակը եւ յեղափոխիչ շունչով ու ոգիով շարժման մէջ դրին հայ կեանքը` ծառանալով ամէն տեսակի ներքին ու արտաքին անիրաւութիւններու ու սադրանքներու դիմաց:

Հաւաթեան ըսաւ, որ ներկայիս հայ կեանքը փոթորկեցնող բազում երեւոյթներու  դիմաց  այդքան ալ դիւրին չէ դաշնակցականի անշեղ ընթացքի եւ պահուածքի պահպանումը, դաշնակցականօրէն հարցերու ու կացութիւններու գնահատումը, որովհետեւ գաղափարական մօտեցումը իր տեղը զիջած է գործնապաշտութեան, ազգային շահերու պաշտպանութիւնը շատ յաճախ իր տեղը կը զիջի շուկայական սակարկութիւններու եւ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն երաշխաւորող պայքարի ոգին շատ յաճախ կը փոխարինուի միակողմանի զիջումնային վարքագիծերով: Հաւաթեան շեշտեց, որ այս ընդհանուր խառնարանին մէջ, մենք ամէն օր եւ ամէն վայրկեան պարտաւոր կը զգանք մեր հայեացքները ուղղելու մեր նահատակներուն, համակուելու անոնց շունչով ու գօտեպնդուելու անոնց վճռակամութեամբ ու կենսափորձով: Հաւաթեան ըսաւ, թէ թող ոչ ոք  համարձակի դաշնակցականի յեղափոխական ոգին խնդրոյ առարկայ դարձնել: Մեր նահատակները ա՛յդ ոգին, ամէն օր, մեր գործին ու ընթացքին մէջ քիչ մը աւելի կ՛արմատացնեն:

«Այսօր, այս պահուն, հաւատարիմ հայուն ու հողին ու անոնց կանչին, հայրենիքի մէջ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը ներկայանայ իր ժողովուրդին, կը մասնակցի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն, որպէսզի շարունակէ Ազգային ժողովին մէջ լսելի դարձնել իր խօսքը եւ իր 128-ամեայ կենսափորձը ի սպաս դնել հայրենիքի վերելքին, քաղաքական առողջ մշակոյթի ձեւաւորման, անվտանգութեան հիմերու ամրապնդման, ընկերային արդարութեան ճշգրիտ գործադրութեան, տնտեսական կայուն հիմերու ստեղծման եւ վերջապէս բազում անձնուրացներու թանկ արեամբ ու կեանքով կերտուած արցախեան յաղթանակի պահպանման ու համահայկական ազգային տեսլականներու հետապնդման», ըսաւ Յակոբ Հաւաթեան եւ շեշտեց, որ ներկայիս

ժողովուրդ-կուսակցութիւն անքակտելի կապը ամուր է. որքան ալ ներքին կամ արտաքին ուժեր փորձեն Դաշնակցութիւնը օտարացնել իր ժողովուրդէն, այդ փորձերը ի սկզբանէ դատապարտուած են ձախողութեան:

«Հաւաքուած ենք այսօր խոնարհելու ձեր անփոխարինելի վաստակին դիմաց, ականջալուր դառնալու ձեր պատգամներուն եւ վերանորոգելու դաշնակցականի նուիրական ուխտը` անմնացորդ ծառայելու մեր պաշտելի հայրենիքին ու աննման ժողովուրդին: Եւ այս պայքարին մէջ կը մնանք անբասիր, ոչ ոքի կ՛արտօնենք ցեխ խառնելու մեր մաքուր պայքարին եւ անկեղծ զինուորի կարգապահութեան, ու յանձնառութեան ամբողջական գիտակցութեամբ կու գանք ուխտելու շարունակել ձեր սուրբ գործը` ի խնդիր մեր մեծ երազներու իրականացման: Երազներ, որոնց համար դուք չսակարկեցիք ձեր թանկագինը», եզրափակեց Հաւաթեան:

Աւարտին բոլոր ներկաները երգեցին «Վէրքերով լի» երգը:

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբը «Կամաւորներու Օր» Ձեռնարկով Արժանի Յարգանք Ընծայեց Բազմահարիւր ԼՕԽ-ականներուն

Յաջորդը

«Պալքաններու Մէջ ՕԹԱՆ-ի Եւ Եւրոպական Միութեան Ներկայութեան Ընդլայնումը Կ՛առաջնորդէ Եւրոպայի Ապակայունացման» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.